Ֆրանսախօս Երկիրներու Գագաթնաժողովին Նուիրուած Գեղաթերթիկի Մարում`

08 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ֆրանսախօս Երկիրներու Գագաթնաժողովին Նուիրուած Գեղաթերթիկի Մարում` Զոհրապ Մնացականեանի եւ Միշէլ Ժանի Մասնակցութեամբ

Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովի ծիրէն ներս Հոկտեմբեր 9ին Կարէն Դեմիրճեանի մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ մէկ նամականիշով գեղաթերթիկի մարման արարողութիւն: Նամականիշը նուիրուած է «Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովը Երեւանի մէջ» թեմային:

Գեղաթերթիկի մարումը իրականացուցին ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան, Ֆրնասախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միշէլ Ժան, ՀՀ կապի ու տեղեկատուութեան նախարար Յակոբ Արշակեան ու «Հայփոստ Թրաստ Մենեջմենթ»ի խորհուրդի նախագահ Խուան Փապլօ Քէշիճեան:

Նամականիշը կը ներառէ հատուած մը գեղաթերթիկի վրայ պատկերուած  ֆրանսահայ ականաւոր նկարիչ Ժան Գառզուի (Գառնիկ Զուլումեան) «Բեռնամբարձիչ նաւեր» (1983) եւ մեծանուն հայ նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի «Հայաստան» (1923) կտաւներէն: Գեղաթերթիկի վրայ նաեւ պատկերուած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթնաժողովի նշանակը եւ «Ապրել միասին» կարգախօսը` հայերէն եւ ֆրանսերէն:

Մէկ նամականիշով գեղաթերթիկը ունի 870 ՀՀ դրամ անուանական արժէք: Անիկա տպագրուած է Ֆրանսայի «Cartor» տպագրատան մէջ` 12.000 տպաքանակով: Գեղաթերթիկի ձեւաւորողներն են Վահագն Մկրտչեանը եւ Աննա Բաղդասարեանը:

yerakouyn.com/2018/10/08/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail