09 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ֆրանսախօս երկիրներու աւանը մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու հանդիպման վայր եւ խաչմերուկ է: Հոկտեմբեր 9-ին, Երեւանի մէջ կայացաւ աւանի պաշտօնական բացումը:
«Հիւրընկալելով ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովը՝ մեր մայրաքաղաքի հազարամեայ պատմութեան էջերը զարդարուեցան եւս մէկ բացառիկ եւ գեղեցիկ իրադարձութեամբ: ֆրանսախօս երկիրներու աւանը մէկ յարկի տակ կը միաւորէ աշխարհի 5 ցամաքամասերէն տասնեակ երկիրներ՝ իրենց մշակութային բազմազանութեամբ: ՖՄԿ-ն կը գործէ ի նպաստ խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան, անդամ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան զօրացման: Այս ամենուն վառ ապացոյցն է «Ապրիլ եւ ստեղծել միասին» կարգախօսը եւ այս կարգախօսին ներքոյ կազմակերպուած գեղեցիկ աւանին գոյութիւնը: Անիկա խաչմերուկ եւ հանդիպման վայր է մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու համար: Անիկա, կարծես, նուէր ըլլայ մեր 2800-ամեայ մայրաքաղաքին, իր բնակիչներուն եւ զբօսաշրջիկներուն համար»,- ըստ Armenpress.am-ի՝ ըսած է Երեւանի քաղաքապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Կամօ Արէյեան:
Ան աւանը համարեց մէկ վայրի մէջ ողջ ֆրանսախօս աշխարհի գեղեցկութեան եւ բազմազանութեան հանդիպելու բացառիկ հնարաւորութիւն:
Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միքայէլ Ժանի անունով աւանի բացման մասնակցեցաւ ՖՄԿ-ի համակարգող Ադամ Ուանը: Ան նկատեց՝ ունինք 6 օր ՝ բացայայտելու այն մշակոյթը, որ կը ներկայացնեն այստեղ բոլոր երկիրները: Ան ֆրանսախօս երկիրներու աւանը առաջին հերթին մեծ հնարաւորութիւն համարեց՝ բացայայտելու Հայաստանը, որ ընդունած եւ դիմաւորած է ՖՄԿ-ի գագաթնաժողովը եւ Ֆրանսախօս երկիրներու օրերը: «Վայելեցէք այն մշակութային բազմազանութիւնը, որ ձեզի պիտի ներկայացուի այստեղ: Ֆրանսախօս երկիրները հնարաւորութիւն կու տան տարբեր մշակոյթներու իրենց ողջ բազմազանութեամբ ներկայանալու՝ առաջին հերթին Հայաստանին: Այսօր ողջ ֆրանսախօս երկիրներու աւանը բաց է բոլորին համար, որպէսզի միասին ծանօթանանք այն մշակոյթներուն, որոնք կը ներկայացուին այստեղ»,- նշեց Ադամ Ուան:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան նշեց՝ մեծ պատիւ է հիւրերը ընդունիլ Ազատութեան հրապարակին վրայ՝ միասին ազդարարելու Ֆրանսախօս երկիրներու աւանին բացումը: «Ֆրանսախօս երկիրները կրնան հպարտանալ իրենց ընտանիքով, որ ուժեղ է իր արժէքներով, որ անիկա մշակոյթներու իսկական խճանկարն է: Երեւանեան գագաթնաժողովը ֆրանսախօս երկիրներու այս գրկաբաց աւանին մէջ իր դռները բացած է երաժիշտներու, նկարիչներու, արուեստասէրներու եւ բոլոր քաղաքացիներու առջեւ, որոնք տաղաւարներու մէջ եւ նաեւ բեմէն կը ներկայացնեն իրենց ազգային մշակոյթը, աւանդոյթները: Հայաստանն ու մայրաքաղաք Երեւանը ջանք չեն խնայած հայկական աւանդական ջերմութեամբ մեր բազմաթիւ հիւրերը ընդունելու համար, որոնցմէ շատերը առաջին անգամ ըլլալով կ՝այցելեն Հայաստան: Որքան գեղեցիկ է, որ այսօր Երեւանի մէջ հաւաքուած ենք եւ կը կիսենք մեր մշակոյթը, արժէքներն ու ժառանգութիւնը մեր բարեկամներուն հետ միասին»,- ընդգծեց Մնացականեան:
Նախարարը իր երախտիքը յայտնեց աւանի բոլոր մասնակիցներուն, որոնք երկար ճանապարհ անցած են, որ խճանկարը ըլլայ ամբողջական:
Նշենք, որ Ֆրանսախօս երկիրներու աւանին նպատակն է ներկայացնել ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան մշակութային բազմազանութիւնը, որ նաեւ երեւանեան գագաթնաժողովի օրակարգին կարեւոր թեմաներէն է։ Մասնակիցներուն յատկացուած տաղաւարներուն միջոցով հնարաւորութիւն կ՝ընձեռուի ցուցադրելու ֆրանսախօս երկիրներու մշակոյթն ու կենցաղը: Այս տարի ֆրանսախօս երկիրներու աւանը կ՝իրականացուի «Ապրիլ ու ստեղծել միասին» կարգախօսով: Կը ներկայացուի մասնակից երկիրներու մշակութային եւ լեզուական ողջ բազմազանութիւնը: Պիտի ներկայացուին արհեստագործական իրեր, մասնակից պետութիւններու զբօսաշրջային հնարաւորութիւնները, արուեստի, մշակոյթի գործիչները:
Աւանը կը շարունակէ գործել մինչեւ Հոկտեմբեր 12, ժամը 12։00-20։00-ը: Մուտքը ազատ է բոլորի համար:
yerakouyn.com/2018/10/09/