Կ՝ընթանանք Լարուածութիւնը Թօթափելու Ճանապարհով. Վարչապետ Փաշինեան Նախագահ Սարգսեանի Հետ Քննարկած է Ներքաղաքական Իրավիճակին Վերաբերող Հարցեր
09 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, այսօր, հանդիպած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ:
ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ hանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին եւ զարգացումներուն, ներառեալ՝ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու իրականացման առնչուող հարցեր:
«Համաձայնած էինք մեր հեռախօսազրոյցներու, նաեւ Փարիզի մէջ մեր հանդիպման ժամանակ, որ պէտք է հանդիպինք: Հանդիպած եմ արդէն նաեւ պարոն Բաբլոյեանի հետ եւ պիտի ուզէի քննարկել ներքաղաքական իրավիճակը»,- ըսած էր ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան:
«Իսկապէս շատ կարեւոր է, որ այս իրավիճակը քննարկենք նաեւ հանրապետութեան նախագահին հետ: Ըստ էութեան, հիմա կրնամ ըսել, որ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ քանի մը իրադարձութիւն, որոնք կարծես կը տանին դէպի հանգուցալուծում: Մասնաւորապէս, երէկ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի հետ յուշագիր ստորագրեցինք՝ Դեկտեմբերին խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ իրականացնելու վերաբերեալ, եւ եւս 16 պատգամաւոր գրաւոր յայտարարութեամբ պաշտպանած են այդ նախաձեռնութիւնը: Կը կարծեմ, որ, ըստ էութեան, կ՝ընթանանք լարուածութիւնը թօթափելու ճանապարհով, որ դրական է»,- ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան.
ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան նաեւ նշած է, «Ես նոյնպէս շատ ուրախ եմ, որ սկզբունքօրէն, ինչպէս նախապէս նշած էի, ընթացքը տեղի ունենայ երկխօսութեան եւ հանդուրժողականութեան մթնոլորտի մէջ: Ուրախ եմ լսելու, որ վերջին 1-2 օրուան ընթացքին բանակցութիւններու, երկխօսութեան ճանապարհով որոշ արդիւնք ձեռք բերուած է, եւ որ հաւանաբար հանգուցալուծումը հեռու չէ: Շատ կարեւոր է, որ այդ հանգուցալուծումը տեղի ունենայ»:
>
yerakouyn.com/2018/10/09/