Մարդկութիւնը Փակած է Մեր Հայրենհանման Էջը, կը Փակե՞նք Մենք ալ, Թէ Ճիշդ Հուն կը Գտնենք

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

10 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

Յ. Պալեան

Հայ ժողովուրդի այսօրուան մեծագոյն հարցը մէկ է եւ զոյգ. Հայրենահանում եւ Հայրենադարձութիւն:

Միջազգային հանրային կարծիքին, մտաւորականութեան եւ տեղեկատուական շրջանակներու մէջ մեր կատարած աշխատանքները դրական ըլլալով հանդերձ, չեն ներկայանար քաղաքական հեռանկարային առաջադրանքով:

Այսպէս, ցեղասպանութեան փաստի միջազգային ճանաչումը բարոյականի եւ մխիթարութեան սահմաններէն դուրս չի գար, եթէ անոր առանցքին չգտնուի քաղաքական ոճիրի սրբագրութեան պահանջի հետապնդում. տեղի ունեցած է Հայրենահանում՝ ժողովուրդ մը վերջնական կորստեան մատնելու համար:

Հայրենահանումը պատմութեան մէջ արձանագրուած դէպք մը չէ, որուն մասին կը խօսուի այսօր եւ պիտի խօսուի վաղը, ան այսօր կը շարունակուող ցեղասպանութիւն է: Հետեւաբար, ան այսօր աւելի քան երէկ, պէտք է ըլլայ հայ քաղաքական միտքի առանցքին, եւ պիտի ներառնէ անոր բոլոր հետեւանքները: Ան ըլլալով հանդերձ համամարդկային հարց, իր լուծումը պիտի գտնէ աշխարհագրական այն շրջանին ուր ան տեղի ունեցած է, ուր ապրած են եւ կ’ապրին այլ ժողովուրդներ: Օրինակ, Արժանթինը, Աւստրալիան կամ Նոր Զելանտան պիտի չլուծեն հայրենահանման սրբագրութեան խնդիրը, կրնան բարոյապէս նպաստել, բայց գործուած քաղաքական չարիքի հետեւանքներու վերացման դերակատարները պիտի ըլլան ի հարկէ հայերը, բայց նաեւ Թուրքիան եւ դրացի արաբական աշխարհը, ուր ապաստան գտած են հայերը, Պարսկաստանը: Այսինքն, ճկոյթի ետին պէտք չէ թաքնուիլ. դրացի իսլամական երկիրները գլխաւոր ազդակ են հայկական հարցի լուծման համար:

Այս քաղաքական ընտրանքի յաջողութեան համար, անհրաժեշտ է անջատել ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման կրօնական նախնականութեամբ վերագրումներէ, ցոյց տալ, որ պատահածը ցեղապաշտական, ազգայնամոլական եւ ծաւալապաշտական նպատակ կը հետապնդէր, այդ պետական նպատակ էր, ոչ իսկ ազգային, քանի որ թուրք ժողովուրդը նոյնիսկ կարելի է համարել զոհը իր ղեկավարներուն, որպէս գործիք շհագործման: Թուրքը, անհատաբար, դիւրաւ կը խօսի հայուն հետ, ինչպէս կը խօսի լիբանանցիին, ֆրանսացիին, գերմանացիին կամ իտալացիին հետ, երբ պետութիւնը իր քաղաքացիներուն չի սրսկեր այն միտքը եւ զգացումը, որ անցեալի սխալը ընդունիլ եւ դատապարտել ազգային վիրաւորանք է, վիրաւորանք նաեւ իսլամական համայնքին:

Հայկական հարցի քաղաքականացումը սկսած էր արաբական աշխարհի օսմանեան կայսրութենէն ազատագրութեան հարցին զուգահեռ: Հայկական Հարցը պէտք է փոխադրել օսմանեան կայսրութենէն ազատագրուած-ազատագրուելիք ժողովուրդներու պատմութեան եւ իրաւունքի վերականգնումի հարթութեան վրայ, ոչ միայն այն երկիրներուն մէջ ուր հայկական համայնքներ կան, նաեւ հոն ուր չկան հայկական համայնքներ այդ աշխատանքը կատարելու համար, օրինակ Ալժերիա, Թունուզ, Մարոք, եւ քիչ աւելի հեռու երթալով՝ Փաքիստան, Աֆղանիստան, Ինտոնեզիա եւ այլուր:

Լաւ է Արժանթինի կամ Ուրուկուայի մէջ հայկական հարց հետապնդել, յաջողութիւններ ալ ունենալ, բայց անոնք ոչ կողմ կամ ոչ դէմ կրնան ըլլալ շրջանին իրաւունքի վերահաստատման, կամ Թուրքիան զրկել կրօնական ազդակի շահագործումով ունեցած իր նեցուկէն: Հայկական հարցի լուծման հեռնակարները կը փոխուին, երբ, օրինակ, Եգիպտոսը, Փաքիստանը, Սուրիան եւ Մարոքը ըսեն, թէ գործուած է պատմական ծանրակշիռ ոճիր եւ սխալ, եւ վասն աշխարհի խաղաղութեան եւ ազգերու միջեւ բարի յարաբերութիւններու, սխալները պէտք է սրբագրուին եւ արդարութիւն հաստատուի:

Այս բարձրամակարդակ վերաբերումը ցուցաբերած է իսլամ Ֆայէզ Էլ-Ղոսէյն, որ եղած է օսմանեան բանակի սպայ եւ ականատես վկայ, որ պեւիներու ցեղապետ էր եւ իրաւաբան: Անոր խօսքը, ոչ հայու, ոչ ալ միսիոնարի խօսք է, իսլամական երկիրներու մէջ հարկ է տարածել այդ խօսքը: Ինչ որ ան կ’ըսէ, ոչ անցեալի եւ ոչ ալ ժամանակակից քաղաքագէտի խօսքի աճպարարութիւն է:

«Այս ոճիր մըն է, զոր կը դատապարտէ մարդկութիւնը, իսլամը եւ բոլոր մահմետականները: Բոլոր անոնք որոնք չեն գիտեր ճշմարտութիւնը, պիտի չվարանին պատասխանատուութիւնը վերագրելու կրօնական մոլեռանդութեան»:

Ուրեմն իսլամական եւ արաբական աշխարհը պիտի գիտնայ, որ գործուած ոճիրը ոչ հեռուէն եւ ոչ ալ մօտէն կապ ունէր կրօնի հետ, եւ աւելի վատ, ան պէտք է գիտնայ, որ թուրք պետութիւնը չարաշահած է կրօնական ազդակը, հրահրելով կրօնական մոլեռանդութիւնը:

Աւելին: Իր կրօնքի պատուիրաններուն քաջատեղեակ մահմետական իրաւաբան Ֆայէզ էլ-Ղոսէյն, պատմութեան առջեւ եւ վասն իր կրօնին, կ’ամբաստանէ Թուրքիան: Այս ամբաստանութիւնը հարկ է դարձնել իսլամական զանգուածներուն, նաեւ թուրքերու, սեփականութիւնը: Կ’ըսէ.

«Ներելի չէ թոյլ տալ այս յոխորտացող թուրքերուն, որոնք կը յաւակնին ըլլալ Իսլամի եւ խալիֆայութեան պաշտպանները, դէմ երթալ Աստուածային եւ Ղուրանի Օրէնքին, Մարգարէի պատուիրաններուն, Մարդկութեան զգացումներուն: Կը վկայակոչեմ զԱստուա՛ծ: Իրենց արարքները ահաւոր են եւ չեն կրնար գործադրուած ըլլալ ոչ մէկ քաղաքակիրթ ազգի կողմէ»*:

Հետեւելով Ֆայէզ էլ Ղոսէյնի օրինակին, օր մը, միջազգային բեմէն, կրնա՞յ պատահիլ որ իսլամ ղեկավար մը, պետական ներկայացուցիչ մը, յանուն իր ժողովուրդին եւ անոր արժանապատուութեան, խօսի եւ պահանջէ, որ գործուած անարդարութիւնը սրբագրուի, վերականգնին հայոց եւ հայ ազգի իրաւունքները: Այդ իրաւունքները ցեղասպանութեան մխիթարական ճանաչումէն աւելին են:

Պարզ պէտք է ըլլայ որ հայրենահանուած հայութիւնը, նոյնիսկ երբ հայրենահանուածները այլեւս չկան, իրենց մահկանացուն կնքած են հայրենազրկուածի աքսորին մէջ, անոնց զաւակները, թոռները, ժառանգները հաւաքաբար վերստին տէր պէտք է դառնան իրենց հայրենիքին: Իրաւունքի վերականգնումը անհատին չի վերաբերիր, այլ հայրենահանուած ժողովուրդին:

Մեզ ուրախացնող զանազան երկիրներու կողմէ կատարուած ճանաչումներէ անդին քայլ պէտք է նետել եւ կարծրատիպերը յաղթահարելով, Հայկական Հարցը փոխադրել քաղաքական դաշտ, ուր կան Հայերն ու Հայաստանը, Թուրքիան եւ թուրքերը, իսլամ ժողովուրդները եւ իսլամական պետութիւնները:

Ըսի՝ Հայկական Հարց, շրջանցելով ցաւի ճիչերը եւ ցերեկ մը տեւող մխիթարութիւնները:

Այսինքն, հրացանը կրող ուսը փոխել: Հայ Դատի խորհրդաժողովներ գումարել Եգիպտոս, Մարոք, Սինկափուր, Պաղտատ, տեղացի քաղաքական գործիչներու եւ մտաւորականներու մասնակցութեամբ:

Թերեւս այս ձեւով Հայկական Հարցը զգացականէ կը փոխադրուի փոխադարձ հասկացողութեան եւ լուծման դաշտ:

Հայկական Հարցի հետապնդումն ալ կը դադրի զգացական եւ համայնքային-համայնքներու խնդիր ըլլալէ:

Ճիշդ հասցէով՝ քաղաքականութիւն կը վարենք:

Այս՝ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

yerakouyn.com/2018/10/10/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail