Վանդալութիւն Վրաստանի Մէջ Հայոց Պատմական Եկեղեցւոյ Նկատմամբ

09 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ԿՐՕՆԱ-ՄՇԱԿՈՅԹԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐ:

Վրաստանի մէջ տարբեր պատճառներով կը շարունակուին դարերու ընթացքին Հայ համայնքին կողմէ կառուցուած եկեղեցական շինութիւններէն հայկական հետքը վերացնելու գործողութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ Armenianchurch.ge-ն։

Դեռ 2014 Դեկտեմբեր 10-ին, Վրաստանի այն ժամանակուան վարչապետ Իրագլի Ղարիպաշվիլիին ուղղուած թիւ 1-207 նամակին մէջ, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի կողմէ ներկայացուած էր Վրաստանի տարածքին գոյութիւն ունեցող հայոց եկեղեցիներուն ցուցակը, ուր ընդգրկուած էր նաեւ Դիղոմի գիւղի «Սուրբ Կարմիր Կիրակի» անունով հայկական եկեղեցին, կառուցուած  19-րդ դարու կէսերուն: Եկեղեցին գործած է մինչեւ խորհրդային կարգերու հաստատուիլը: Այնուհետեւ զրկուած է իր գործառոյթը իրականացնելու հնարաւորութենէն: Եկեղեցին մինչեւ օրս կը գտնուի կանգուն վիճակի մէջ:

Դեռ 2003-ին, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան՝ երջանկայիշատակ արխիւագէտ Սարգիս Դարչինեանի ուղեկցութեամբ այցելած է վերոնշեալ եկեղեցին, ականատես եղած պահպանուած հայատառ արձանագրութիւններու կամ գրութիւններու եւ որմնանակարներու հետքերուն, որոնք կը հաւաստիացնեն եկեղեցւոյ հայկական ըլլալուն մասին: Թեմակալ առաջնորդը աղօթք բարձրացուցած է եւ շարական հնչեցուցած պատմական եկեղեցւոյ մէջ:

Ցաւօք, վերջին ժամանակաշրջանին, մեզի անյայտ անձերու կողմէ վերստին սկսած են հայկական հետքի վերացման բարբարոսական գործողութիւնները: Հերթական վանդալութեան հետեւանքով ոչնչացուած են սոյն եկեղեցւոյ հայկական պատկանելութիւնը հաստատող որմնանկարները, որոնք ծածկուած են գաճի ծածկոյթով, կամ ոչնչացուած՝ փորելով:

Վիրահայոց թեմը բարձր կը գնահատէ ինչպէս հայ, այնպէս ալ այլազգ անհատներու եւ կառոյցներու մտահոգութիւնը, նման վայրագութիւններու դէմ բարձրացուցած իրենց ձայնը եւ կոչ կ՝ընէ նման իրավիճակներու ժամանակ ոչ միայն դիմել առաջնորդարան, այլեւ պետական համապատասխան մարմիններու ուշադրութիւնը հրաւիրել Վրաստանի մէջ յուշարձաններու ոչնչացման այս պախարակելի աւանդոյթին դէմ:

Վիրահայոց թեմը, այս արարքը կը գնահատէ իբրեւ Վրաստանի մէջ հայկական պատմա-մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ վանդալութեան դրսեւորում, կը դատապարտէ նման քայլերը՝ հրաւիրելով իշխանութեան պատկան մարմիններու ուշադրութիւնը եւ համապատասխան քայլերու ձեռնարկումը:

yerakouyn.com/2018/10/09/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail