10 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ –:
Ֆրանսական յեղափոխութենէն ի վեր «հայրենիք»-ի ըմբռնումը մարդու եւ հողի յարաբերութենէն փոխադրուած է տեսութիւններու, տնտեսութեան, կայսերական-տիրակալութեան եւ այլ մակարդակներ: Չարչրկուած է, եւ այդպէս ալ կը շարունակուի:
Միաժամանակ, հայրենիքի մը հողին եւ շրջապատին մէջ դարերուն ընթացքին ձեւաւորուած զանազան ինքնուրոյնութիւններով բնորոշուող մարդէն, նոյն եւ տարբեր, վարդապետութիւններ եւ տեսութիւններ փորձած են վերացնել տարբերը: Բթամիտ պէտք է ըլլալ անգիտանալու համար, որ մոլորակին վրայ անցեալին եւ այսօր կան տարբերութիւններ, որոնցմով ապրած են մարդիկ եւ պիտի շարունակեն ապրիլ: Ֆրանսացի բանաստեղծ Պուալօ կ’ըսէր. «Վանեցէ՛ք բնականը, ան քառասմբակ կը վերադառնայ»:
Հայրենիքը փերեզակի կրպակ չէ, զոր կարելի ըլլայ փոխադրել մէկ փողոցէ միւսը, մէկ քաղաքէ միւսը, մէկ երկրէ միւսը:Ան սոսկ հողամաս մը չէ, որ կարելի է գնել քիչ մը ամէն տեղ` Հնդկաստան, Նոր Զելանտա, Յունաստան, Ամերիկաներ…որուն վրայ կարելի ըլլայ բամպակ աճեցնել, ոչխարի հօտեր ունենալ: Ծննդավայրն անգամ հայրենիք չէ, քանի որ ծննդավայրը պատահականութեան արդիւնք է: Ժամանակացոյցի ծինային արկած: Նաւու վրայ ծնողը չի կրնար ըսել, որ նաւը հայրենիք է:
Հայրենիքը նախահայրերու հող եւ յիշատակ է, յիշողութիւն, քանի որ հոն ծաւալած է անոնց կեանքը, զոր կը կոչենք պատմութիւն, ան գրուած ըլլայ կամ չըլլայ, որ տեւաբար մեզի պէտք է յուշէ, կը յուշէ, որ այլ մոլորակային չենք, ժառանգ եւ շարունակութիւն ենք: Այս գիտակցութիւնը զգացողութիւն է, օրուան եւ տարուան իմաստաւորում, զոր կը զգանք, եթէ այլասերած չենք, զոր այնքա՜ն լաւ կ’արտայայտեն բանաստեղծները, որոնք կը խօսին մեր փոխարէն, կ’ըսեն, ինչ որ մենք չենք յաջողիր բառի վերածել:
Հայրենիքը հայրերու հողն է, այն քուրան, ուր ապրած են, կեանք ստեղծած եւ շարունակութիւն ապահոված, յաճախ նաեւ` իրենց կեանքին գնով, մեր նախահայրերը: Անոնք դաջած են ժայռերը, սրբացուցած, առասպել դարձուցած` որպէս հետք իրենց անցքին: Անոնք այսօր կը նոյնանան մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, եթէ չենք վերածուած ծագումով հայու, եթէ հոգեպէս խեղճանալով` չենք ընդունած այն գործնապաշտութիւնը, որ ծագումով հայ ըլլալը մեր ապագան է, այսինքն` որպէս ինքնութիւն անհետացում ընկերութեան կեանքէն եւ պատմութեան բեմէն:
Հայրենիքը վարձու սենեակ չէ, որ կարելի ըլլայ փոխել, երթալ Հոնք Քոնկ, Ֆլորիտա կամ Հոնոլուլու: Հայրենիքը ո՛չ շոր է, ո՛չ ալ քսակ, որ կարելի ըլլայ շալկել, օդանաւ նստիլ եւ նոր հայրենիք փնտռել կամ նոր հայրենիք երթալ, ինչպէս լսեցի արտագաղթող մօր մը բերնէն:
ԺԹ. դարու ֆրանսացի մեծ գրող Կիւթաւ Ֆլոպեր` «Մատամ Պովարի» եւ «Սալամպօ» վէպերուն հեղինակը, մեզմէ իւրաքանչիւրը մտածելու հրաւիրող խօսք ունի: Կ’ըսէ. «Հայրենիքը կօշիկի ներբանով եւ կրունկով չի տարուիր: Հայրենիքը կը տանին, ինչ որ ալ ըսած ըլլայ Տանթոն, ներբանով եւ կրունկով եւ զայն անգիտակցաբար կը տանին սրտին հետ, փոշին մեռած նախնիներու»:
Բանաստեղծները հզօր ներիմացումով հասկցած են հայրենիքի էական նշանակութիւնը մարդու կեանքին մէջ: Երբեմն կը կարդանք այդ բանաստեղծութիւնները` հայերէն կամ օտար լեզուով, կը տարուինք բառերու եւ տողերու հմայքով` առանց զանոնք բանալու կեանքի իրականութեան եւ իմաստին վրայ:
Լամարթին` ԺԹ. դարու ֆրանսացի վիպապաշտ մեծ բանաստեղծը, չէ խօսած միայն սիրոյ եւ գողտրիկ զգացումներու մասին: Խօսած է նաեւ հայրենիքի մասին` որպէս ապրում եւ ոգեկանութիւն: Փորձեցի թարգմանել երեք քառեակներ, որոնք այնքա՜ն դիպուկ են գաղթականներու, աքսորականներու եւ վտարանդիներու հոգեկան աշխարհը զգալու եւ հասկնալու համար:
…
Ինչո՞ւ արտասանել անունը այս հայրենիքին:
Իր փայլուն աքսորին մէջ անով սիրտս դողաց,
Ան հեռուն կը թրթռայ հոգւոյս մէջ յուզուած,
Ինչպէս` ծանօթ քայլը կամ ձայնը բարեկամի:
…
Տարիներու սեւցուցած պատեր, բլուրներ, կածան արագ,
Աղբիւր` ուր հովիւներ հերթով պպզած
Կը սպասէին հազուագիւտ ջուրը կաթիլ առ կաթիլ,
Եւ սափորը իրենց ձեռքին կը զրուցէին օրուան մասին:
Հիւղ` ուր կը ճարճատէր բոցը բուխերիկին,
Երդիք, զոր ուխտաւորը կը սիրէր տեսնել մխալ:
Անհոգի առարկաներ, ուրեմն հոգի մը ունի՞ք,
Որ կը կապուի մեր հոգիին եւ կը ստիպէ սիրել:
Երբ կը դադրինք հայրենիքը լսելէ, երբ զայն կը շփոթենք կրպակի կամ վարձու սենեակի հետ, կը դառնանք իր անունը չըսող գնչու:
Այնքա՜ն կը սիրենք Եղիշէ Չարենցի անունը եւ խօսքերը, կը ծափահարենք, բայց անոր տողերու խորհուրդը կը թողունք դրան շեմին, որպէսզի յանկարծ ստիպուած չըլլանք մենք մեզի եւ մեր նախահայրերուն հաշիւ տալու:
Մենք մեզի հետ հաշտ ըլլալու եւ մենք մեզի հաշիւ տուողի պէս կրկին լսենք Չարենցի այնքան ծանօթ բանաստեղծութիւնը.
Ես իմ անուշ Հայաստանի արեւահամ բառն եմ սիրում,
Մեր հին սազի ողբանուագ լարն եմ սիրում,
Արնանման ծաղիկների ու վարդերի բոյրը վառման,
Ու նայիրեան աղջիկների հեզաճկուն պա՛րն եմ սիրում:
Սիրում եմ մեր երկինքը մուգ, ջրերը ջինջ, լիճը լուսէ,
Արեւն ամրան ու ձմեռուայ վիշապաձայն բուքը վսեմ,
Մթում կորած խրճիթների անհիւրընկալ պատերը սեւ,
Ու հնամեայ քաղաքների հազարամեայ քա՛րն եմ սիրում:
Ո՛ւր էլ լինեմ – չեմ մոռանայ ես ողբաձայն երգերը մեր,
Չե՛մ մոռանայ աղօթք դարձած երկաթագիր գրքերը մեր,
Ինչքան էլ սո՜ւր սիրտս խոցեն արիւնաքամ վէրքերը մեր –
Էլի՜ ես որբ ու արնավառ իմ Հայաստան – եա՛րն եմ սիրում:
Իմ կարօտած սրտի համար ո՛չ մի ուրիշ հէքիաթ չկայ.
Նարեկացու, Քուչակի պէս լուսապսակ ճակատ չկայ.
Աշխա՛րհ անցի՛ր, Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ.
Ինչպէս անհաս փառքի ճամբայ` ես իմ Մասիս սա՛րն եմ սիրում:
Ինչպէ՞ս Չարենցի սէրը կրնանք բաժնել, կենսագործել, չըլլալ թատրոնի հանդիսատես: Այդ սէրը փուճ է, եթէ հայրենատիրութիւն չէ: Փուճ աղմուկ է, հեռաւոր աշխարհներ երթալ եւ Արարատի գագաթը մոմ վառել, կամ` երազել Լուսաւորչի կանթեղը եւ անոնց լոյսով ու բոցով ջերմանալ:
Այսօր, աւելի քան երբեք, մեր բազմահազարամեայ պատմութեան մէջ մեզմէ իւրաքանչիւրը ընտրութիւն պէտք է կատարէ, ուզէ ընտրութիւն կատարել` առանց լեզուագարութիւններու, որպէսզի Չարենցի երկնած «սէրեր»-ը չըլլան գեղօր, գաղթականի այրած կամ չայրած սրտերու բալասան:
Իսկ ի՞նչ է այդ ընտրանքը, որ պիտի իմաստաւորէ մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքը` վերջ տալով թափառականի, գնչուի ինքնամխիթարութեան համար կրկնուող, առանց առարկայի հայրենասիրութեան-բարեսիրութեան եւ «տուրիզմ»-ին:
Ճշմարտութեան ժամը պէտք է հնչէ իւրաքանչիւր հայու համար, Հայաստան եւ սփիւռքներ:
Հոգեպարար ճառով ո՛չ ազգ կը պահուի ո՛չ ալ հայրենիք:
Այսքան ճշմարտութիւն պարտական ենք մենք մեզի, մեր ժողովուրդին, մեր պատմութեան եւ հայրենիքին:Անով պէտք է չափենք մեզմէ իւրաքանչիւրը, հայն ու հայածնունդը:
Այսինքն` համազգային քաղաքականութիւն դարձնել արտագաղթ-աղէտի դէմ պայքարը եւ անսեթեւեթ հայրենադարձութիւնը: Պարզապէս գիտնալով, որ հողը տիրոջ պէտք ունի, եւ անոր տէր կարելի չէ ըլլալ վարձկաններով:
Ինչպէս յաճախ կը կրկնեմ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի տնօրէն Ֆետերիքօ Մայորի խօսքը` վաղը միշտ ուշ է:
Այս խօսքը ինչպէ՞ս հասցնել իւրաքանչիւրին` իր յարկին տակ:
27 սեպտեմբեր 2018, Երեւան
aztagdaily.com/archives/411554