Նախագահ Արմէն Սարգսեանը` Ֆրանսախօս Երկիրներու Տնտեսական Ֆորումի Բացումին

11 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը` Ֆրանսախօս Երկիրներու Տնտեսական Ֆորումի Բացումին. «Մենք Ոչ Միայն Պատմութիւն, Մշակոյթ Ունեցող, Այլեւ Առեւտուրով Զբաղուող Ժողովուրդ Ենք»

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ մասնակցած է Ֆրանսախօս երկիրներու տնտեսական ֆորումի բացումին: Ֆորումը կը կազմակերպուի «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ` հանրապետութեան նախագահին հովանաւորութեամբ:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանին եւ կազմակերպիչներուն, անդրադարձած է տնտեսական ֆորումի Հայաստանի մէջ կազմակերպման կարեւորութեան` շեշտելով, որ Հայաստանը իւրայատուկ վայր է եւ մենք, իբրեւ պետութիւն, թէ՛ արեւելքի, թէ՛ արեւմուտքի մաս եղած ենք, միշտ եղած ենք արեւելք-արեւմուտք խաչմերուկին վրայ. նախագահը այս մասին ըսած է. «Մեր երկիրը հազարաւոր տարիներու պատմութիւն ունի: Այն քաղաքը, ուր դուք այսօր կը գտնուիք, 2800 տարեկան է: Այստեղ քաղաքակրթութիւնը արդէն 2800 տարուան պատմութիւն ունի: Մենք ոչ միայն պատմութիւն, մշակոյթ ունեցող, այլեւ առեւտուրով զբաղող ժողովուրդ ենք` դարեր շարունակ ըլլալով Մետաքսի ճամբուն վրայ: Եւ իմ երազանքս է, որ Հայաստանը ո՛չ միայն ըլլայ ֆրանսախօս երկիրներու հիանալի հասարակութեան եւ ընտանիքի մասը, այլեւ` այն երկիրը, որ կ՛օգնէ Եւրոպայի եւ Ափրիկէի ֆրանսախօս երկիրներուն, Քանատային առեւտուրով ու գործարարութեամբ զբաղիլ եւրասիական հսկայական տարածքին մէջ»:

aztagdaily.com/archives/411819

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail