10 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
“Արմենփրես”,- Աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի որդին, «Ազնաւուր» հիմնադրամի համահիմնադիր Նիքոլա Ազնաւուր հարցազրոյց տուած է Le Journal du Dimanche ֆրանսական շաբաթաթերթին . Ստորեւ հարցացրոյցը կը ներկայացնէ ամբողջութեամբ.
Le Journal du Dimanche․ յաջորդ ուրբաթ Դուք Երեւանի մէջ պիտի ներկայացնէք «Ազնաւուր» կեդրոնի ծրագիրը, զոր ձեր հօր վերջին նախաձեռնութիւններէն մէկն էր: Ի՞նչ կրնաք պատմել այս ծրագրի մասին: Ինչպէ՞ս ան ծնունդ առաւ․ ո՞րն է ատոր առաքելութիւնը:
Նիքոլա Ազնաւուր․ Այս ծրագրի գաղափարը հօրս մօտ ծնաւ տարիներ առաջ եւ մենք անիկա ձեւաւորած ենք միասին: Անոր ցանկութիւնն էր կիսուիլ մարդոց հետ իրեն համար ամենաթանկով` ֆրանսերէնով, երաժշտութեամբ եւ կինոյով: Ինձ թոյլ տամ մէջբերել Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի խօսքերը. «Ֆրանսական մշակոյթը պիտի շողայ Հայաստանի մէջ «Ազնաւուր» կեդրոնի միջոցով»:
Այդ կեդրոնի մէկ մասը նուիրուած պիտի ըլլայ անոր արուեստին, բայց աւելի շատ interactive միջավայրի, այլ ոչ թէ աւանդական թանգարանի տեսքով: Կեդրոնի այցելուներուն պիտի ողջունէ հօրս ձայնը, որ պիտի ուղեկցի անոնց հօրս կեանքի ամենանշանակալի փուլերով` ծնողներու արտագաղթէն մինչեւ անոր յաղթանակը բեմի վրայ: Բացի թանգարան ըլլալէ կեդրոնը նաեւ հանդէս պիտի գայ որպէս կրթական եւ մշակութային փոխանակումներու, քննարկումներու եւ ուսանելու վայր: Մենք մասնաւորապէս կեդրոնին մէջ պիտի առաջարկենք ֆրանսերէնի ուսուցման ձեւ` հիմնուած հօրս ստեղծագործութիւններու բառերուն վրայ:
«Ազնաւուր» կեդրոնի ամբողջական հայեցակարգն ու գաղափարը պիտի ներկայացուի լայն հանրութեան Հոկտեմբեր 11ին Երեւանի մէջ` Ֆրանսախօս երկիրներու 17րդ գագաթաժողովի ծիրէն ներս, որ առաջին անգամ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ: Հակառակ այն խոր վիշտին, որ կեդրոնը պէտք է հանդիսաւոր բանամ առանց հօրս, իմ պարտքն է յարգել անոր յիշատակը եւ ընել ամէն ինչ, որպէսզի անոր տեսլականը իրականութիւն դառնայ:
Le Journal du Dimanche․ Միասին դուք հիմնած էք «Ազնաւուր» հիմնադրամը: Կրնա՞ք ըսել` ինչ հանգամանքներու մէջ ան ստեղծուած է, ինչպիսի՞ գործունէութիւն կրնայ ծաւալել եւ որո՞նք են հիմնադրամին նպատակները:
Նիքոլա Ազնաւուր․ Հայրս խորապէս նուիրեալ մարդ էր: Մեծահոգութիւնն ու առատաձեռնութիւնը անոր կեանքի առանցքն էին եւ՛ որպէս արուեստագէտ, եւ՛ որպէս մարդ: գործը ու ժառանգութիւնը, որ ան կը ձգէ իրմէ ետք, հսկայական է: Հանրութիւնը կը յիշէ անոր նուիրուածութիւնը հայ ժողովուրդին, որ ան ցուցաբերեց 1988ի Սպիտակի ողբերգական երկրաշարժէն ետք, յատկապէս «Քեզ համար Հայաստան» նախաձեռնութեան միջոցով: Ան հաւասարապէս ներգրաւուած էր նաեւ քաղցկեղի եւ Alzheimerի դէմ պայքարելու, վերջերս մասնակցած է նաեւ Հայիթի երկրաշարժի զոհերուն օգնութեան տրամադրելուն:
Մեծ պատիւ եւ մեծ հնարաւորութիւն է վառ պահել հօրս յիշատակը հիմնադրամի միջոցով: Կը ցանկամ ընդգծել, թէ որքան զգացուած եմ վերջին օրերուն մարդոց աջակցութենէն: Սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր այն մարդոց, որոնք իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերած են թէ՛ իրենց խօսքերով, թէ՛ հիմնադրամին կատարած իրենց նուիրատուութիւններով:
Le Journal du Dimanche․ Ձեր հօր` Շառլ Ազնաւուրի համազգային յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Փարիզի Հաշմանդամներու պալատին մէջ: Դուք անմիջապէս ընդունեցի՞ք այդ գաղափարը, թէ անիկա քննարկումներու առարկայ եղած է ձեր ընտանիքին մէջ: Ի՞նչը ձեզի ստիպեց համաձայնելու: Ի՞նչ մտապահեցիք այդ հանդիսաւոր պահէն, այդ օրը հնչած ելոյթներէն, յատկապէս Հանրապետութեան նախագահի ելոյթէն:
Նիքոլա Ազնաւուր․ Հայրս հայ ներգաղթեալներու որդի էր: Իմ պապիկն ու տատիկը ամէն ինչ ըրած են ֆրանսական հասարակութեան մէջ համարկուելու համար: Սակայն ատիկա ոչ մի կերպով ազդած է Հայաստանին մեր պատկանելիութեան եւ կապուածութեան վրայ: Հայրս շատ երջանիկ պիտի ըլլար, եթէ իմանար, որ արժանացած է նման պատուի, երբ Հայաստանի ու Ֆրանսայի ղեկավարները միասին կը յարգեն իր յիշատակը Ֆրանսական հանրապետութեան համար խորհրդանշական այս վայրին մէջ:
Էմանուէլ Մաքրոնի ելոյթը շատ յուզիչ էր: Կը ցանկամ շնորհակալութիւն յայտնել նախագահ Մաքրոնին, վարչապետ Փաշինեանին եւ նախագահ Սարգսեանին մեր կողքին ըլլալու եւ հոգեհանգիստի արարողութեան մասնակցելու համար: Նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ մեր բոլոր մտերիմներուն, ներկաներուն, որոնք հաւաքուած էին անոր յարգանքի տուրք մատուցելու:
Le Journal du Dimanche․ Շատերու համար Շարլ Ազնաւուրը աշխարհի մէջ ամենայայտնի ֆրանսացի երգիչն էր: Արդեօք անոր մէջ կ՛ապրէր երկո՞ւ մարդ, որոնք պիտի տարբերակէիք․ Շարլ` հայր ու տղամարդ, եւ Ազնաւուր` ժողովրդական գործիչը: Ինչո՞վ անոնք իրարմէ կը տարբերէին։
Նիքոլա Ազնաւուր․ Հայրս գերմարդ էր: Կրնա՞ք պատկերացնել` 94 տարեկանին ինքնաթիռ նստիլ Ճափոնի մէջ երկու համերգ ունենալու համար, վերադառնալ եւ իրարու ետեւ հարցազրոյցներ ունենալ: Մինչեւ բաւական պատկառելի տարիք մը հասնիլը, ան ընդամէնը գիշերը քանի մը ժամ կը քնանար: Ան միշտ կը ստեղծագործէր` կը գրէր, երաժշտութիւն կը ստեղծէր, համերգ կու տար կամ կը շրջագայէր․․ Ան պիտի որ ապրած ըլլայ սովորական մարդու առնուազն երեք կամ չորս կեանքին համարժէք: Կը կարծեմ, որ ստեղծագործելով ապրելու այս անյագ ծարաւը անոր փոխանցուած էր իր ծնողներէն, որոնք մազապուրծ եղած էին Ցեղասպանութենէն: Այդ խոր ցնցումը կը մղէր զինք ապրելու:
Le Journal du Dimanche․ Ան բաւական շատ կ՛աշխատէր: Ինչպէ՞ս կրնար ժամանակ գտնել ընտանիքին համար համերգներու եւ ստեղծագործելու հետ միաժամանակ:
Նիկոլա Ազնաւուր․ Երբ ան երկար շրջագայութիւններու կը մեկնէր, մենք զինք շատ քիչ կը տեսնէինք, բայց ան մեզի ամէն օր կը զանգէր: Միշտ կը վերադառնար շատ նուէրներով եւ մեծ սիրով: Մենք մեծցած ենք այդպիսի միջավայրի մը մէջ եւ հասկցած ենք, որ մարդկային յարաբերութիւնները ամենակարեւորն են:
Le Journal du Dimanche․ Ան ձեզի ի՞նչ խորհուրդներ տուած է, որոնք մինչեւ այսօր ուղղութիւն կու տան ձեր կեանքին մէջ: Ձեր կարծիքով, կեանքի ո՞ր կանոնները անոր ուղեկցած են եւ թոյլ տուած դառնալ այն, ինչ ան դարձաւ:
Նիքոլայ Ազնաւուր․ Հայրս երբեք խորհուրդներ չէ տուած, նոյնիսկ իր երեխաներուն: Ան կը սորվեցնէր օրինակով: Ան մեզի սովորեցուցած է աշխատանքի եւ ճշդապահութեան կարեւորութիւնը: Անոր՝ կարեկցելու զգացումը, մարդասիրական գործունէութիւնը զիս կ՛ոգեշնչեն շարունակելու իր գործը: Իմ հօր ամենանուիրական ցանկութիւններէն մէկն էր «Ազնաւուր» հիմնադրամի շուրջ միաւորել բոլոր զայնք, որոնք իրենց մէջ կը գտնեն մարդոց հետ կիսուելու եւ բաց ըլլալու արժէքները:
Le Journal du Dimanche․ Ունի՞ք ընդհանուր երաժշտական նախասիրութիւններ:
Նիկոլայ Ազնաւուր․ Հայրս հետաքրքրուած էր երաժշտական բոլոր ժանրերով` անընդհատ փնտռելով նոր մտքեր եւ ոգեշնչում, բայց առաւելապէս կապուած էր բառերու որակին եւ ֆրանսական երաժշտութեան մեծ հեղինակներուն: Ինչ կը վերաբերի ինծի, խոստովանիմ, որ իր երգերէն բացի գրեթէ ուրիշ բան չեմ լսած: Տպաւորութիւն ունիմ, որ ան ամէն ինչ ըսած է, ամէն ինչ գրած է մարդկային զգացումներու մասին:
Le Journal du Dimanche․ Ձեզի ան ի՞նչ կը պատմէր իր կեանքէն, իր ծնողներէն, Հայաստանէն: Ինչպիսի՞ դրուագներ կը շօշափէր: Ձեզի ին՞չ սորվեցուցած է իր պատմութեան մասին:
Նիքոլայ Ազնաւուր․ Ես բախտ չեմ ունեցած ճանչնալու տատիկս եւ պապիկս, որովհետեւ անոնք մահացած էին, երբ ես դեռ չէի ծնած:
Հայրս հակուած չէր շատ խօսելու այդ մասին, թերեւս ասիկա կապ ունէր հայկական դաստիարակութենէն բխող որոշ զսպուածութեան: Բայց ան կը սիրէր մեզի պատմել հետաքրքրաշարժ պատմութիւններ իր ծնողներու մասին: Քիչ աւելի ուշ ես ատոնցմէ շատերուն մասին իմացայ` կարդալով իր գիրքերը:
Հայաստանը բացայայտած եմ իրեն հետ ճանապարհորդութիւններու ժամանակ: Առաջին անգամ, երբ այնտեղ գացի, մէկ անգամէն շատ ուժեղ զգացումով համակուեցայ: Յոյս ունիմ հաստատուելու Հայաստան` նուիրուելու համար ծրագիրներուն, որոնք հայրս նախաձեռնած էր այնտեղ:
Le Journal du Dimanche․ Ի՞նչ հասկցած էք անորմէ, եւ, ի՞նչ կը կարծէք, ան, որ այդքան հետաքրքրասէր էր երիտասարդութեան հանդէպ, ի՞նչ հասկցած կրնայ ըլլալ ձեզմէ:
Նիկոլա Ազնաւուր․ Ան շատ կը կարդար, կը հետաքրքրուէր այն ամէնով, ինչ տեղի կ՛ունենայ աշխարհի մէջ: Ան ծարաւ էր ճանապարհորդութիւններու, բացայայտումներու, կը սիրէր տեղեկատուութիւնը, լուսանկարչութիւնը եւ կ՛ուզէր փորձել աշխարհի բոլոր խոհանոցները: Ան ինծի փոխանցած է այդ հետաքրքրասիրութիւնն ու սրտաբացութիւնը: Հետաքրքրասէր մարդիկ միշտ ինչ-որ բան ունին կիսելու:
Le Journal du Dimanche․ Գիտէ՞ք` ինչո՛ւ ան ընտրած է Նիքոլայ անունը ձեզի համար:
Նիքոլա Ազնաւուր․ Ան ընտրած էր ռուսական անուններ իր վերջին երեք երեխաներուն համար` Քաթիա, Միշա, Նիկոլայ: Բայց Ֆրանսայի մէջ մարդիկ սխալ կ՛արտասանէին իմ անունը, եւ ան նախընտրեց Նիքոլան:
Le Journal du Dimanche․ Իր ո՞ր երգը կը նախընտրէք: Որ՞ն է, ըստ ձեզի, անոր առաւելագոյնս կը բնորոշէ: Լսա՞ծ էք այն երգերը, որոնք դեռ կը գրէր: Ինչի՞ մասին են:
Նիքոլա Ազնաւուր․ Ես չունիմ առանձին նախընտրած երգ, անոնք բոլորը այնքան ամբողջական են: Տարբեր երգեր ինծի կ՛ուղեկցին կեանքիս տարբեր դրուագներու մէջ` կախուած իրավիճակներէ, որոնց մէջէն կ՛անցնիմ:
Le Journal du Dimanche․ Ի՞նչ կը ցանկայիք, որ յիշուի անորմէ:
Նիքոլա Ազնաւուր․ Ամէն ինչ: Որ յիշենք անոր ստեղծածն իր ամբողջականութեամբ, այն այնքան հարուստ է` երաժշտութիւնը, ֆիլմերը, ինչպէս նաեւ իր մարդասիրութիւնն ու համամարդկային արժէքները: Ան կ՛երգէր ութ լեզուներով: Իր հանդիսատեսը շատ մեծ է, ան կրցած է յուզել սրտերը ամէնուր, ուր երգած է եւ անցնած սերունդներու մէջէն:
Le Journal du Dimanche․ Ի՞նչն է ամենաթանկը, որ ան կտակած է ձեզի: Անոր ո՞ր առարկան կը ցանկայիք պահել` որպէս յուշ:
Նիքոլա Ազնաւուր․ Մենք ընտանիքի մէջ կապուած չենք առարկաներուն: Մենք միակարծիք որոշեցինք իր անձնական իրերը նուիրել «Ազնաւուր» հիմնադրամին: Ան ընդմիշտ պիտի ըլլայ մեզի հետ, մեր սրտերուն եւ յուշերուն մէջ: Ամենաթանկ բանը, որ ան մեզի տուած է` ուրիշներուն օգտակար ըլլալու պատրաստակամութիւնն է:
Le Journal du Dimanche․ Իսկ ո՞րն էր վերջին նուէրը, որ ան ձեզի բերած է իր շրջագայութենէն:
Նիկոլայ Ազնաւուր․ Ճափոնէն ան գնած էր զուարճալի շապիկ մը իմ որդիիս` Միսաքի համար, որ ծնաւ այս տարուան Օգոստոսին: Մենք միասին նշեցինք անոր մէկամսեակը:
yerakouyn.com/2018/10/10/