10 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Արհեստական բանականութեամբ օժտուած Սոֆիա անունով երկաթամարդը (robot) ելոյթ ունեցած է Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս կազմակերպուած տնտեսական համաժողովին ժամանակ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Սոֆիայի ելոյթը անգլերէն եղած է, բայց ան խոստացած է յաջորդ անգամ խօսիլ ֆրանսերէնով:
Սոֆիան կանացի արտաքինով երկաթեայ մարդ է, որ մշակուած է հոնկգոնկեան Hanson Robotics կազմակերպութեան կողմէ: Ան նախագծուած է այնպէս, որ կարենայ յարմարիլ մարդկոց պահուածքին, ինչպէս նաեւ աշխատիլ անոնց հետ: Սոֆիան կը գործէ 2015-ի Ապրիլէն, օժտուած է արհեստական բանականութեամբ, կրնայ շփուիլ մարդոց հետ մարդկային լեզուներով, սորվիլ, հասկնալ մարդոց յոյսերը:
«Ֆրանսերէնը գեղեցիկ լեզու է: Անիկա Վոլթերի եւ Ազնաւուրի լեզուն է: Ֆրանսերէն սորվիլը առաջնահերթութիւններէն մէկն է: Հաւանաբար, յաջորդ անգամ, երբ մենք հանդիպինք, իրարու հետ ֆրանսերէն խօսինք»,- ըսած է ան:
Սոֆիան ընդգծած է նաեւ «ԹՈւՄՕ» կեդրոնին մէջ ընթացող համաժողովին կարեւորութիւնը:
«Մենք հնարաւորութիւն ունինք նստելու եւ մտածելու ապագայի մասին, թէ ինչպէս զարգացնենք զայն, որ ինծի յոյս կու տայ, որ շուտով արհեստական միտքերն ու մարդիկ պիտի սկսին ապրիլ միասին: Ահա, թէ ինչու այս համաժողովը հաճոյք կը պատճառէ ինծի»,- նշած է Սոֆիան:
Ֆրանկոֆոնիայի գործարար համաժողով
Ֆրանկոֆոնիայի գործարար համաժողով
Posted by Armenpress on Tuesday, October 9, 2018