11 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայաստանի մէջ ընթացող ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան (ՖՄԿ) գագաթաժողովը չէ վրիպած մեր հարեւաններուն ուշադրութենէն: Մասնաւորապէս, Ատրպէյճանի մէջ կը դժուարանան համակերպուելու այն իրողութեան հետ, որ Հայաստանը նման մեծածաւալ հիւրընկալութիւն կազմակեպած է: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Նշենք, որ ՖՄԿ-ն միջազգային ամենամեծ կազմակերպութիւններէն է, որ 84 անդամ ունի աշխարհի տարբեր ցամաքամասերէն: Հայաստանը երկու տարիով կը ստանձնէ ՖՄԿ-ի ղեկավարութիւնը, որ բազմաթիւ հնարաւորութիւններ կ՝ընձեռէ հայկական կողմին ինչպէս կազմակերպութեան ծիրէն ներս, այնպէս ալ կազմակերպութեան առանձին անդամներու հետ նախաձեռնողական քայլեր իրականացնելու համար, որոնք կը նպաստեն տարբեր հարցերու շուրջ յետագայ համագործակցութեան: Այս տեսանկիւնէն յատկանշական է նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու առաջին տնտեսական ֆորումի իրականացումը Երեւանի մէջ:
Միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի մէջ է աւելի քան 80 պատուիրակութիւն, ներառեալ 25-էն աւելի պետութեան ղեկավարներու միաժամանակեայ ներկայութիւնը մեծապէս կը նպաստեն Հայաստանի միջազգային հեղինակութեան բարձրացման: Այդ նոյն ծիրէն ներս պէտք է փաստել, որ գագաթնաժողովի բարեյաջող իրականացումը պիտի նպաստէ Հայաստանի՝ իբրեւ յուսալի եւ վստահելի գործընկերոջ ընկալման միջազգային հարթակի վրայ:
Եւ այս ամէնու հենքին նկատելի է նաեւ ատրպէյճանական քարոզչութեան աշխուժացում, որ նպատակ կը հետապնդէ ստուերելու Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովին կարեւորութիւնը: Մասնաւորապէս, Պաքուի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած են շարք մը թեզեր, որոնք ոչ միայն կը դիմանան որեւէ քննադատութեան, այլեւ որոշ պարագաներու ծայրայեղութիւններու կը հասնին: Ատրպէյճանի մէջ այս օրերուն կասկածի տակ կը դնեն ոչ միայն «հայ-ֆրանսական պատմական յարաբերութիւններու գոյութիւնը», այլ նաեւ կը յայտարարեն, որ Հայաստանի մէջ նման ձեռնարկի մը իրականացումը «քաղաքական ուղերձ է Ռուսիոյ, որ կ՝ակնարկէ, թէ Հայաստանը արեւմտամէտ քաղաքականութիւն կը վարէ»: Ատրպէյճանի մէջ այս օրերուն շրջանառուող այլ տեսակէտի մը համաձայն՝ «Հայաստանը ամբողջութեամբ մեկուսացուած է եւրասիական ընդելուզումէն»:
Ատրպէյճանական այս քարոզչութիւնը, բնականաբար, իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունի: Հայաստանի կողմէ իրականացուող հաւասարակշռման եւ ընդելուզման գործընթացներու փոխլրացման քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք՝ Հայաստանը չունի ընտրութեան խնդիր եւ բաց է ամրապնդելու եւ խորացնելու յարաբերութիւնները բոլոր գործընկերներու եւ բարեկամ երկիրներու հետ: Պաքուին պէտք է յիշեցնել նաեւ, որ Ֆրանսախօս երկիրներու Արեւմուտքի հետ համեմատելը եւս անհեթեթութիւն է. այդ կառոյցը կը միաւորէ տարբեր երկիրներ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերէն, ներառեալ՝ Ափրիկէէն եւ Ասիայէն:
yerakouyn.com/2018/10/11/