Հայոց Հողը Կրնայ Դառնալ Երիտասարդութեան եւ Յոյսի Խորհրդանիշ. Միքայէլ Ժան

11 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միքայէլ Ժանի կարծիքով՝ Հայաստանն ու հայոց հողը կրնան դառնալ երիտասարդութեան եւ յոյսի խորհրդանիշ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Միքայէլ Ժան նման կարծիք յայտնած է Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ գագաթնաժողովին ժամանակ ունեցած իր ելոյթին մէջ: «Հայոց հողը՝ յոյսի եւ յիշատակի հողը, կրնայ դառնալ երիտասարդութեան եւ յոյսի խորհրդանիշ, որուն իրականացումը կախուած է ձեզմէ»,- դիմելով ներկաներուն՝ նշած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարը:

Անոր խօսքով՝ Հայաստանի հողին վրայ ամէն ինչ կը պարտաւորեցնէ յիշել եւ յիշատակել: Միքայէլ Ժան շեշտած է, որ այս պահուն մտքերով Հայոց Ցեղասպանութեան բոլոր նահատակներուն հետ է, ինչպէս նաեւ այն մարդոց, որոնք յաջողած են փրկուիլ ու ողջ մնալ: «Հայաստանը այսօր կենդանի է եւ հարուստ: Հայաստանը հարուստ է իր Սփիւռքով, որ տարածուած է աշխարհի մէջ: Շառլ Ազնաւուրն ալ այդպիսի հայ մըն էր: Այսօր Հայաստանի մէջ է ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութիւնը՝ աշխարհի 5 ցամաքամասերէն: Մեզի համար մեծ երջանկութիւն է հիւրընկալուիլ այստեղ: Ամէն ինչ հայոց հողին վրայ մեզ կը պարտաւորեցնէ յիշատակելու, միեւնոյն ժամանակ ամէն ինչ մեզ կը պարտաւորեցնէ սթափ ըլլալու»,- ընդգծած է Միքայէլ Ժան:

Yerakouyn.com/2018/10/11

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail