Տեսակէտ – Հայանուն Փաշաներ Կ’ամբողջացնեն․․․Թուրքին Գործը Փակելով Սփիւռքահայ Դպրոցները

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

Բաբգէն Պօյաճեան, Ճարտարապետ,

Թորոնթօ, 15 Յունիս 2018 – azadkhosk.com:

Տարի մը առաջ պատրաստուած ներքոյիշեալ յօդուածը որոշած էի չհրատարակել, բայց ի տես Հ․Բ․Ը․Մ.ի Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու ու Դարուհի Յակոբեան աղջկանց եկրորդական եւ Լեւոն Նազարեան նախակրթարան վարժարանները փակելու որոշումներուն՝ հարկաւոր է ահազանգել որ այս կարգադրութիւնները արեւմտահայերէն լեզուին վերացման վերջին քայլերն են եւ ընդհանրապէս սփիւռքի հոգեվարքի նախանշանները:

Տարիներ առաջ հայերէնի ուսուցիչս գրած էր թէ «Անապատի մէջ ուղտերը շատ շուտ կը զգան աւազամրրիկի յառաջխաղացքը եւ կը կքին՝ զգուշացնելով վտանգին մօտենալէն»:

Իրավիճակը նոյնն է մեզի համար այսօր. աւազամրրիկը կը մօտենայ սփիւռքի հայկական դպրոցներուն: Ժամանակն է ահազանգելու, քանի դեռ կը յուսամ որ կրնանք բան մը բարեփոխել:

Ըստ ուսումնասիրութիւններու եւ հաւաստի տեղեկութիւններու, վերջին 45 տարիներուն սփիւռքի մէջ գոցուած են երկու հարիւրէ աւելի ամենօրեայ հայկական դպրոցներ: Օրինակ, լիբանանահայ եւ պոլսահայ դպրոցներուն թիւը այդ տարիներուն կէսով պակսած է, իսկ անոնց աշակերտութեան թիւը պակսած է երկու երրորդով:

Փորձեմ յիշեցնել փակուած դպրոցներէն քանի մը հատին անունները.

1- Հ․Բ․Ը․Մ-ի Դանիէլ եւ Ալիս Զարուկեան վարժարանը – Թորոնթօ,

2- Հ․Բ․Ը․Մ-ի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը – Նիկոսիա,

3- Թ․Մ․Մ-ի Արշակ Տիգրանեան վարժարանը – Լոս Անճելոս,

4- Սուրբ Խաչ Ազգային ամենօրեայ վարժարանը – Թորոնթօ:

Ասոնց աւելցնենք Հ․Բ․Ը․Մ-ի Հարաւային Ամերիկայի վարժարանները: Ամբողջ Լատինական Ամերիկայի մէջ մնացեր է Հ․Բ․Ը․Մ.ի ընդամէնը մէկ վարժարան…

Անուններուն շարքը երկար է: Հետաքրքրական է եւ նոյն ատեն՝ շատ տխուր, որ գոցուած դպրոցներուն զգալի մասը վայելած է Հ․Բ․Ը․Մ.ի հովանաւորութիւնը:

Միութեան՝ ամէն ինչ նիւթականով չափող պատասխանատուները զայն դարձուցած են հայ չարագործներու ամերիկեան միութիւն…

Բարեբախտաբար, կան պետութիւններ, որոնք անդրադարձած են հայութեան դէմ լարուած դաւին եւ արգելք հանդիսացած իրենց երկիրներու հայկական դպրոցներու կասկածելի առքուվաճառքին: Այդ ՕՏԱՐ պետութիւնները յայտնաբերած են որ Հ․Բ․Ը․Մ.ի պատասխանատուները ուրիշ բան չեն եթէ ոչ խաչագողեր, որոնց կը հետաքրքրեն միայն իրենց քսակները:

Բերեմ Պէյրութի օրինակը. Հ․Բ․Ը․Մ.ի Երուանդ Տեմիրճեան Վարժարանը մօտ 25 տարի առաջ վաճառուեցաւ շատ աննշան գումարով: Յետոյ երեւան եկաւ, որ միայն մէջի կահոյքը – գնորդին նուէր ձգուած – ունէր վաճառուածին արժէքը:

Աւելի մեծ խայտառակութիւնը ան էր, որ դպրոցը ծախելով գումարը գրպանելու իրենց աճապարանքին մէջ, Հ․Բ․Ը․Մ.ի անխելք եւ ագահ պատասխանատուները մոռցած էին նաեւ դպրոցին բացման առթիւ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին նուէր ղրկած մեծ խաչքարը՝ հայերէն արձանագրութեամբ: Շաբաթներ յետոյ երբ այդ անխելքներէն մէկը ասիկա կը յիշէ, կը ներկայանան գնորդին՝ իսլամական «Մաքասէտ» միութեան ղեկավարութեան եւ խաչքարը կը խնդրեն:

Իսլամները կը մերժեն, ըսելով, թէ իրենց համար այդ խաչքարը արուեստի գործ մըն է, ու կը յիշեցնեն որ առքուվաճառքին համաձայնագիրը ստորագրուած էր վերջնական կերպով եւ կողմերը իրարու տալիք կամ առնելիք ոչինչ ունէին:

Ականատեսներ կ’ըսեն, թէ իսլամ լաչակաւոր աղջիկներու դպրոցի վերածուած հայկական երբեմնի այդ դպրոցի մուտքին դեռ կանգնած կը մնայ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին այդ խաչքարը՝ նուիրաբերման արձանագրութեամբ…

«Թուրքը անցաւ հոսկէ» արտայայտութիւնը շատ կը յարմարի այս պարագային, այն տարբերութեամբ, որ մեր օրերու թուրքերը հայկական անուն կը կրեն եւ Հ․Բ․Ը․Մ.ի անունով հանդէս կու գան:

Ե՞րբ պիտի կարողանանք «Ալ կը բաւէ՛» ըսել այս խաչագողներուն, որոնք անուններով ծանօթ են բոլորին եւ որոնք կը վարեն ղեկավար պաշտօններ մեր համայնքներուն մէջ:

Որպէսզի հողային պահանջատիրութեան պայքարը շարունակենք, սփիւռքի մէջ պէտք ունինք նոր, երիտասարդ ոյժերու, որոնք հայրենասիրական շունչով կը դաստիարակուին այս դպրոցներուն մէջ: Երբ այս դպրոցները կը փակուին՝ այդ սերունդները ինքնաբերաբար կը յաճախեն օտար դպրոցներ եւ կը կազմաւորուին որպէս օտարամոլ երիտասարդներ, որոնց մօտ կը բացակայի հայրենասիրութեան ոգին, երբեմն՝ անոնք նոյնիսկ արհամարհանքով կը լեցուին ամէն հայկականի հանդէպ․․․

Ներողութիւն, սխալեցա՜յ. չմոռնամ ըսել, թէ այդ ոգին դեռ կայ: Այո՛, կա՛յ այդ ոգին, բայց տարուան մէջ միայն մէկ օր՝ 24 Ապրիլին, երբ ազգիս ղեկավարնե՜րը, կաթողիկոսնե՜րը եւ փաշանե՜րը յանկարծ կը յիշեն Հայկական Հարցը եւ պահանջատիրութիւնը, իսկ ուծացած կամ կիսաձուլուած հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիները ցոյցեր կ’ընեն՝ փիքնիքի երթալու պէս բան մը…

Սփիւռքի մէջ հայօրէն գոյատեւելու արմատը, նոր սերունդներ պատրաստելու հիմնական վայրը հայկական դպրոցն է: Քանի մը տասնամեակ այսպէս շարունակուելու պարագային, Հայկական Հարցն ալ պիտի չմնայ: Ամօթ կը զգամ Մեծ Եղեռնէն 100 տարի ետք այս թեմայով խօսիլը, բայց դառն իրականութիւնը կը ստիպէ այլեւս չլռել ու պոռթկալ:

Մեր ազգին փաշաները ընտրած են ջայլամի քաղաքականութիւնը՝ գլուխնին պահելով աւազի մէջ՝ ձեւացնել որ ամէն ինչ լաւ ընթացքի մէջ է: Իրենց տեսանկիւնէն, այո՛, ամէն ինչ լաւ է, քանի որ դէպի իրենց գրպանները նիւթական հոսքը կը շարունակուի առանց ընդմիջման: Իսկ եթէ առարկողներ պատահին՝ անոնց բերանները կարելի է փակել թիթեղէ մետալներով:

Մեր փաշաներուն ու անոնց հայաստանցի կեր ու խումի ընկերներուն քով սովորական երեւոյթ եղած է մետալ բաժնելը: Ամէն օր սունկի պէս կը բուսնին զանազան անուններով շքանշաններ ու մետալներ, նոյնիսկ մեր թաղին նպարավաճառը սկսած է մետալներ պարգեւել իր մշտական յաճախորդներուն:

Կար ժամանակ, երբ մետալները փառք ու պատիւ էին արժանաւոր թեկնածուներուն համար, որոնք զանոնք կը վաստակէին տասնամեակներու տքնաջան աշխատանքով. օրինակ՝ հայերէնի մեր ուսուցիչը՝ Օննիկ Սարգիսեանը 1986-ին արժանացաւ Խորհրդային Հայաստանի Լուսաւորութեան Նախարարութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»՝ այդ տարուան ՄԻԱԿ մետալին՝ իբրեւ տասնամեակներու մանկավարժական վաստակ ունեցող նուիրեալ:

Ցաւօք հիմա մետալ-շքանշան-պատուոգիրները եւ նման բաները դարձած են մարդոց լռութիւնը կամ քծնանքը գնելու միջոց մեր փաշաներուն համար՝ ստրկացնելով այդ սուտ եւ կեղծ պարգեւները ստացողները, ապահովելով անոնց լռութիւնը օրէ օր ահագնացող վտանգին դիմաց, երբեմն ալ զանոնք մղելով ծափահարելու իրենց ազգադաւ արարքներուն:

Այսօր սփիւռքը եւ սփիւռքահայ դպրոցը կը գտնուին ողբալի վիճակի մէջ:

Լաւ եւ գովելի է դպրոց կառուցելը, բայց աւելի լաւ է երբ այդ շէնքը կառուցելը լաւապէս մտածուած եւ ուսումնասիրուած է, նկատի առնուած են շրջանի հայ բնակչութեան թիւը, հայ ընտանիքներուն աճի եւ ուրիշ բնակավայրեր տեղափոխուելու միտումները: Ի՞նչ իմաստ ունի նոր դպրոցաշէնք կառուցել եթէ նոր դպրոցին դասարանները պարապ պիտի մնան կամ պիտի լեցուին …

ոչ-հայ աշակերտներով: Ասոր լաւագոյն օրինակը կու գայ Լիբանանէն, ուր անցեալ տարուան Նոյեմբերին ազգային իշխանութիւններու կառուցած «Ազգային միացեալ վարժարան»ին բացումը կատարուեցաւ մեծ աղմուկով …

առանց աշակերտի: Ըստ ազգ. իշխանութեանց յայտարարութեան, դպրոցը 2017-2018 ուսումնական տարին պիտի սկսի գործել: Արդեօք ճիշդ պիտի չ’ըլլա՞ր նախ կառուցել փոքր, բարենպաստ գիներով ու վճարման պայմաններով բնակարաններ եւ քաջալերել հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիները ընտանիք կազմելու եւ քանի մը երեխայ ունենալու, որպէսզի անոնք լեցնեն այդ դպրոցին դասարանները եւ ոչ թէ յենիլ գործող թաղային դպրոցներու աշակերտութեան թիւին վրայ, պատճառաբանելով թէ քանի մը դպրոց նոր, մէկ դպրոցի մը երդիքի տակ միաւորելով զգալի խնայողութիւն կ’ըլլայ…

Հարկաւոր է փսփսալ մեր ազգային փաշաներու ականջներուն, որ ժամանակն է բանալու քսակները եւ հարցին մօտենալու ոչ-շահաբերական ակնկալութիւններով: Հարուստներուն հետ մեր փորձը շատ դառն է. մօտիկ անցեալին երբ կարելի էր թուրքերէն տասնապատիկ արժէքով գնել այն ինչ մերն էր եւ ընդարձակել մեր երկիրին սահմանները, մենք նման խելամտութիւն չցուցաբերեցինք մեր հարուստներու անտարբերութեան եւ անձնակեդրոնութեան պատճառով, իսկ թուրքը յաջողեցաւ իր հարցերը լուծել՝ նաեւ մեր հարուստներու մեծ մասին այդ պահուածքին շնորհիւ:

Պարոնայք աղանե՛ր, էֆենտինե՛ր, պէյե՛ր եւ փաշանե՛ր, ամէն տարի ձեր թելէթոններով միլիոնաւոր գումարներ կը հաւաքէք եւ այդ գումարներով կ’օգնէք Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն (թէեւ այդ ալ հարցական է): Ինծի համար անհասկնալի է՝ եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պետականութիւն ունի, անոր ղեկավարներուն պարտքն է հոգալ քաղաքացիներուն կարիքները եւ բարելաւել անոնց կենսապայմանները եւ ոչ թէ պարարտացնել …

Մոնթէ Գարլոյի գազինօներուն եկամուտները:

Հարկաւոր է նաեւ որ հայ դպրոցին նկատմամբ հայ ծնողներուն վերաբերմունքը ըլլայ պատշաճ, անոնց նկատմամբ մօտեցումը՝ հոգատար եւ կարեկից: Հայ ծնողները հայ դպրոցին մէջ պէտք է տեսնեն իրենց զաւակներուն ապագային կերտումը: Անոնք տգիտութեամբ պէտք չէ իրենց ցանկութիւններն ու քմահաճոյքները փորձեն պարտադրել դպրոցներու պատասխանատուներուն:

Վերջիններուն դիմաց պէտք չէ իրենք զիրենք դնեն առիւծի տեղ, մինչդեռ կատու կը կտրին իրենց զաւակներուն յաճախած օտար դպրոցներու պատասխանատուներուն դիմաց:

Սփիւռքի դրամը պէտք է մնայ սփիւռքի՛ մէջ, փաշանե՛ր, եւ օգտագործուի սփիւռքի՛ կարիքներուն համար, այս պարագային՝ սփիւռքահայ դպրոցներու գոյատեւման համար: Արեւմտեան Հայաստանի հողային պահանջատիրութեան գլխաւոր իրաւատէրը սփիւռքահայութիւնն է:

Կրկնեմ՝ մեր իրաւունքներուն վերատիրանալու համար պէտք ունինք հայրենասիրական ոգիով դաստիարակուած նոր սերունդներու: Որպէսզի մեր Մեծ Երազը իրականութեան վերածենք, հարկաւոր է, որ ազգին փաշաները, կաթողիկոսները եւ մեծ ու փոքր չափի խաչագողերը հասկնան, որ ժամանակն է այդ դրամահաւաքներու գումարներով սփիւռքի մէջ ստեղծելու ձրի դպրոցական ցանց մը, որով բոլոր սփիւռքահայ երեխաները հնարաւորութիւն ունենան իրենց կրթութիւնն ստանալու այդ մատչելի հայկական դպրոցներուն մէջ:

Անշուշտ հոս չմոռնանք հայ ուսուցիչին արժանավայել վարձատրութեան հարցը եւ ոչ թէ անոր ողորմութիւն շնորհել … մեծահո՜գաբար:

Աւազամրրիկի վտանգը կը մօտենայ սփիւռքահայ դպրոցներուն եւ կը ծեծէ անոնց դարպասները:

Արդեօք պատրա՞ստ էք, փաշանե՛ր, իրականացնելու սփիւռքահայ կրթական ձրի համակարգը, թէ՞ նորէն պիտի նախընտրէք ջուր ծեծել…

azadkhosk.com/desaged8105.html

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail