ՆՈՐ ՏԵՍԱԿ ԳՈՐՇ ԳԱՅԼԵՐ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ Է Արեւմտահայոց Ազգային Համագումար»ի անունով

Վերադարձուած արխիւներ – Archives retournées – Returned Archives:lousavor-avedis.org/?p=)

ՆՈՐ ՏԵՍԱԿ ԳՈՐՇ ԳԱՅԼԵՐ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ Է Արեւմտահայոց Ազգային Համագումար»ի անունով ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արագած Ախոյեան, «Արեւմտահայոց Ազգային Համագումար»ի ներկայացուցիչ Սեւակ Արծրունի, ամերիկահայ հանրային գործիչ Ճորճ Աղճայեան
Առաջարկներ 1915-ի Ցեղասպանութեան ճանաչման, հատուցման եւ Թուրքիոյ հասարակութիւնը այս ամօթէն փրկելու վերաբերեալ

23 հունվարի, 2014 | 18:38

ankara forum pic 1ԱՆԿԱՐԱ- Արեւմտահայոց ազգային համագումարից ստացված հաղորդագրությունից տեղեկանում ենք, որ կազմակերպութեամբ Անգարայի Մտքի Ազատութեան Նախաձեռնութեան եւ Արեւմտահայոց ազգային համագումարին, 2014թ. Յունուար 18-ին, Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի Ալպա Անգարա հիւրանոցին մէջ կայացաւ Թուրքիոյ մտաւորականութեան ֆորումը, Հրանդ Տինքի սպանութեան եօթներորդ տարելիցին առիթով:

«Հրանդ Տինքի սպանութիւնը՝ 2015-ի հեռանկարին,, խորագրով սոյն ֆորումին իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ ելոյթներ ունեցան Թուրքիոյ մտաւորականութեան տարբեր շրջանակներ ներկայացնող՝ ազգութեամբ հայ, ասորի, ալեւի, թուրք եւ քիւրտ մօտ երեք տասնեակ հանրայայտ ակադեմականներ, պատմաբաններ, իրաւաբաններ, լրագրողներ եւ քաղաքական գործիչներ, որոնց շարքին՝ երկրի Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն (ՊՏՓ) կուսակցութեան փոխհամանագախ եւ Վան քաղաքի պատգամաւոր Նազմի Կիւր, ՊՏՓ կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Սէլատտին էսմէր, Փրոֆ. Տքթ. Պասքըն Օրան, Փրոֆ. Տքթ. Ճէնկիզ Աքթար, Տքթ. Իսմայիլ Պէշիքչի, «Ակօս» շաբաթաթերթի սիւնակագիր Զաքարիա Միլտանօղլու, Մարդկային Իրաւունքներու Միութեան անդամ լրագրող Հրանդ Գասպարեան, իրաւաբան Էրտալ Տողան, իրաւաբան Էրէն Քէսքին, Ասորի համայնքէն փաստաբան Էրքան Մէթին, տոցենթ Ֆիքրէթ Պաշքայա, Թէմէլ Տէմիրէր, Սայիթ Չէթինօղլու եւ Իւմիթ Քուրդ: Ելոյթ ունեցողները շեշտեցին Հրանդ Տինքի աւանդը՝ Թուրքիոյ մէջ արդարութեան եւ պատմական ճշմարտութիւններու վերահաստատման պայքարին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայկական ցեղասպանութեան պատասխանատուութեան եւ Թուրքիոյ մէջ հայ ժողովուրդի կրած բարոյական եւ նիւթական վնասներու հատուցման անժամանցելիութիւնը:

Ֆորումին մասնակցեցան «Արեւմտահայոց Ազգային Համագումար»ի անունով ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արագած Ախոյեան, «Արեւմտահայոց Ազգային Համագումար»ի ներկայացուցիչ Սեւակ Արծրունի, ամերիկահայ հանրային գործիչ Ճորճ Աղճայեան: Ա. Ախոյեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը նոր մարտահրաւէրներ առաջադրեց Թուրքիայի ժողովուրդներուն առջեւ՝ պատմական անցեալին հետ առերեսման գալու եւ ապագայի նոր հեռանկար մը ձեւաւորելու իմաստով:

Ոգեկոչական այս ֆորումի աւարտին, «Անգարայի Մտքի Ազատութեան Նախաձեռնութեան» խօսնակ Սայիթ Չէթինօղլու հրապարակեց մասնակիցներուն կողմէ ստորագրուած եզրափակիչ յայտարարութիւնը, զոր ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք կցուած այս հաղորդագրութեան: Նշենք, որ Պասքըն Օրան եւ այլ քանի կը ժողովականեր, յայտարարութեան վերաբերեալ յանձնարարեցին, որ ցեղասպանութեան արտայայտութեան հետ միասին պէտք է աւելցուի նաեւ «կոտորած» բառը, բոլոր անոնց համար, որոնք 1915-ի իրականութիւնը չեն ճանչնար իբրեւ ցեղասպանութիւն: Ժողովականներու յանձնարարութեամբ, յայտարարութեան աւելցուեցաւ 12-րդ կէտը, որուն մէջ, 1915-ի Ցեղասպանութեան հիմնական թիրախը հանդիսացող Արեւմտահայութեան հետ կը նշուի նաեւ տուժած ասորի, Պոնտոսի յոյն եւ հելլէն ժողովուրդներու պահանջատիրութիւնը:

Առաջարկներ 1915-ի Ցեղասպանութեան ճանաչման, հատուցման Եւ Թուրքիոյ հասարակութիւնը այս ամօթէն փրկելու վերաբերեալ

1915-ի Ցեղասպանութեան 100-ամեակի շեմին, ցեղասպանութիւնէն տուժած ժողովուրդները իրենք պիտի որոշեն, թէ ցեղասպանութեան յանցագործներէն ի՞նչ ձեւով ինչե՞ր պիտի պահանջուին:

Մեր պարտքն է անվերապահօրէն այս պահանջատիրութեան նեցուկ կանգնիլ:

Ստորեւ նշուած առաջարկները, Ցեղասպանութեան 100-ամեակէն առաջ Թուրքիոյ կողմէն ցեղասպանութիւնէն տուժածներու վերաբերեալ իրականացուելիք խորհրդանշական եւ սկզբունքային նուազագոյն «ժեսթ»երուն յանձնարարութիւններ են:

1. Ճանաչում, ներողութիւն եւ հատուցում

20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի առաջին քայլը պէտք է ըլլայ անկեղծ ներողութիւն խնդրել եւ դատապարտել ոճիրին պատասխանատուները՝ յականէ անուանէ:

Պէտք է Օսմանեան քրիստոնեայ ժողովուրդներու յիշողութիւնը վերականգնել.օրինակ, Էլմատաղ թաղամասը պէտք է վերանուանել Կոմիտասի անունով, ուր բնակած է վարդապետը:

Ներկայ Թուրքիոյ մէջ կան խորհրդանշական շինութիւններ որոնք բռնագրաւուած են Օսմանեան կայսրութեան քրիստոնեայ քաղաքացիներէն: Առ այդ, օրինակ, Ցեղասպանութեան ճանաչման խորհրդանշական առաջին քայլերու շարքին, իբրեւ Նախագահական ապարանք օգտագործուող Քասաբեան ընտանիքի տունը պէտք է վերադարձուի Քասաբեաններու այսօրուան ժառանգորդներուն: Տրապիզոնի «Աթաթուրքի Տունը» պէտք է վերադարձուի իր սեփականատէրին՝ Քապայեաննիս ընտանիքին այսօրուայ ժառանգորդներուն:

2. Վերջ տալ Ցեղասպանութեան ժխտման գործողութիւններուն

Յետս կոչել եւ չեղեալ յայտարարել Վարչապետութեան ենթակայութեան տակ գործող «Անհիմն ցեղասպանութիւններու պնդումներու դէմ պայքարելու յանձնախումբ»ը: Յայտարարել Ցեղասպանութեան ժխտման նպատակաւ բոլոր գործունէութեանց վերջ տալու որոշումը, ջնջել Ցեղասպանութեան ժխտման գործողութիւններուն համար 2014 թուականի Վարչապետական գանձարանէն տրամադրուելիք գումարին վերաբերեալ պարբերութիւնը:

3. Անձնագիր եւ քաղաքացիութիւն

Բացայայտել եւ թափանցիկ դարձնել Օսմանեան անձնագրային արխիւները, վերջ տալ քաղաքացիական իրաւունքի խախտումներուն եւ ոչ-մահմետականներու արտաքսումներուն, հայրենազրկուած քրիստոնեայ ժողովուրդներուն ետ յանձնել քաղաքացիական իրաւունքը, ցանկացողներուն տալ անձնագիր:

4. Վերադարձ եւ վերաբնակեցում

Իրենց պատմական հայրենիքին մէջ, պատմական հող ու ջուրի վրայ վերապրելու եւ բնակելու ցանկութիւն ունեցողներուն արտօնել վերադառնալ, խրախուսել եւ անոնց համար ստեղծել վերապրելու պայմաններ:

5. Հասանելի ընել կալուածագրերու արխիւը եւ վերջ տալ գործող սահմանափակումներուն

Յետս կոչել եւ չեղեալ յայտարարել Վարչապետութեան այն շրջաբերականները, որոնք անձնագրի արխիւներուն հասնիլը կ’արգիլեն: Այս առթիւ չեղեալ յայտարարել նաեւ նշեալ հարցին վերաբերողԱզգային անվտանգութեան խորհուրդի որոշումը: Հետազոտութիւններու համար բացայայտել Կալուածագրերու եւ Քաթասդրի (tapu-kadastro) տնօրէնութեան կողմէ թուայնացուած Օսմանեան կալուածագրերու արխիւը, որ այժմ թաքուն է:

6. Հասանելի դարձնել Օսմանեան արխիւները, ներառեալ՝ Զինուած Ուժերու արխիւը

Բոլորի համար հասանելի եւ թափանցիկ դարձնել եւ բացայայտել Օսմանեան բոլոր արխիւները, ներառեալ՝ զինուած ուժերու տրամադրութեան տակ գտնուող արխիւը: Հետազոտութիւններու առումով վերջ տալ սահմանափակումներուն, արխիւները հրատարակել նաեւ թուայնացուած ձեւով:

7. Լքեալ գոյքի արձանագրութիւններու բացայայտում

Լքեալ գոյքի բռնագրաւումի եւ վերայատկացումի 35 տարածքային յանձնախումբերուն կողմէ պահուած մատեանները թուայնացուած ձեւով հրատարակել, զոհերու ժառանգորդներուն եւ հետազոտողներուն ներկայացնել: Բացայայտել նաեւ Օսմանեան քրիստոնեայ ժողովուրդներու գոյքերուն բաշխումի վերաբերեալ Լքեալ գոյքի յանձնախումբներուն որոշումները: Հանրային հաստատութիւններուն կամ անհատներուն յանձնուած հայկական գոյքերուն ցանկը պատրաստել: Սոյն գոյքերը սեփականատէրերու ժառանգորդներուն վերադարձնել կամ հատուցել:

Ոչնչացուած կամ ժամանակի ընթացքին չպահպանուելով ոչնչացման ենթարկուած գոյքերուն, քրիստոնեայ ժողովուրդներու պատմամշակութային արժէքներուն ցանկը պատրաստել եւ հատուցել:

Իրականացնել դրամատուներուն մէջ պահպանուող եւ յետոյ կողոպտուած՝ քրիստոնեայ ժողովուրդներու դրամներուն, ոսկիներուն, թանկարժէք այլ թուղթերուն եւ իրերուն բացայայտումը եւ հատուցումը:

Բոլոր այս արձանագրութիւնները հրապարակել թուայնացուած ձեւով:

8. Քաղաքական եւ առեւտրային հաստատութիւններուն տրամադրութեան յանձնուած գոյքեր

Քաղաքական գործունէութեան համար որոշ կառոյցներու եւ հաստատութիւններու եւ որոշ պատգամաւորներու, լրագրողներու եւ մասնաւոր ընկերութիւններու զարգացման եւ ցեղասպաններու առեւտրական ու արդիւնաբերութեան առումով զարգացման համար անոնց եւ դրամատուներուն տրամադրութեան յանձնուած գոյքերուն ցանկը պատրաստել: Ետ առնել նշուած գոյքերը եւ կամ հատուցել:

9. Դեռ եւս պետութեան տրամադրութեան տակ գտնուող գույքեր

Ելեւմտական Նախարարութեան, Հիմնարկութիւններու (Վաքըֆներու) Ընդհանուր Տնօրէնութեան եւ քաղաքապետարաններու նման պետական մարմիններու տրամադրութեան յանձնուած գոյքերուն ցանկը պատրաստել եւ զանոնք վերադարձնել սեփականատէրերու ժառանգորդներուն:

10. Ձեռք դրուած կանայք եւ որբեր

Պէտք է ժամ առաջ կազմակերպել առեւանգուած կամ այլ եղանակներով ձեռք դրուած կամ պետութեան կողմէ այլ ընտանիքներուն բաշխուած կանանց եւ որբերու ցուցակներու բացայայտումը: Այս առթիւ բացայայտել Վարչապետութեան կից Օսմանեան արխիւներուն մէջ գտնուող 11 Օգոստոս 1915 թուակիր եւ թիւ՝ «DH.ŞFR., nr. 54-A/382» Ներքին Գործերու Նախարարութեան հեռագիրը, որ ուղարկուած է մարզերուն (վիլայեթներուն): Հեռագրով կը յայտնուէր. «Կրօնափոխ եղած, ամուսնացած եւ վստահելի անձանց մօտ յանձնուած երախաներուն ունեցուածքը (գոյքերը) կը պահպանուին, իսկ անոնց, որոնց ծնողքը (ժառանգը յանձնողները) մեռած են, բաժին մը կը տրուի»: Բացայայտել սոյն հեռագրի պատճառով ձեռք դրուած որբերու ունեցուածքը յափշտակող ընտանիքները եւ պատրաստել կողոպտուած գոյքերու ցանկը:

11. Հաւաքական պատասխանատուութիւն.

Ներողութիւն խնդրելը, ցեղասպանութեան յանցանքի ընդունումը ամօթէն փրկուելու եւ վերանորոգուելու ամէնակարեւոր հանգրուաններն են. ուրեմն, պէտք է ընդունիլ հաւաքական պատասխանատուութիւն:

12. Բոլոր տուժածները

Սոյն սպասումները եւ պահանջները կը ներառնեն նաեւ հայրենազրկուած ասորիներուն, Պոնտոսի յոյներուն եւ հէլէններուն իրաւունքները:

Orer.eu

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail