Արցախ Կ՛ընդգրկուի ԵԽԽՎի «Մոխրագոյն» Տարածքներու Շարքին

12 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ Հոկտեմբեր 10-ի ուշ երեկոյեան, Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) 39 կողմ եւ 6 դէմ ձայներով վաւերացուց գերմանացի Ֆրենք Շուապէի այն զեկոյցը, որ կը վերաբերի Արցախի Հանրապետութեան եւ զայն «մոխրագոյն» կամ «գորշ» տարածքներու շարքին դասելու առաջարկին։

Զեկոյցին դէմ քուարկեցին միայն Ատրպէյճանի պատուիրակները:

Շուապէի համաձայն՝ «մոխրագոյն» կամ «գորշ» տարածքներ պէտք է համարել չճանչցուած այն պետութիւնները, ուր չեն իրականացած մարդկային իրաւունքներու միջազգային դիտարկումներ։ Այդ պետութիւններուն շարքին ան դասած է նաեւ Արցախը։

Լիագումար նիստերու դահլիճին մէջ, Հայաստանի պատուիրակութեան անդամ Էդմոն Մարուքեան, դիմելով ատրպէյճանցի իր պաշտօնակիցին՝ ըսաւ. «Ինձ համար զարմանալի չէ, որ պարոն Մոլազատէն դէմ է արտայայտւում այս բանաձեւին, քանի որ Ադրբեջանն ամբողջութեամբ խախտում է մարդու իրաւունքներն ու հիմնարար ազատութիւններն ու Լեռնային Ղարաբաղում, յարձակուելով քաղաքացիական անձանց վրայ եւ «Իսլամական պետութեան» ոճով գլխատում է զինուորներին. յետոյ յայտարարում են, որ դէմ են «գորշ» գօտիներում մոնիթորինգի (դիտարկումի-Խմբ.)) անցկացմանը: Գիտէք, հնարաւոր է լինեն «գորշ» գօտիներ, բայց չկան «գորշ» մարդիկ. մարդիկ հաւասար են եւ պէտք է պաշտպանուած լինեն: Մարդու իրաւունքներն ու հիմնարար ազատութիւններն անօտարելի են եւ մենք չենք կարող շեղուել այս չափանիշներից»:

Հայաստանեան պատուիրակութեան այլ անդամ մը՝ պատգամաւոր Սամուէլ Ֆարմանեան, բանաձեւէն մանրամասնութիւններ հաղորդելով՝ յայտնեց, որ սկիզբէն զեկոյցի նախագիծին մէջ գոյութիւն ունէին Հայաստանին եւ Արցախին վերաբերող խնդրայարոյց ձեւակերպումներ:

Հայաստանեան պատուիրակութիւնը յաջողեցաւ ոչ միայն չէզոքացնել վտանգը, այլ նաեւ բանաձեւին մէջ արձանագրել տալ, որ վեհաժողովը կ՛ողջունէ Արցախի իշխանութիւններուն պատրաստակամութիւնը՝ համագործակցելու Եւրոխորհուրդին եւ ՄԱԿի համապատասխան մարմիններուն հետ՝ դիտարկման առարկայ դարձնելու համար մարդու իրաւունքներու իրավիճակը Արցախի մէջ:

«Մարդու իրաւունքները համընդհանուր են ու չպէտք է լինի որեւէ տարածք կամ երկիր, անկախ իր քաղաքական կարգավիճակից, որտեղ մարդու իրաւունքները մոնիտորինգի չեն ենթարկւում ու չեն գնահատւում: Մարդու իրաւունքների հարցում չպէտք է լինեն մոռացուած տարածքներ Եւրոպայի խորհրդի տարածքում», ըսաւ Ֆարմանեան:

ԵԽԽՎի բանաձեւը կ՛ապահովէ Եւրոխորհուրդի ու ՄԱԿի մարդկային իրաւունքներու մարմիններուն կողմէ անսահմանափակ մուտքը անդամ երկրներ՝ ներառեալ «մոխրագոյն» տարածքներ:

yerakouyn.com/2018/10/12/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail