11 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ –:
ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Ապրիլ 2018, յետ երկար տարիներ դժգոհանքի, հայրենի մեր վեհ քոյրերն ու եղբայրները աննախընթաց միասնական կեցուածքով դիմեցին խաղաղ ցոյցերու` կոչելով զայն «Թաւշեայ յեղափոխութիւն», թօթափելով օրուան ղեկավար վարչապետը եւ ընտրելով յարգարժան Նիկոլ Փաշինեանը` իբրեւ իրենց առաջնորդ, ղեկավար, վարչապետ:
Արդար պոռթկում մըն էր մեր եղբայրներուն կողմէ, որովհետեւ բացայայտօրէն հայրենիքը վերանկախացումէ ի վեր կը գտնուէր, դժբախտաբար, կարգ մը անհատներու կամ խմբակցութիւններու ներքին գերիշխանութեան տակ: Ափսոս, որ 27 երկար տարիներ մեր վերանկախացած հայրենիքը իր ամբողջ հաստատութիւններով, արտաքին թէ ներքին քաղաքականութեամբ եղաւ գերին այդ կազմակերպութիւններուն:
Նոր հոգեվիճակ, նոր յոյսեր, նոր խոյանք` դէպի պայծառ ապագայ: Այս էր օրուան նշանաբանն ու կարգախօսը: Յոյսի նոր նշոյլներ փայլփլեցան մեր սրտերուն մէջ: Այս նոր իրավիճակը յոյս ներշնչեց ողջ հայութեան, ի մասնաւորի` սփիւռքահայուն, որ յուսաբեկուած էր «երազային հայրենիքի» տեսլականէն: Բայց, ափսո՜ս, որ 6 ամիս վերջ հարցը բոլորովին ուրիշ ընթացք մը ստացաւ: Կարգախօսը փոխուեցաւ,եւ եղբայրատեաց լոզունգները բարձրացան: Կա՛ց, եղբա՛յր, կա՛ց: Դուք դէպի ո՞ւր կ’առաջնորդէք այս ժողովուրդը: Նախատինք, հայհոյանք, վարկաբեկիչ ածականներով չէ, որ մենք միասին, ձեռք ձեռքի հայրենիք պիտի կերտենք: Այս բոլորը դժբախտաբար, ինծի կը յիշեցնեն 1920-ի հայրենիքի մէջ կամ 1958-ի Լիբանանի մէջի անիծեալ մթնոլորտը, որ առաջնորդեց անընդունելի արարքներու: Ժամանակը անցաւ, բայց մենք դժբախտաբար չենք սորված մեր անցեալի սխալներէն: Մենք հարուստ մշակոյթով, զարգացած, ընտիր մտքերու տէր ժողովուրդ ենք: Մեր անցեալի պատմութիւնը կը վկայէ մեր մասին: Կիրքերէն դուրս ելլենք եւ քաղաքակրթուած կերպով զիրար փորձենք հասկնալ: Ո՞ւր մնացին երկուան սրտառուչ ու ազգասիրական խոստումները` արտասանուած Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով: Տակաւին Արցախի մեր հերոս նահատակ զինուորին արիւնը չչորցաւ, եւ արդէն իսկ մենք զիրար քարկոծելո՞ւ սկսանք:
Սփիւռքը իր բոլոր գունաւորումներով եւ կազմակերպութիւններով երկար տարիներ մարտնչեցաւ եւ իր ընտիր զաւակներուն արիւնը թափելով` նահատակուեցաւ իր ազգին եւ հայրենիքին համար, բայց այսօր ստոյգ կերպով «սխալ» արձագանգներ կու գան հայրենիքէն, «անտեղի» եւ «անհիմն» անբաստանութիւններ կ՛ըլլան: Պահ մը պիտի ուզէի չհաւատալ այդ լսուած խօսքերուն, որովհետեւ ոչ միայն վարկաբեկիչ են, այլ նաեւ լեցուն են թոյնով:
Մեր հայրենի եղբայրները ունին իրենց կարծիքը, որ յարգենք անյապաղ, բայց որեւէ կերպով ընդունելի չէ իրենց եղբայրատեաց ածականները այս կամ այն ազգային կուսակցութեան հանդէպ: Այսօր, աւելի քան երբեք, ազգը պէտք ունի իր բոլոր զաւակներուն: Օրուան նշանաբանը պէտք է ըլլայ միասնականութիւնը: Տակաւին հայրենիքը պաշարուած է դարաւոր նոյն թշնամիով, իսկ սփիւռքը կը պայքարի դարաւոր նոյն թշնամիին դէմ, որուն անունն է ձուլում: Արդօք տակաւին որքա՞ն զոհ պէտք է տանք եւ որքա՞ն արցունք թափենք, որ սթափինք եւ արթննանք: Կ՛ուզեմ Քրիստափոր Միքայէլեանի խօսքը մէջբերել, որ կ՛ըսէ. «Մեզ մնում է երկուսից մէկը… կա՛մ սեփական ձեռքով թաղել մեր դատը, կա՛մ թէ շարունակել մեր կռիւը»: Արդարեւ, մենք կ՛ընտրենք անտարակոյս եւ անյապաղ միասնաբար կռիւը շարունակելը` ի յարգանք մեր նահատակ հայորդիներուն, ներշնչուելով եւ առաջնորդուելով Արամ Ա. կաթողիկոսի խորախորհուրդ թելադրանքէն, որ կ՛ըսէ. «Զաւակնե՛ր նոյն եւ մէկ ժողովուրդի ու հայրենիքի, եկէք եւ միասնաբար քալենք սիրոյ եւ օրէնքի ճամբէն` փոխադարձ յարգանքով ու հասկացողութեամբ եւ մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը եւ հայրենիքի անվտանգութիւնը ամէն բանէ առաջ եւ վեր դաւանելով»:
Ապրի՛ք, ապրի՛ հայ ազգը:
aztagdaily.com/archives/411700