12 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ամերիկեան «Միջազգային հանրապետական հիմնարկ» (International Republican Institute) կազմակերպութեան իրականացուցած հարցախոյզին համաձայն՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վարկանիշը 91 տոկոս է, կը հաղորդէ “ՓանԱրմինիըն”:
Երկրորդ ամէնէն բարձր վարկանիշ ունեցող քաղաքական գործիչը պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանն է՝ 69 տոկոս, երրորդը՝ նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ 68 տոկոս:
Ամէնէն ցած վարկանիշը ունի Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան, որուն կը նախորդէ նախկին վարչապետ Կարէն Կարապետեան:
Հարցախոյզին մասնակցողներուն 32 տոկոսը Փաշինեանի կառավարութենէն առաջին հերթին կ՛ակնկալէ նոր աշխատատեղերու ստեղծում, 22 տոկոսը՝ պայքար կաշառակերութեան դէմ, 24 տոկոսը՝ ընկերային-տնտեսական հարցերու լուծում, իսկ 14ը՝ երկրի անվտանգութեան ամրապնդում:
Մարդիկ դժգոհ են Փաշինեանի նշանակումներէն, որոնց հանդէպ բացասական վերաբերում ցոյց տուած է հարցախոյզին մասնակցողներուն 49 տոկոսը, իկ 24 տոկոսը դժգոհ է քաղաքական անկայունութենէն, եւ միայն 15 տոկոսը՝ տնտեսական ճգնաժամէն:
Հարցախոյզին մասնակցած են Հայաստանի մէջ մշտական բնակութիւն հաստատած 1200 չափահաս անձեր: Հետազօտութիւնը ֆինանսաւորուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէ:
Նոյն հարցախոյզին արդիւնքներուն համաձայն՝ Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք ապագայի նկատմամբ լաւատեսութեան աննախադէպ բարձր մակարդակ արձանագրուած է:
Հարցախոյզին մասնակցողներուն 82 տոկոսը մեծ յոյսեր ունի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան նկատմամբ, 39 տոկոսը՝ շատ դրական, իսկ 43 տոկոսը մասամբ դրական կը գնահատէ նոր կառավարութեան գործունէութիւնը: Անոնց 73 տոկոսը կը կարծէ, որ Հայաստան զարգացման ճիշդ ուղիով կ՛ընթանայ, իսկ 81 տոկոսը համոզուած է կամ յոյս ունի, որ ապագան աւելի լաւ պիտի ըլլայ:
Մասնակցողներուն 81 տոկոսը կը կարծէ, որ կաշառակերութիւնը նահանջած է, 15 տոկոսին համար իրավիճակը անփոփոխ մնացած է, իսկ 2 տոկոսին համար իրավիճակը վատթարացած է:
yerakouyn.com/2018/10/12/