12 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն Հոկտեմբեր 20-ին պիտի ժամանէ տարածաշրջան, այցի ծիրէն ներս պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստան: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին Պոլթըն գրած է Թուիթըրի իր էջին վրայ: ԱՄՆ նախագահի խորհրդականը պիտի ըլլայ նաեւ Ռուսիա, Ատրպէյճան եւ Վրաստան:
«Հոկտեմբեր 20-ին ես պիտի մեկնիմ Ռուսիա, Ատրպէյճան, Հայաստան եւ Վրաստան` հանդիպելու իմ գործընկերներուն եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ` ամերիկեան շահերը անվտանգութեան շարք հարցերով առաջ մղելու համար»,- գրած է Պոլթըն:
yerakouyn.com/2018/10/12/