Նասրալլա Կը Խօսի Սէուտական Արաբիոյ Մասին Եւ Պատգամ Կ՛ուղղէ Նեթանիահուին

13 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ նորութիւններու չգոյութեան լոյսին տակ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլա եթէ երկու պատգամ ուղղեց` մէկը` Սէուտական Արաբիոյ, իսկ միւսը` Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին: Պատգամները եկան Իմատ Մուղնիէի մայր Ամինա Սալամա-Մուղնիէի յիշատակի հանդիսութեան ծիրին մէջ:

Այս գծով պատկերասփռուած ճառի մը ընթացքին Նասրալլա դիտել տուաւ, որ իր կուսակցութիւնը որեւէ օգուտ չունի կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտելէն, աւելին` հարց իսկ չունի նոյնիսկ երբ կառավարութիւնը չի կազմուիր, թէկուզ նախանձախնդիր է անոր կազմութեան` յանուն ազգային շահերու:

Շրջանային իրավիճակին մասին խօսելով` Նասրալլա յատուկ շեշտ դրաւ Ծոցի երկիրներուն վրայ ու կոչ ուղղեց անոնց դադրեցնելու պատերազմներն ու անցնելու դրական եւ ողջամիտ համաձայնութեան` ի հակադրութիւն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի սպառնալիքներուն: Նասրալլա յայտնեց, որ անոր` Սէուտական Արաբիայէն պահանջած գումարները փոխան վերջինիս ապահովութեան «տուրք» մըն է, իսկ Միացեալ Նահանգներու Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հանդէպ ունեցած կեցուածքը կը փաստէ Իրանի հզօրութիւնը` ի դէմս Սէուտական Արաբիոյ տկարութեան, որ Ամերիկայի պաշտպանութեան կարիքը ունի: Նասրալլա ընդգծեց, որ Թրամփ Իրանի զօրութիւնը կը չափազանցէ, որպէսզի շանթաժի ենթարկէ արաբական ու իսլամական երկիրները եւ զինամթերք վաճառէ անոնց:

Նեթանիահուին յղած պատգամին մէջ Նասրալլա յայտնեց, որ Հըզպալլա հետաքրքրուած չէ հերքելու Իսրայէլի յայտարարութիւնները, որոնք հնչած էին ՄԱԿ-ի մէջ, ուր Նեթանիահուին ունեցած ելոյթը հոգեբանական պատերազմ էր Լիբանանի դէմ: Այս գծով Նասրալլա ըսաւ, որ իր կուսակցութիւնը ձրի տեղեկութիւն տուողի դիրքի մէջ պիտի չգտնուի ու չբացայայտէ դիմադրութեան ուժը: Ան կոչ ուղղեց տեղի չտալու հոգեբանական այս պատերազմին առջեւ, ինչպէս որ նախարար Ժըպրան Պասիլ ըրած էր այցելելով այն վայրերը, ուր Իսրայէլ մատնանշած էր իբրեւ զէնքի մթերանոց:

aztagdaily.com/archives/412115

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail