Վերապատուելի Պրանսըն Ազատ Արձակուեցաւ

13 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԹՈՒՐՔԻԱ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թրքական դատարանը որոշեց ազատ արձակել ամերիկացի վերապատուելի Էնտրու Պրանսընը` ազատազրկումի ժամկէտը աւարտելէն ետք:

Երէկ վերապատուելին Իզմիրի մէջ ներկայ գտնուած էր իր հարցով դատական նոր նիստի մը: Լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ նիստին ընթացքին չորս վկաներ ետդարձ կատարեցին իրենց նախկին վկայութիւններէն` նշելով, որ իրենց ըսածները սխալ հասկցուած են կամ ինչ որ ըսած են լսած են լրատուամիջոցներէն, եւ թէ իրենք այդ վկայութեանց աղբիւրները չեն:

Նշենք, որ Իզմիրի մէջ աւետարանական փոքր եկեղեցի մը ղեկավարած վեր. Պրանսըն անցեալ յուլիսէն մէկուկէս տարուան ազատազրկման դատապարտուած էր` «ահաբեկչութեան» եւ «լրտեսութեան» ամբաստանութիւններով:

aztagdaily.com/archives/412091

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail