13 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր 11-ին մասնակցած է ֆրանսախօս երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններու ղեկավարներու նեղ կազմով հանդիպումին, որուն ընթացքին կազմակերպութեան նախագահութիւնը Մատակասքարէն փոխանցուած է Հայաստանին:
Իր խօսքին մէջ վարչապետ Փաշինեան նշած է. «Մենք լիովին կը գիտակցինք այն պատասխանատուութեան, որ այսուհետեւ կը ստանձնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը` գալիք երկու տարիներուն ընթացքին այդ նախագահութիւնը ապահովելու համար: Կրկին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ֆրանսախօս երկիրներու բոլոր անդամ երկիրներուն եւ կառավարութիւններուն` վստահութեան համար: Կ՛ուզեմ նաեւ մեր շնորհակալութիւնը յայտնել եւ շնորհաւորել Մատակասքարի Հանրապետութեան` կազմակերպութեան մէջ իր կարեւոր նպաստը բերելու եւ այն ձեռքբերումներուն համար, որ ունեցած են»:
«Դիմագրաւելով բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնց կ՛առճակատուին մեր հասարակութիւնները, կարեւոր է, որ մենք համախմբուինք մեր համամարդկային արժէքներուն շուրջ, միշտ ապահովենք յարգանքը մեր բազմազանութեան հանդէպ եւ խթանենք փոխանակումն ու համերաշխութիւնը ֆրանսախօս երկիրներու տարածքի տարբեր հատուածներուն միջեւ: Այդ պայմաններուն մէջ է, որ «Ապրիլ միասինը» կրնայ ըլլալ խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան աղբիւր ֆրանսախօս երկիրներու տարածքին մէջ: Ատիկա շատ գեղեցիկ ձգտում է, որ ցանկութիւն յառաջանայ գործել յանուն այն սկզբունքներուն եւ արժէքներուն, որոնք կը բնութագրեն «Ապրիլ միասինը» եւ որոնք իրենց տեղը գտած են այն կոչին մէջ, որ մենք պէտք է ընենք», ըսած է վարչապետը:
«Բազմակողմանիութեան ճգնաժամին` մեր ցանկութիւնն է նաեւ աւելի ամրապնդել համագործակցութիւնը եւ քննարկումները Ֆրանսախօս երկիրներու եւ շրջանային ու ենթատարածաշրջանային կազմակերպութիւններու միջեւ տարբեր բնագաւառներու մէջ, որոնք կը վերաբերին խաղաղութեան, անվտանգութեան, կլիմայական փոփոխութիւններու դէմ պայքարին, կայուն զարգացման կամ դարձեալ Մարդու իրաւունքներու յարգման հարցերուն, քանի որ այդ համագործակցութիւնը վստահաբար թոյլ կու տայ աւելի արդիւնաւէտ արծարծել այս հարցերը, իսկ կազմակերպութեան` շարունակել հաստատուիլ իբրեւ միջազգային յարաբերութիւններու դերակատար: Այս հրաւէրը` մտորելու այս հարցերուն շուրջ, մեր համաժողովի աշխատանքներու առանցքն է», յայտարարած է վարչապետ Փաշինեան:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան հետագայ գործունէութեան, ֆրանսախօս երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման եւ երկխօսութեան խորացման վերաբերող հարցեր:
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն, Նիկոլ Փաշինեան երէկ նաեւ հանդիպումներ ունեցած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Օտրի Ազուլայի, Պելճիքայի վարչապետ Շարլ Միշելի եւ Մոլտովայի նախագահ Իկոր Տոտոնի հետ:

Yerakouyn.com/2018/10/12/