Գանատա Պատրաստ Է Աջակցելու Հայաստանին – Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ

14 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԵՐԵՒԱՆ.- Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ Ուրբաթ, 12 Հոկտեմբերին Երեւան ժամանեց եւ պաշտօնապէս դիմաւորուեցաւ վարչապետի նստավայրին մէջ:

Պաշտօնական արարողութեան ներկայ եղան դեսպաններ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրաբ Մնացականեան:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ողջունեց Երեւան այցելած առաջին Գանատայի վարչապետը:

«Մեծ պատիւ է գտնուիլ Հայաստանի մէջ: Կը կարծեմ, որ դուք գիտէք, որ տարիներ առաջ արդէն պատիւը ունեցած եմ հայրիկիս հետ այցելելու Հայաստան, ամառնային արձակուրդի: Ան այն ատեն արդէն վարչապետ չէր, ուրեմն ես Գանատայի՝ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան այցելող առաջին վարչապետն եմ: Բայց նոյնիսկ այն ժամանակ արդէն զգացի հայերու եւ գանատացիներու միջեւ բարեկամութիւնը, եւ առնուազն այն ընդունելութիւնը, որուն արժանացայ Հայաստանի մէջ այսօր եւ նախորդ օրերուն, հրաշալի է: Այստեղ գտնուիլը միայն պատիւ է: Շնորհակալ եմ», պատասխանելով Փաշինեանի ողջոյնի խօսքին՝ յայտնեց Թրիւտօ:

Վարչապետ Փաշինեան Գանատայի վարչապետին նուիրեց անոր հեղինակած «Ընդհանուր Յայտարար» գիրքին հայերէն թարգմանութիւնը:

Զրուցակիցները քննարկեցին երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր, որոնց շարքին Հայաստանի քաղաքական փոփոխութիւնները: Թրիւտօ ընդգծեց, որ երբ ամբողջ աշխարհի մէջ կ՛ընթանային ժողովրդավարութիւնը վտանգող գործընթացներ, Հայաստան օրինակ ծառայեց ամբողջ աշխարհին: Գանատայի վարչապետը ընդգծեց, որ Հայաստան այցելած է նաեւ, որպէսզի ցոյց տայ իր երկրի պատրաստակամութիւնը՝ օժանդակելու Հայաստանի զարգացման:

«Հայասատանեան ժողովրդավարական գործընթացները պատիւ կը բերեն ոչ միայն հայերուն, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին», ընդգծեց վարչապետ Թրիւտօ: Ան նշեց, որ Գանատան պատրաստ է Հայաստանին օժանդակելու տնտեսական զարգացման, ներդրումներու ներգրաւման, ենթակառուցուածքներու բարելաւման եւ այլ ուղղութիւններով:

asbarez.com/arm/327708/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail