Փաշինեանի Հռետորաբանութիւնը Չի Համապատասխաներ Ալիեւի Հետ Զրոյցի Ոգիին. Պաքու

14 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ատրպէյճանական «Հաքքին» լրատուական գործակալութիւնը 12 Հոկտեմբերին հաղորդեց, թէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հռետորաբանութիւնը չի համապատասխաներ Տուշանպէի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած զրոյցի ոգիին։

Նախարարութիւնը աւելցուցած է, թէ վարչապետ Փաշինեանի Ֆրասախօս երկիրներու վեհաժողովի բացման արարողութեան, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի մէջ ունցած ելոյթներուն ընթացքին հնչած են «կեղծ յայտարարութիւններ»՝ Արցախի հակամարտութեան վերաբերեալ:

Ըստ նախարարութեան՝ եթէ Փաշինեան կը փափաքի արդար ըլլալ, պէտք է յարգէ հազարաւոր ատրպէյճանցի գաղթականներուն տարրական իրաւունքները:

Կը նշուի նաեւ, որ նպատակաուղղուած կեպով Արցախի ժողովուրդ անուանելով հայկական համայնքը, Փաշինեան աչք կը փակէ «ատրպէյճանական համայնքի ցեղային զտումներուն վրայ»:

Աւարտին, կը կրկնուի հին երգը՝ «բռնագրաւեալ տարածքներէն հեռանալու» մասին։

asbarez.com/arm/327712/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail