13 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ:
Նախ եւ առաջ ըսեմ, որ ես դաշնակցական երդում տուած անձ եմ, բայց պայմաններու բերումով կուսակցական շարքերէն կամովին հեռացած եմ։ Կը մնամ Դաշնակցութեան համակիր մեծ ընտանիքի անդամ, եւ հաւատարիմ եմ Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան եւ հպարտ եմ անոր անցեալով ու վճռորոշ դերով՝ հայ ազգի վերջին աւելի քան հարիւր տարուայ պատմութեան մէջ։ Կը հաւատամ, որ եթէ չըլլար Դաշնակցութիւնը, գոյութիւն չէր ունենար ոչ առաջին հանրապետութիւն, ոչ երկրորդ եւ ոչ ալ երրորդ։
Ըստ իս, դաշնակցական գաղափարաբանութիւնը, մտայնութիւնն ու հոգեբանութիւնը հայ ազգի արժանապատուութեան մարմնացումն են, որ կարելի է խտացնել հետեւեալ բառերով՝ նախընտրելով մահը ազատ քան կեանքը ստրկացած եւ անպատիւ։ Հետեւաբար, միշտ ալ զզուած եմ բնազդաբար հակադաշնակցական մարդոցմէ եւ անոնց թափած մաղձէն ու թոյնէն Դաշնակցութեան հասցէին։ Ուրեմն, պիտի խնդրեմ որ ընելիք քննադատութիւններս եւ դիտողութիւններս ընկալուին ըստ այնմ եւ անտեղի փորձ չըլլայ զանոնք ջրելու, ինծի ալ հակադաշնակցականի պիտակը փակցնելով։
Երբ կ’ըսեմ թէ հպարտ եմ Դաշնակցութեան պատմութեամբ եւ գործունէութեամբ, ըսել չէ թէ իմ կարծիքով Դաշնակցութիւնը երբէք սխալներ չէ գործած. այդպիսի բան կարելի չէ որեւէ գործունեայ կուսակցութեան մը համար։ Սակայն երբ սխալները անմեղ են, ազնիւ են, եւ անձնական կամ նեղ կուսակցական շահեր չեն հետապնդեր, անոնք ներելի են։
Սակայն այն սխալները, զորս Դաշնակցութեան ղեկավարութիւնը գործած է Հայաստանէն ներս վերջին երկու տասնամեակներուն, անմեղ սխալներու դասակարգին չեն պատկանիր։ Անոնք ամօթալի եւ գայթակղեցուցիչ սխալներ են, որոնք կարելի չէ ներել, մանաւանդ որ այդ սխալները գործողները ներողութիւն չեն խնդրեր, այլ կը յամառին իրենց սխալին մէջ եւ կը յաւակնին պահել ղեկավարութեան իրենց դիրքերը։
Այդ սխալները այնքան շատ են, որ դժուար է յիշել բոլորը, սակայն կեդրոնանամ գլխաւոր սխալին վրայ եւ յետոյ կը փորձեմ թուել կարգ մը ուրիշներ։
Գլխաւոր սխալը եղած է համագործակցութիւնը ազգավնաս եւ կեղեքիչ իշխանութիւններու հետ։ Ոմանք պիտի ըսեն, որ Դաշնակցութիւնը սատանային հետ ալ պատրաստ է գործակցելու՝ եթէ այդ մէկը հայ ազգի շահին համար է, բայց այս պարագային՝ ո՞րն էր հայ ազգի շահը։ Գիտնալով ինչքան փտած էր համակարգը, Դաշնակցութիւնը պէտք է հաշտ մնար իր բարոյական սկզբունքներուն, քանի որ, ըստ իս, Դաշնակցութիւնը առաջին հերթին բարոյականութիւն է, եւ ուրեմն պէտք է մնար ընդդիմութեան շարքերուն մէջ ու պայքարէր ժողովուրդը կեղեքող ցեցերուն դէմ։
Այդ պայքարը պէտք է ըլլար խաղաղ թէ զինեալ՝ արդէն ուրիշ նիւթ է, եւ կարելի էր հասկնալ խաղաղ պայքարի ընտրութիւնը, նկատի ունենալով երկրի պատերազմական վիճակը եւ երկիրը ներսէն չտկարացնելու հրամայականը։ Ընդդիմութեան մէջ ըլլալը կրնար մեզի զրկել Հայաստանի մէջ ազատ աշխատելու, գործունէութիւն ծաւալելու եւ պաշտօններ զբաղեցնելու կարելիութենէն, բայց պիտի նախընտրէի հալածուինք քան մեր բարոյական ըմբռնումներէն զիջինք եւ մեր վարկը այս աստիճան կորսնցնենք։
Ռոբերտն ու Սերժը մեզի պէտք չունէին Հայաստանի մէջ իրենց քրէաօլիկարխիք իշխանութիւնը ամրապնդելու համար։ Անոնք պարզապէս օգտագործեցին Դաշնակցութեան վարկը իբրեւ շղարշ եւ մեր օգնութեամբ տարիներ շարունակ փոշի ցանեցին սփիւռքահայ լայն զանգուածներու աչքերուն։ Ի վերջոյ ձախողեցան, բայց մենք ալ կորսնցուցինք տարիներու հերոսներու զոհողութեամբ վաստակած վարկն ու պատիւը։
Ցաւոք սրտի, մեզ այնքան կուրցուցած էր մեր արդարացի հակակրանքը եւ ընդդիմութիւնը Լեւոն Տէր Պետրոսեանի անձին եւ քաղաքականութեան նկատմամբ, որ թոյլ տուինք որեւէ իշխանութեան, որ Արցախի հարցով հանդէս կու գար կարծր դիրքերէ եւ Թուրքիոյ եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին հանդէպ կը մնար պահանջատէր, մեզի խաբելու եւ մեր աջակցութիւնը ապահովելու։ Նման սխալ կարելի էր ներելի համարել սկիզբի մի քանի տարիներու ընթացքին, բայց երբ այլեւս յստակ էր թէ որքան զարհուրելի եւ ազգավնաս էր այդ իշխանութիւններուն ստեղծած իրավիճակը երկրէն ներս, պէտք է սթափէինք եւ միանայինք ընդդիմութեան։
Թէ այդ մէկը չըրինք եւ մինչեւ օրս կը մնանք յեղափոխութիւնը քննադատողի դիրքերու վրայ եւ նոյնիսկ կը համագործակցինք ՀՀԿ-ին հետ՝ ընդդէմ Նիկոլ Փաշինեանին, լուրջ կասկածներ կ՛արթնցնէ իմ մէջ մեր ղեկավարութեան նկատմամբ։ Անհասկնալի էր ինծի համար ինչպէս Քոչարեանը երկու առիթով «հարցազրոյց» կրնար տալ Երկիր Մետիային առանց որ իրեն գոնէ մէկ հատ նեղը դնող հարց տրուէր։ Աղտոտներու հետ այդքան երկար տարիներ շփուելով արդեօք կարելի՞ էր չաղտոտիլ։ Կը կասկածիմ, բայց նաեւ կ՛ուզեմ չհաւատալ։
Ես չեմ կրնար հասկնալ դաշնակցական որոշ յօդուածագիրներու այս աստիճան վերապահ կեցուածքը Նիկոլ Փաշինեանի յեղափոխական մարտավարութեան եւ ոճին նկատմամբ, եւ այդ վերապահութեան ու հակակրանքի գաղափարական հիմքերը։ Միթէ ՀՅԴ-ի Յ-ն ալ իմաստ չունի՞։ Այսօր այնքան կը ճառենք սահմանադրութենէ, սահմանադրական կարգեր չխախտելէ, եւ Ազգային Ժողովի իրաւասութիւնները ոտնակոխ չընելէ, որ կարծես Հայ Սահմանդրական Դաշնակցութիւն ըլլայինք։
Մեր քննադատութիւնները ինծի կը յիշեցնեն անցեալի պահպանողական, քաղքենի եւ բարեկեցիկ հայերը, որոնք Դաշնակցութեան յեղափոխական մարտավարութիւնը կը քննադատէին որպէս ռոմանթիկ, արկածախնդիր եւ անպատասխանտու։ Կարելի էր մտավախութիւններ ունենալ Ապրիլին կամ Մայիսի սկիզբին, մտածելով որ ներքին ցնցումները կրնան մեր սահմանները վտանգել եւ առիթ տալ թշնամիին մեզ ծանր հարուած հասցնելու, բայց երբ յեղափոխութիւնը յաջողութեամբ աւարտեց իր առաջին փուլը առանց որեւէ ցնցումի եւ մեր սահմանները մնացին ամուր (չըսելու համար աւելի ամրացած), այդ մէկը մեզի առիթ պէտք է տար հրճուելու եւ անվերապահօրէն միանալու յեղափոխութիւնը իրականացնող շարժման եւ անոր ղեկավարին, օգնելու համար որ յեղափոխութիւնը հասնի իր տրամաբանական աւարտին եւ ձերբազատուի նախկին համակարգը ներկայացնող բոլոր կառոյցներէն, ըլլայ այդ կեղծիքներով եւ ընտրակաշառքներով գոյացած եւ այլեւս ժողովուրդը չներկայացնող Ազգային Ժողովէն թէ անարդար դատական համակարգէն։
Պէտք է ջատագովը ըլլայինք անցողական դատական մարմիններու կայացման եւ հանրաքուէով Ազգային Ժողովը անմիջապէս ցրելու եւ արտահերթ ընտրութիւններ կազմակերպելու մարտավարութեան։ Փոխարէնը, շարունակեցինք արհամարհել «փողոցը» եւ ժողովուրդը եւ անոր անունով խօսող Նիկոլ Փաշինեանը։ Նոյնիսկ Երեւանի Աւագանիի ընտրութիւնները մեզի դաս չեղան որ հասկնանք թէ այդ «փողոցը» իսկապէս կը ներկայացնէ ժողովուրդը։ Տակաւին «Ազգային Ժողով» եւ «սահմանադրութիւն» կը խաղանք, այդ ալ դարձեալ գործակցելով ՀՀԿ-ին հետ։ Ինչո՞ւ այդքան կը սարսափինք ժողովուրդի վճիռէն։ Հերիք այսքան մեծամտութիւն եւ գոռոզութիւն։
Այո, որոշ շրջան մը Հայաստանի մէջ կրնայ ըլլալ մենատիրութիւն, բայց փոխանակ այդ մէկը ըլլալու աւազակախումբի մը մենատիրութիւն, ան գոնէ կ՛ըլլայ ժողովուրդի մենատիրութիւն։ Այսօրուայ խորհրդարանական ուժերը, ՀՀԿ-ն, ԲՀԿ-ն եւ ՀՅԴ-ն Հայաստանի ժողովուրդին վստահութիւնը վայելող կուսակցութիւններ չեն եւ չունին բարոյական հեղինակութիւնը՝ կիսելու իշխանութեան պատասխանատուութիւնը։ Հայաստանի մէջ նախկին փտած համակարգէն բխած ԱԺ-էն ներս իրենց գոյութիւնը իրենց իրաւունք եւ «լեգիտիմութիւն» չի տար յեղափոխութեան յաջորդ քայլերուն մասին կեցուածքներ ճշդելու եւ բանակցելու։ Յաջորդ ընտրութիւններուն հաւանաբար ներկայ իսկ չըլլան ԱԺ-էն ներս։ Հետեւաբար ինչի՞ համար Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է հաշուի նստի իրենց հետ։
Ըստ իս, ՀՀԿ-ի եւ ԲՀԿ-ի օրերը համրուած են որովհետեւ անոնք կուսակցութիւն ըլլալու հիմքերն իսկ չունին։ Դաշնակցութեան պարագան այլ է։ Դաշնակցութիւնը կրնայ տակաւին ունենալ փայլուն ապագայ եւ շարունակել իր ներդրումը բերել հայ ազգի հզորացման եւ բարգաւաճման գործին մէջ, բայց այդ մէկը ընելու համար ան ըստ իս պէտք է առնէ որոշ քայլեր՝
• Ձերբազատուի իր այսօրուայ վարկաբեկուած ղեկավարներէն։
• Մաքրէ շարքերը պատեհապաշտ եւ իշխանապաշտ տարրերէն։
• Փոխէ կանոնագիրը որպէսզի այլեւս անկարելի ըլլայ որեւէ անհատի տասնամեակներ շարունակ միահեծան նստած մնալ ղեկավարի աթոռին։
• Ստեղծէ պայմանները եւ միջոցները ղեկավարութեան դիրքերը միշտ թարմացնելու երիտասարդ ուժերով։
• Քաջալերէ գաղափարներու փոխանակում եւ մրցակցութիւն նոյնիսկ եւ մանաւանդ իր մամուլով, եւ փոխանակ իրմէ հեռացնելու, կարենայ վերստին ներգրաւել հայ ազգի ամէմէն փայլուն եւ ազնիւ միտքերը։
• Դադրի կուսակցութիւնը սրբութեան վերածելէ։ Կուսակցութիւնը ինքնանպատակ չէ, ոչ ալ նպատակ. ան պարզապէս նպատակի մը հասնելու միջոց է. Հետեւաբար պաշտենք նպատակը եւ ոչ թէ միջոցը։
Ժամանակն է ինքնամփոփուելու, համեստանալու, վերլուծելու եւ ախտաճանաչում կատարելու։ 130 տարուայ կուսակցութիւն ըլլալը հպարտանքի առիթ է, այո, բայց տարիքը ունի իր առաւելութիւնները եւ անպատեհութիւնները։ Յաճախ կը կեդրոնանանք առաւելութիւններուն վրայ, բայց յիշենք նաեւ որոշ անպատեհութիւններ ինչպիսին են քարացած մտքերը, քարացած կառոյցը, establishment-ի մտածելակերպը, որոշ պահպանողականութիւն մը, եւ արագ որոշումներ առնելու եւ փոփոխուող կացութիւններու յարմարուելու անընդունակութիւնը եւ դժկամութիւնը։ Հազուագիւտ են կազմակերպութիւնները (ներառեալ «պիզնէսի» աշխարհէն ներս) որոնք կը գտնեն բանալին տարիքի բարիքներէն օգտուելով հանդերձ խուսափիլ չարիքներէն եւ մնալ երիտասարդ ու կենսունակ։ Յոյսով եմ, որ Դաշնակցութիւնը կը կարողանայ գտնել այդ բանալին։
Որովհետեւ առաջին անգամն է որ նման յօդուած կը գրեմ եւ հաւանաբար վեր՚ջին, պիտի խղճիս հանգիստին համար յիշեմ նաեւ մի քանի այլ սխալներ այս վերջին երկու տասնամեակներու մեր պատմութենէն, որոնք չեմ կարողացած մարսել՝
• Լուռ մնալը այն սպանդին առջեւ որը տեղի ունեցաւ 2008-ի Մարտ 1-ին, երբ Ռռբերդ Քռչարեանը իշխանութիւնը փոխանցեց ՍԵրժ Սարգսեանին ամէնայն անօրինութեամբ եւ խարդախութիւններով, եւ ժողովուրդի արդար ցասումը խեղդեց արեան մէջ։ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հանդէպ մեր հակակրանքը այնքան կուրցնող բարթոյդի էր վերածուած, որ լռեցինք եւ կուլ տուինք։
• Սասնայ Ծռերու ապստամբութեան ընթացքին, այն հեգնանքն ու անտարբերութիւնը որ ցուցաբերեց կուսակցութիւնը նոյնիսկ թոյլ տալով որ այդ նուիրեալ տղոց գործողութիւնը պիտակուի terrorism, կամ ոճիր, կամ արկածախնդրութիւն։ Մոռցանք որ այդ տղաքը, շատերը նախկին դաշնակցականներ, Արցախի ազատագրմական պայքարի նուիրեալ զինուորներ էին, կը մնային կառչած իրենց դաշնակցական գաղափարներուն ու բարոյականութեան, եւ կը մերժէին հայ ժողովուրդը տեսնել ստրկացած։ Պէտք է Դաշնակցութեան ղեկավարութիւնը առաջին իսկ օրէն երթար եւ կենար այդ տղոց եւ զիրենք շրջապատող ոստիկանութեան միջեւ եւ թոյլ չտար ցուցարարներու վրայ գրոհը, որ տեղի ունեցաւ եւ վերջ գտաւ այդ հերոսներու խայտառակ բանտարկութեամբ եւ խոշտանգումով։
• Այն անտարբերութիւնը որ ցոյց տուած ենք Արսեն Արծրունիի նկատմամբ։ Ի վերջոյ ան նուիրեալ եւ ազնիւ դաշնակցական է։ Տեղեակ չեմ իր դէմ եղած ամբաստանութիւններու մանրամասնութիւններէն. բայց նոյնիսկ եթէ ան գործած է սխալներ որոնք արժանի էին բանտարկութեան, վստահ եմ որ այդ սխալները ան չէ գործած մղուած անձնական շահերէ եւ զինք թողնելը, որ բանտին մէջ յաճախ անմարդկային պայմաններու մէջ ցկեանս փտի առանց ներում ապահովելու որեւէ ճիգ կատարելու, ինծի համար անընդունելի լկտիութիւն է։
• Մեր մամուլը վերածել սովետական օրերու PRAVDA-ն յիշեցնող մամուլի ուր միայն տեղ կը գտնեն պաշտօնական «ճշմարտութիւններ»ն ու գաղափարները, կ՛արգիլուի տպել սեւ ցանկերու վրայ գտնուող մարդկանց յօդուածները, եւ ուր կը հանդիպինք ինքնափառաբանութեան ամէնէն տգեղ
երեւոյթներուն։ Ձգեցէք ուրիշները փառաբանեն Դաշնակցութեան։ Չփորձենք մեր ներկայի սխալները ծածկել պահուըտելով մեր հերոսներու յիշատակի ետին։
• Վերջապէս, եւ կապուած նախորդ կէտին, մերժումը որեւէ քննադատական մտքի, նոյնիսկ կառուցողական քննադատութեան, հալածախտէ տառապող անձի նման հետեւիլը իւրաքանչիւր կուսակցականի գրառումներուն կամ like-երուն սոցիալական ցանցերուն մէջ, պաշտօնական գիծին չհամակերպող անձանց պատճելով, հեռացնելով, եւ նոյնիսկ ծեծի ենթարկելու հիւանդագին որոշումներ տալով, եւ այդ ամէնէն ետք, առանց ամչնալու, քննադատելով ուրիշներուն «մտքի տէռոր» իրականացնելու համար։
Այս ամէնը գրելով, չեմ ուզեր մէկ ջուրով լուալ Դաշնակցութեան վերջին երկու տասնամեակներու ամբողջ գործունէութիւնը։ Դաշնակցութիւնը միշտ կը մնայ Հայ Դատի պայքարի առաջատար դիրքերուն վրայ եւ իր Հայ Դատի յանձնախումները Ամերիկա, Եւրոպա եւ ամէնուրէք հսկայական աշխատանք կը տանին եւ կ՛ապահովեն լուրջ յաղթանակներ։ Նոյնպէս յարգելի են հայապահպանման նուիրուած աշխատանքները եւ Դաշնակցութեան քոյր միութիւններու ծաւալած բարեգործական, կրթական, մշակութային եւ այլ գործունէութիւնը։
Իմ քննադատութիւնը կը վերաբերի մեր ղեկավարութեան վարած քաղաքականութեան եւ կեցուածքին Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքէն ներս։ Եւ երբ կ՛ըսեմ ղեկավարութիւն, նկատի չունիմ Բիւրոյի եւ Գերագոյն Մարմնի անդամ եղող իւրաքանչիւր ընկերոջ։ Նկատի ունիմ միայն այդ որոշումները բոլորին պարտադրած եւ զանոնք ամէն գնով պաշտպանելու համար ճիգ չխնայող անձանց, թէեւ միւս ընկերներու լռութիւնը եւ մարմիններէն չհրաժարիլը կը գտնեմ անհասկնալի։
Վերոնշեալ այդ ղեկավարները պատմութեան դատաստանին առջեւ իրենց պատիւը փրկելու վերջին առիթ մը ունին, եւ չհաւատալով հանդերձ կը յուսամ որ այդ առիթը կ՛օգտագործեն, կամովին հեռանալով քաղաքական ասպարէզէն եւ հրաժարելով մարմիններու վրայ մնալու ամէն փորձէ։»
Ռուբէն Քարաքշեան