16 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
Յ. Պալեան
Մենք շատ կը գրենք եւ կը խօսինք մեր «փոքր ածու»-ին մէջ յայտնուող զանազան չարաշահումներու մասին: Կարծէք` գիւտ կ՛ընենք: «Կոռուպցիա»-ն` չարաշահման, կաշառակերութեան, դիրքի շահագործման եւ կողոպուտի իր տարբեր արտայայտութիւններով դարձած է անշրջանցելի եզրը մամուլի, լրատուութեան եւ քաղաքական ճառերու, հոն, ուր իշխանութիւն կայ: Եթէ երբեմն ինքնաքննադատական մօտեցում ցուցաբերենք, պիտի տեսնենք, որ չարաշահումը պատմական եւ համամարդկային ընթացք է` հակառակ եղած քննադատութիւններու, յեղափոխութիւններու, պատերազմներու, դատարաններու եւ կառափնատներու:
Փտածութիւններ եղած են եւ կան բոլոր երկիրներուն մէջ` տարբեր համեմատութիւններով: Անբուժելի վարակի պէս, հակառակ յայտարարուած պայքարներուն եւ պատիժներուն:
Հայերս, երբ այս երեւոյթին մասին խօսինք, կը կարծենք, որ նոր օրերու մարգարէ ենք: Իշխողը` անհատ կամ խմբաւորում, միշտ տարուած է անտեսելու, արհամարհելու եւ շահագործելու իր հպատակները եւ քաղաքացիները, որոնք յաճախ կը պատշաճին կացութեան, ամէն օր յեղափոխութիւն չեն ըներ: Կարծէք` իշխանութեան մկրտութեան աւազանին մէջ է խաթարումը: Համեստ եւ իրատես կը դառնանք, եթէ յաճախենք «մեծերու» դպրոցը, ինչպէս երբեմն կ՛ըսեմ եւ կը գրեմ: Փտածութիւնը (կոռուպցիա) ընթացիկ եւ սովորական երեւոյթ է ընկերութիւններու մէջ: Ան եղած է պատմութեան մէջ, ոչ մէկ ընկերութիւն անկէ զերծ մնացած է: Ան կայ նաեւ այսօր: Հայկական իւրայատկութիւն չէ: Այս հաստատումը ո՛չ յոռետեսութիւն է եւ ո՛չ ալ յուսահատութեան խոստովանութիւն: Պարզապէս` իրատեսութիւն, որ չի նշանակեր ձեռնածալ մնալ:
ԺԸ. դարու իմաստասէր Մոնթեսքիէօ խօսած եւ գրած է օրէնքներու մասին, իր միտքերը նախապատրաստած են ֆրանսական Մեծ յեղափոխութիւնը: Օրէնքի մասին իր գիրքը` «Օրէնքներու ոգին» (L՛esprit des Lois) դասական է, ըմբռնելու համար օրէնքները եւ կառավարումները, անոնց յարաբերականութիւնը: Մոնթեսքիէօ ունի խիստ դիպուկ արտայայտութիւն մը, որ այսօր ալ այժմէական է. «Ամէն մարդ, որ իշխանութիւն ունի, հակուած է զայն չարաշահելու» (Tout homme qui a du pouvoir est porté à en abuser): Յիսուս ալ ըսած էր. ան, որ երբեք չէ մեղանչած, թող նետէ առաջին քարը… Քաղաքականութիւնը տոնքիշոթութիւն պէտք չէ խաղայ` հաւատալով եւ հաւատացնելով, որ ամէն տեսակի չարաշահումներուն դէմ պայքարելով` զանոնք արմատախիլ պիտի ընէ:
Մարդուն եւ ընկերութեան ինքնաընծայուած միակ կարելիութիւնը ողջմտութեամբ եւ արդարամտութեամբ չափի եւ սահմանի օրէնքներու որդեգրումն է պետութեան մը բոլոր օղակներուն մէջ, ինչպէս նաեւ բոլոր տեսակի կազմակերպութիւններու` բարեսիրական, ընկերային, քաղաքական, միութենական: Օրէնքը կը նմանի պատշգամի բազրիքին, վար չիյնալու համար, ֆրանսացի կ՛ըսէ` «garde-fous»: Ամէնէն աչքառուն պետական մակարդակով չարաշահումն է, զոր չափաւորելու եւ սահմանափակելու համար անհրաժեշտ են օրէնքներ եւ այդ օրէնքներով գործող համապատասխան կառոյցներ: Այս մտահոգութեամբ եւ գիտակցութեամբ է, որ հետեւելով Անգլիոյ` բազմաթիւ երկիրներ որդեգրած են իշխանութեան եւ կառավարման բաժանումը երեք գլուխներու տակ` օրէնսդրական, արդարադատական եւ գործադիր, որ ընդունուած կարգ է ժողովրդավարական երկիրներու մէջ: Այս համակարգով թագաւորը (կամ իշխանաւորը) չի կրնար ըսել, որ «ես եմ պետութիւնը» (L՛Etat c՛est moi)` հետեւելով ֆրանսայի Լուդովիկոս ԺԴ. թագաւորի խօսքին:
Միամիտ պէտք չէ ըլլալ. իշխանութիւն ձեռք բերելու եւ զայն պահելու համար անխուսափելիօրէն պիտի ըլլան, կ՛ըլլան զանազան բնոյթի չարաշահումներ: Ֆրանսացի մեծ գրող եւ թատերագիր Հանրի տը Մոնթերլան արագ եւ խիտ տարազումով բնորոշած է կացութիւնը: Կ՛ըսէ. «Չկայ իշխանութիւն: Կայ իշխանութեան չարաշահում, ուրիշ ոչինչ» (Il n՛y a pas le pouvoir. Il y a l՛abus de pouvoir, rien d՛autre): Այսինքն իշխանութեան գոյութեան եւ անոր պահպանման պայմանը չարաշահումն է, ծննդոցի եւ շարունակման, ի՛նչ ալ ըլլան թատերական եւ բարոյախօսական ճապկումները` հակառակը ըսելու: Նոյնքան լուսաբանող է անգլիացի քաղաքական դէմքի` Լորտ Աքթընի դիպուկ տարազը, ըստ որուն` «Ամէն իշխանութիւն կ՛եղծանէ: Բացարձակ իշխանութիւնը բացարձակօրէն կ՛եղծանէ»: Յիշել` Ստալինը, Հիթլերը, բոլոր բացարձակ իշխանութիւն հաստատած մենատէրերը, անցեալի եւ ներկայի, մոլորակի այս կամ այն շրջանին մէջ:
Իշխանութեան չարաշահման դրսեւորումները բազմաթիւ են, որոնք ծանօթ են, լրատուամիջոցները լայնօրէն կ՛անդրադառնան անոնց մասին. պաշտօններու իւրացում եւ բաժանում ընտանիքի անդամներու եւ ընկեր-բարեկամներու, պատասխանատուութիւններէ եւ պարտականութիւններէ խարդախութեամբ զերծ կացուցում, օրինակ` տուրքէ, տուգանքէ, դատական հետապնդումէ, զաւակներու համար ազգային-զինուորական ծառայութենէ խուսափում, ազդեցութեան բանեցում` վարձատրութեան փոխարէն եւ անպատժելիութեան հաստատում: Կը խօսուի բացայայտուած պարագաներու մասին միայն, իսկ ուրիշներ կը մնան ծածուկ, յաճախ` մեղսակցութիւններով: Այսինքն հանրային կարծիքը տեղեակ կ՛ըլլայ սառցալերան ծփացող-երեւցող մասին, իսկ մեծ մասը կը մնայ թաքուն, ջուրին տակ:
Օրէնքներով եւ կանոններով կարելի է սահմանափակել բոլոր տեսակի չարաշահումները եւ անոնց տարողութիւնը` գիտնալով, որ անոնք այլ տեղ եւ այլ ձեւերով պիտի շարունակուին: Երբ իշխանափոխութիւն տեղի չ՛ունենար, անգիտակցաբար եւ աստիճանաբար կը հաստատուի զանազան ձեւերով եւ արդարացումներով բացարձակ իշխանութիւն, եւ չարաշահումները հետզհետէ նուազ հակակշռելի կ՛ըլլան:
Որքա՜ն փափաքելի պիտի ըլլար, որ մեր «փոքրիկ ածու»-ն զերծ ըլլար ամէն կարգի բացասականութիւններէ, չարաշահումներէ: Ասիկա բարեմիտի ցանկութիւն է: Այդպէս չէ եւ այդպէս պիտի չըլլայ: Բայց պէտք է տեւաբար ձգտիլ հակակշռի, կանխարգիլման եւ բարոյականացման կառոյցներու ստեղծման, որոնք մշակուած են եւ կան ուրիշ երկիրներու մէջ:
Դժբախտաբար ամէն օր չեն ծնիր անանձնական մարդիկ, ինչպէս` Կանտի մը, եւ մեր «փոքրիկ ածու»-ին մէջ յայտնուած լուսաւոր դէմքեր, ինչպէս` Սիմոն Զաւարեան մը, Նիկոլ Աղբալեան մը, Արամ մը: Անոնց կենցաղի յիշեցումները զանգուածներուն կանխարգիլող օրէնքէ մը աւելի մեծ ազդեցութիւն կրնան ունենալ:
Կանխարգիլման մշակոյթ պէտք է ստեղծել օրէնքներով եւ անձի օրինակով, նոյնիսկ եթէ անձի օրինակը գտնել եւ անոր հետեւիլ քիչ մը երազել համարուի…
Եւ երբեմն ալ` լսել բանաստեղծութիւն եւ բանաստեղծ, նոյնիսկ երբ քաղաքականութիւն կը խաղանք նիւթական աշխարհի սեւ կուպրով պատուած մայրուղիներուն վրայ, կրկնել բանաստեղծին հետ, որպէսզի հոգիները մաքրուին ծինային-գենետիկ ախտէ, ոմանք կ՛ըսեն` յեղափոխութիւն, Պղատոն կ՛ըսէր` catharsis.
Օգնիր ինձ կեանքում ուղիղ ընթանալ,-
Եթէ քնած եմ` քնից արթնանալ,
Թէ դուռը բաց է` ի զուր չբանալ,
Եղածով երբեք չհանգստանալ
Եւ չասել, թէ իմ արածն արեցի:
Բանաստեղծը` Եղիշէ Չարենց…
yerakouyn.com/2018/10/16/