«Յանկարծ փայլատակեց շատոնց արդէն ամպոտած երկինքը մեր, եւ հոն տրաքեց ատրճանակ մը… Եւ տրաքեցին ուրիշներ, տրաքեցին մէկ-մէկ, իսկ երբեմն ալ միասին, տրաքեցին հայօրէն… Եւ այսպէս տրաքումէն ծնունդ առաւ եղանակ, ծնունդ առաւ քայլերգ մը, արդարութիւն պարտադրող…» Վիգէն Յովսէփեան
Հայոց Մարտիկներ – Գառնիկ Սարգիսեան
🛑 «Յանկարծ փայլատակեց շատոնց արդէն ամպոտած երկինքը մեր, եւ հոն տրաքեց ատրճանակ մը… Եւ տրաքեցին ուրիշներ, տրաքեցին մէկ-մէկ, իսկ երբեմն ալ միասին, տրաքեցին հայօրէն… Եւ այսպէս տրաքումէն ծնունդ առաւ եղանակ, ծնունդ առաւ քայլերգ մը, արդարութիւն պարտադրող…» Վիգէն Յովսէփեան
Posted by Radio YAN on Monday, October 15, 2018
Ռատիո Եան: Յանկարծ փայլատակեց շատոնց արդէն ամպոտած երկինքը մեր, եւ հոն տրաքեց ատրճանակ մը… Եւ տրաքեցին ուրիշներ, տրաքեցին մէկ-մէկ, իսկ երբեմն ալ միասին, տրաքեցին հայօրէն… Եւ այսպէս տրաքումէն ծնունդ առաւ եղանակ, ծնունդ առաւ քայլերգ մը, արդարութիւն պարտադրող… Քայլերգը երգեցին կտրիճներ, քայլերքը երգեցին մարտիկներ, երգեցին յաճախ, երգեցին հաստատօրէն, իսկ երբեմն ալ յոգնութեամբ… Երգեցին զէն ի ձեռին, իսկ երբեմն ալ բանտերէն… Բայց, միշտ, մի՛շտ երգեցին, հայօրէն…
Թող այս երգը նուիրուի, այդ քայլերգին հաւատարիմ մարտիկներուն՝ ամէն կողմ, թող նուիրուի անոնց՝ ըլլան անոնք ներս, թէ դուրս, թող նուրիուի անոնց, ըլլան անոնք այսդի աշխարհ, թէ անդի, բայց…
Թող նուիրուի, հայօրէն…
Արեւին, կարկուտին թէ բուք բորանին,
Մայթերու, փողոցի մութ անկիւններին,
Կը սպասէք, կը հալածէք ու կը հարուածէք
Ամէնուր, ամէն տեղ ներկայ էք դուք։
Հայոց մարտիկներ, հայոց մարտիկներ,
Մեր այսօրուան անվեհեր ջա՜ն ֆետայիներ,
Հայոց մարտիկներ,
Ազատութեան սիրոյն զոհուող ջա՜ն զինուորներ,
Հայոց մարտիկներ, հայոց մարտիկներ,
Ռոստոմի ու Դումանի քաջ որդիներ,
Բռնակալ թուրքը հարուածող տղաք ու աղջիկներ,
Խղճի մարտիկներ, կամքի մարտիկներ,
Հայոց մարտիկներ…
Նպատակը ձեր թող չթուլանայ,
Արդար գնդակը ձեր թող միշտ բազմանայ,
Բազուկները ձեր թող յաւերժ ամրանան,
Խումբերը ձեր թող մի՛շտ-մի՛շտ խտանան։
Հայոց մարտիկներ, հայոց մարտիկներ,
Մեր այսօրուան անվեհեր ջա՜ն ֆետայիներ,
Հայոց մարտիկներ,
Ազատութեան սիրոյն զոհուող ջա՜ն զինուորներ
Հայոց մարտիկներ, հայոց մարտիկներ,
Ռոստոմի ու Դումանի քաջ որդիներ,
Բռնակալ թուրքը հարուածող տղաք ու աղջիկներ,
Խղճի մարտիկներ, կամքի մարտիկներ,
Հայոց մարտիկներ…