17 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հրաժարական տուաւ իր պաշտօնէն: Այս մասին վարչապետը յայտարարեց Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանի ուղիղ սփռումով:
«Ինչպէս ես ըսած էի, այսօր հրաժարական կու տամ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնէն», նշեց վարչապետ Փաշինեան` աւելցնելով. «Այս հրաժարականի նպատակը սակայն վարչապետի պաշտօնէն հեռանալը, այսինքն` ձեր առջեւ ստանձնած պատասխանատուութենէն փախչիլը չէ, այլ ընդհակառակն` մեր միասին իրականացուցած ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդային յեղափոխութիւնը աւարտին հասցնելը` արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպելու եւ ամբողջ իշխանութիւնը ժողովուրդին վերադարձնելու միջոցով»:
Անդրադառնալէ ետք ապագային տեղի ունենալիք հաւանական իրադարձութիւններուն` արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու իմաստով, վարչապետ Փաշինեան աւելցուց. «Խորհրդարանական ուժերը ցոյց տուած են, որ անկախ բոլոր հակասութիւններէն մեր պետութիւնը, անոր կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը կարմիր գիծ են նաեւ խորհրդարանական միւս ուժերուն համար, եւ կը հաւատամ, որ անոնք երբեք այդ գիծերը պիտի չանցնին: Մանաւանդ որ թէ՛ ՀՀԿ, թէ՛ Ծառուկեան դաշինք, թէ՛ ՀՅԴ խմբակցութիւնները հրապարակային յայտարարած են, թէ՛ վարչապետի թեկնածու առաջադրել կամ վարչապետ ընտրելու մտադրութիւն չունին»:
«Նաեւ կ՛ուզեմ Ազգային ժողովի նախկին մեծամասնութեան ներկայացուցիչներուն ըսել, որ մենք, այո՛, քննադատած ենք եւ կը քննադատենք ձեզ, բայց ասիկա չի նշանակեր, թէ Հայաստանի մէջ թշնամիներ կը փնտռենք կամ պիտի փնտռենք», ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Յայտնենք, որ երէկ աւելի ուշ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրած է հրամանագիր մը, որով կ՛ընդունի կառավարութեան հրաժարականը` հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 130-րդ յօդուածը:
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանի հրաժարականը . Ուղիղ միացում
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանի հրաժարականը .Ուղիղ միացում
Posted by Armenpress on Tuesday, October 16, 2018
aztagdaily.com/archives/412610
yerakouyn.com/2018/10/16/