Ընդունելով ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները` «Բարձր Կը Գնահատեմ ՀՅԴ-ի Գործունէութիւնն Ու Դերը» Շեշտեց Վարչապետ Փաշինեան
17 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը, խմբակցութեան անդամ Սպարտակ Սէյրանեանը եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանը:
Իր խօսքին մէջ վարչապետ Փաշինեան նշած է. «Արդէն քննարկումներու նոր փուլն է, եւ ուրախ եմ այս առիթին համար: Շատ կարեւոր կը նկատեմ այս երկխօսութիւնը եւ կ՛ուզեմ ըսել, որ բարձր կը գնահատեմ ՀՅԴ-ի գործունէութիւնն ու դերը մեր ժամանակակից քաղաքական կեանքին մէջ: Յոյս ունիմ, որ մեր խօսակցութիւնները, քաղաքական գործընթացները եւ քաղաքական իրավիճակը պիտի ընթանան համագործակցութեան շարունակութեան տրամաբանութեամբ, եւ, վստահաբար, մենք պատրաստ ենք ընելու ամէն ինչ անոր համար: Համոզուած եմ, որ նաեւ ձեր ընկալումը այդպիսին է:
Մենք քաղաքական այս իրավիճակին մէջ պէտք է մնայուն երկխօսութեան մէջ ըլլանք, քննարկենք խնդիրները: Ես չեմ ուզեր ըսել, որ մենք յոյս ունինք, որ խնդիրներ պիտի չունենանք, ատիկա ընդհանրապէս լաւ դրութիւն չէ որեւէ ժողովրդավարական երկրի մէջ, պէտք է յուսալ, որ բոլոր խնդիրները կարելի ըլլայ քննարկել փաստարկներու, երկխօսութեան եւ քաղաքական իրավիճակի հաշուառման եւ երկրի պետական ու ազգային շահերու, ժողովուրդի շահերու տրամաբանութեան տեսանկիւնէն: Ուրախ եմ այս հանդիպումին համար եւ շնորհակալ եմ նաեւ ձեր պատրաստակամութեան համար»:
Իր կարգին, Արմէն Ռուստամեան ըսած է. «Մենք նոյնպէս շնորհակալ ենք պարոն վարչապետ, բնականաբար, Դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որ անկախ անկէ, թէ ինչպիսի՛ զարգացումներ տեղի կ՛ունենան ներքաղաքական առումով, մենք յստակ ունինք մեր գաղափարներն ու քաղաքական դիրքորոշումները, որոնք անփոփոխ պիտի մնան:
Մենք վստահ ենք, որ ի շահ մեր երկրին առջեւ կանգնած թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին մարտահրաւէրներու լուծման, անկախ հետագայ որեւէ դասաւորումէ` մենք միեւնոյնն է, պէտք է շարունակենք իրարու հետ համագործակցիլ ի շահ մեր երկրի, մեր պետութեան: Այդ առումով, Դաշնակցութեան լիարժէք աջակցութիւնը միշտ եղած է եւ պիտի ըլլայ:
Իսկապէս, շատ կարեւոր է, որ այս փուլին մենք կարենանք բոլոր խնդիրները լուծել փոխադարձ յարգանքով, իրար տեսակէտները լսելով, համադրելով, որովհետեւ առողջ համագործակցութիւնը կ՛ենթադրէ նաեւ որոշակի հարցերու հետ կապուած քննարկումներ, ինչու ոչ` բանավէճեր: Վստահ եմ, որ կրնանք հասնիլ ընդհանուր յայտարարի, որովհետեւ մեր նպատակը իսկապէս նոյնն է:
Մենք սկիզբէն այս նոր իրադարձութիւններուն, յեղափոխութեան, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ, շատ մեծ արժեւորում տուած ենք եւ կը կարծենք, որ յեղափոխութիւնը ունի փուլեր, որոնցմէ պէտք է անցնի: Մեզի համար մերժման փուլը նոյնպէս շատ կարեւոր էր, որ կ՛ենթադրէր մերժել անցեալի բոլոր բացթողումները, սխալները: Պէտք է կարենալ վերադասաւորուիլ ու անցնիլ արագ կառուցման, եւ այդտեղ մեր ամբողջական աջակցութեան վրայ դուք կրնաք միշտ յոյս ունենալ»:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են երկրին մէջ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակին վերաբերող հարցեր:
aztagdaily.com/archives/412496