Քաղաքական Անդրադարձ. Արաբական ՕԹԱ՞ն Մը – ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

17 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Նախագահ Թրամփի այն յայտարարութիւնը, թէ Սէուտական Արաբիա չի դիմանար առանց Միացեալ Նահանգներու ռազմական օժանդակութեան, բաւական ընդվզում յառաջացուց արաբական թագաւորութեան մէջ: Սակայն Թրամփ այլ նպատակ կը հետապնդէր այս յայտարարութեամբ:

Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան (3 հոկտեմբեր 2018), Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարած է, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ Պըն Սալման հազիւ կրնայ երկու շաբաթ դիմանալ, եթէ Միացեալ Նահանգները կասեցնեն իրենց ռազմական օժանդակութիւնը արաբական թագաւորութեան: Թրամփի համաձայն, թագաւորութենէն կ՛ակնկալուի յաւելեալ նիւթական վճարումներ կատարել ամերիկեան օժանդակութեան դիմաց:

26 սեպտեմբերին Փենթակոն յայտարարեց, որ հակաօդային պաշտպանութեան «Փաթրիոթ» հրթիռները պիտի վերցնէ Ծոցի երկիրներէն: Ասիկա աղմուկ բարձրացուց Ծոցի երկիրներու թագաւորներուն մօտ, որոնք մտահոգութիւն ունին, որ Իրանի հետ ռազմական հաւասարակշռութիւնը կը խախտի, եւ Իրան իր գերիշխանութիւնը ա՛լ աւելի կ՛ընդարձակէ այդ շրջանին մէջ: Սակայն Միացեալ Նահանգներ ունէին այլ նպատակ. անոնք այս քայլով կը ջանային համախմբել Ծոցի երկիրները, որպէսզի հակաիրանեան ռազմական դաշինք մը գոյացնեն Ամերիկայի օրհնութեանբ: Այստեղ կարեւոր է նշել, որ Սէուտական Արաբիան կախեալ էր այս հրթիռներէն` վար առնելու համար հուսի զինեալներուն կողմէ Եմէնէն արձակուող հրթիռները: Աւելի՛ն. հակաօդային այս համակարգը ապագայի համար պաշտպանական դերակատարութիւն ունէր իրանեան պալիսթիք հրթիռներուն դէմ («Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ», 26 սեպտեմբեր 2018): Փենթակոնի բանբերը յայտարարեց, որ այլեւս «Փաթրիոթ»-ը իր նպատակին չի ծառայեր, եւ պէտք է նոր արդիական միջոցներու դիմել` Ծոցի մէջ կասեցնելու իրանեան պալիսթիք հրթիռներուն վտանգը:

Սակայն ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգները այսպիսի քայլեր կ՛առնեն, արդեօ՞ք Միջին Արեւելքը այլեւս դեր չունի Ուաշինկթընի ռազմավարութեան մէջ:

Էմիրաթական «Նեշընըլ» կայքը կը յայտնէ, որ Միացեալ Նահանգներ մտադիր են հիմնել արաբական ՕԹԱՆ մը, կազմուած` 9 արաբական երկիրներէ: Այս դաշինքին հիմնական նպատակն է պաշտպանել շրջանը իրանական ոտնձգութիւններէն: «Տի Իքոնոմիսթ» (6 հոկտեմբեր 2018) շաբաթաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ այս առնչութեամբ հանդիպում ունեցած է Ծոցի երկիրներու ղեկավարներուն հետ: Այսպիսով, յունուար 2019-ին խորհրդաժողով մը պիտի կազմակերպուի` հիմնելու «Միջին Արեւելքի ռազմավարական դաշինք»-ը: Դաշինքին պիտի միանան` Սէուտական Արաբիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Քուէյթը, Պահրէյնը, Քաթարը, Օմանը, Եգիպտոսը, Յորդանանը եւ Միացեալ Նահանգները:

«Տի Իքոնոմիսթ» կը յայտնէ, որ դաշինքին տարեկան պիւտճէն պիտի ըլլայ մօտ 100 միլիառ տոլար, անիկա բաղկացած պիտի ըլլայ 300.000 զինուորներէ, 5000 հրասայլերէ եւ օդուժի 1000 միաւորէ: Անշուշտ տակաւին բոլոր արաբ ղեկավարները չեն համաձայնած այս դաշինքին շուրջ, մանաւանդ` Քաթարն ու Օմանը, որոնք լաւ յարաբերութիւններ ունին Իրանի հետ:

Այս հարցին առնչութեամբ Միացեալ Նահանգներ ջանքեր կը գործադրեն` մօտեցնելու Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի իշխանութիւնները, որպէսզի վերջ դրուի երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութեան: Բան մը, որմէ օգտուեցաւ Իրանը` սառեցնելու Ծոցի երկիրներուն միասնականութիւնը:

Սակայն արդեօք այս դաշինքը կրնա՞յ կազմուիլ: 1955-ին կազմուեցաւ Պաղտատի դաշինքը, որուն անդամ էին` Թուրքիան, Անգլիան, Փաքիստանը, Իրանը եւ Իրաքը: 1958-ի իշխանափոխութիւնը, որ հակաարեւմտեան յեղափոխութեան մը արդիւնք էր, տապալեց դաշինքը: Հետեւաբար Իրան ձեռնպահ պիտի չմնայ այս դաշինքին դիմաց, հոս նաեւ պէտք չէ զանց առնել ռուսական մտահոգութինը:

Վերջապէս, պէտք է հարց տալ, թէ ինչպէ՞ս գրեթէ նոյն դաշինքին անդամ երկիրները չկրցան յաղթանակ տանիլ Եմէնի մէջ հուսիներու դէմ շղթայազերծուած պատերազմին, եւ այսօր այս նոյն երկիրները կը ջանան ռազմական դաշինք մը կազմել Իրանի դէմ: Այստեղ նաեւ չենք մատնանշեր ներքին արաբական անհամաձայնութիւնները, մանաւանդ` Ծոցի երկիրներուն միջեւ, որոնք ա՛լ աւելի կը դժուարացնեն դաշինքի մը կայունութիւնը:

Yeghia.tash@gmail.com

aztagdaily.com/archives/412534

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail