Թշնամիներու, Մերիններու եւ Ձերիններու Խնդիր Պիտի Չըլլայ. Նիկոլ Փաշինեան

17 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Նոր ժամանակներուն թշնամիներու, մերիններու եւ ձերիններու խնդիր դրուած պիտի չըլլայ: Ըստ Armenpress.am-ի, այս մասին նշած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան, Հոկտեմբեր 17-ին, Հիւսիսային պողոտայի վրայ կազմակերպուած «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» խորագիրով բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառք այցելութենէն ետք՝ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին: Լրագրողներու խնդրանքով՝ Նիկոլ Փաշինեան մեկնաբանած է Յունան Պօղոսեանը Սիւնիքի մարզպետ նշանակելու հարցը:

«Մենք նոր փուլ կը մտնենք: Ես քանի մը անգամ ըսած եմ, կայ պատնէշներ կառուցելու ժամանակ, կայ պատնէշները կազմաքանդելու ժամանակ: Մենք հիմա մտած ենք պատնէշները կազմաքանդելու փուլ: Այստեղ Յունան Պօղոսեանի անձի խնդիր չէ, այլ քաղաքական ուղերձի խնդիր է: Ատիկա այն է, որ մենք թշնամիներու, մերիններու եւ ձերիններու պիտի չբաժնենք: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ անթերի մարդիկ չկան: Ես չեմ յիշեր որեւէ նշանակում, որուն համար խօսակցութիւն չըլլար: Մէկի պարագային կ՝ըսէին երիտասարդ է, միւսի պարագային բարձրահասակ է, երրորդը… դարձեալ կ՝ըսեմ՝ անթերի մարդիկ չկան, անթերի նշանակումներ պիտի չըլլան: Խնդիրը հետեւեալն է, պէտք է յստակ ուղերձ յղենք, որ մենք կը պատրաստուինք համախմբելու ողջ ներուժը»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Ան նշած է, որ շատ կը խօսուի այս կամ այն պաշտօնեայի արարքներուն մասին: Այս ծիրէն ներս վարչապետի պաշտօնակատարը ընդգծած է, որ ով ինչ ըրած է, իր ըրածին համար պատասխան պիտի տայ:

«Կապ չունի պաշտօնեայ է, թէ՝ չէ: Անցած են այն ժամանակները, որ պաշտօնեայ ըլլալ կը նշանակէ արտօնութիւն»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

yerakouyn.com/2018/10/17/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail