17 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Դեսպան Միլզի հարցազրոյցը մեկնաբանած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեանը:
«Մենք չունինք «գրաւուած տարածքներ» հասկացողութիւն: Գրաւումը իր մէջ կը պարունակէ հետեւեալ հանգամանքները` ուրիշի տարածքի զաւթում` սեփական կարիքներու համար, նախօրօք ծրագրաւորուած զաւթում: Մենք որեւէ մէկուն տարածքը չենք զաւթած ինչ-ինչ պատճառներու, սեփական կարիքներու համար:
Արցախեան շարժման վերջին փուլը, որ սկսած է 1988-ին, այնտեղ որեւէ խնդիր չէ եղած տարածքներու վերաբերեալ, Արցախը փորձած է ինքնորոշուիլ, որովհետեւ մեզի համար գոյութեան տարբերակ չկար Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Հետեւաբար` այն ժամանակ մենք կը մտածէինք, որ կարգավիճակի փոփոխութիւնը ինքնաբերաբար թոյլ կու տայ մեզի գոյատեւել, բայց կեանքը ցոյց տուաւ, որ ատիկա այդպէս չէ. Ազրպէյճանը յարձակեցաւ, փորձեց ոչնչացնել մեզ, ցեղասպանութիւն կատարեց ամբողջ նախկին խորհրդային Ազրպէյճանի տարածքին: Մենք, որպէսզի փրկուէինք, ստիպուած եղանք կրակակէտեր ոչնչացնել, եւ փոխուեցաւ քարտէսը, փոխուեցան սահմանները: Վստահաբար գրաւուած տարածքները պէտք է վերադարձնենք, բայց մենք չունինք գրաւուած տարածքներ», ըսած է Բաբայեան:
horizonweekly.ca/e