Էրտողան Զօրավիգ Կանգնեցաւ Սուրիա Ներխուժած Ահաբեկիչներուն՝ Պատճառ Դառնալով Սուրիոյ Ժողովուրդի Սպանութեան. Քըլըճտարօղլու

18 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԹՈՒՐՔԻԱ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտնած է, որ Թուրքիոյ իշխանութեան ղեկավար Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան բացայայտ կերպով իր դերակատարութիւնը ունեցաւ սուրիական տագնապի սրումին մէջ՝ բազմաբնոյթ օժանդակութիւն ցուցաբերելով զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն եւ պատճառ դառնալով հազարաւոր սուրիացիներու սպանութեան եւ միլիոնաւոր մարդոց տեղահանութեան ու գաղթին:

«Ժամանակն է արդէն սուրիացի տեղահանուածները վերադարձնելու իրենց երկիրը եւ օգնելու Սուրիոյ պետութեան, որ վերականգնէ երկիրը, վերաշինէ այն ինչ որ ահաբեկիչները քանդած են: Սա պիտի նպաստէ Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի ապահովութեան եւ կայունութեան ամրագրման»,- յայտնած է Քըլըճտարօղլու իր կուսակցութեան խորհրդարանական դաշինքի հանդիպումին ընթացքին:

Անդրադառնալով ամերիկացի վերապատուելի Էնտրու Պրանսընի հարցին, որուն թրքական դատարանը ձերբակալած էր 2016-ին՝ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջումի փորձին հետ կապ ունենալու յանցանքով եւ օրեր առաջ ազատ արձակած, Քըլըճտարօղլու ըսաւ. «Էրտողան պէտք է յստակացնէ, թէ ինչո՛ւ, ի՛նչ բանի փոխարէն եւ ինչպէ՛ս տեղի ունեցաւ անոր ազատ արձակումը, երբ նախապէս Էրտողան անոր եւ ԱՄՆ-ի դէմ հանդէս եկած էր ծանր խօսքերով՝ վերապատուելին հռչակած էր դաւաճան, լրտես, գործակալ եւ ահաբեկիչ, իսկ քանի մը օր առաջ զինք ազատ արձակեց ու սեփական օդանաւով ԱՄՆ ղրկեց»:

Քըլըճտարօղլու աւելցնելով ըսաւ. «Էրտողան յաճախ, ներքին եւ արտաքին հարցերուն պարագային, կը խաբէ Թուրքիոյ ժողովուրդը: Անոր սխալ ու ձախող քաղաքականութեան հետեւանքով է որ երկիրը հասաւ տնտեսական, քաղաքական եւ ֆինանսական ճգնաժամի»:

Ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավարը Իսթանպուլի Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսութիւն մուտք գործելէ ետք անհետացած լրագրող Ճամալ Խաշոքճիի անհետացման հարցին անդրադառնալով ըսաւ. «Յստակ դարձաւ, որ Խաշոքճի սպանուած է հիւպատոսութեան շէնքին մէջ,այս մասին վկայեցին նաեւ Էրտողանի կողմնակից լրատուամիջոցները,սակայն հարց կը ծագի այն իմաստով, որ յիշուած մանրամասնութիւններու ճիշդ ըլլալուն պարագային, Թուրիքա ինչո՞ւ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւններուն դէմ գործնական որեւէ քայլի չդիմեց»:

yerakouyn.com/2018/10/18

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail