Մենք Չենք Կրնար Խաղաղութիւն Ստանալ՝ Հողերու Վերադարձին Մասին Խօսելով. Յարութ Շիրինեան

18 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018:

Պարոն Միլսի յայտարարութիւնը խիստ դատապարտելի է, աւելին` քաղաքական կոպիտ սխալ է. Yerkir.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան եւ հանրութեան հետ կապերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեան` անդրադառնալով ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ռիչըրտ Միլսի «գրաւեալ տարածները» վերադարձնելու մասին վերջին յայտարարութեան:

«Պարոն Միլսի յայտարարութեան մէջ շարք մը անընդունելի եւ զարմանալի երեւոյթներ կան, որոնք կ՝ուզեմ ընդգծել: Առաջինը անոր օգտագործած եզրնոյթն է: Ան կը խօսի «գրաւեալ տարածքներ»-ու մասին, մինչդեռ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներուն կողմէ` համախոհութեամբ, որեւէ ժամանակ չէ օգտագործուած այդ եզրոյթը. «գրաւեալ տարածքներ» արտայայտութիւն չկայ, ինչպէս նաեւ չկայ որեւէ խօսք զանոնք վերադարձնելու մասին: Ըսեմ աւելին` անգամ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի առաջարկած Մատրիտեան սկզբունքներուն մէջ որեւէ ժամանակ չէ գրուած, այսպէս կոչուած, «գրաւեալ տարածքներ»-ու մասին»,- նշած է Շիրինեան` աւելցնելով, որ Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ քննադատուած այդ փաստաթուղթին մէջ կը խօսուի Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ գտնուող տարածքներուն մասին: «Եզրոյթի յստակ խնդիր կայ»,- պարզաբանած է Շիրինեան:

Անդրադառնալով Միլսի` «ես զարմացած էի, երբ առաջին անգամ այստեղ եկած եմ եւ պարզած, որ ինծի հանդիպած հայերուն մեծամասնութիւնը կտրականապէս դէմ եղած է գրաւուած տարածքներու վերադարձին» յայտարարութեան, Յարութ Շիրինեան նշած է, որ իրականութեան մէջ ինք զարմացած է դեսպանի զարմանքէն: «Դեսպանը, գտնուելով Հայաստանի մէջ, դեռ կը զարմանայ այն բանէն, որ հայ ժողովուրդը համախմբուած է այն մտքին շուրջ, որ մենք Ատրպէյճանին վերադարձնելու տարածք չունինք: Ընդհակառակը` մենք դեռ տարածքներ ունինք ետ բերելու: Ես ամենաշատը զարմացած եմ այն բանէն, որ դեսպանը իր զարմանքին մասին կը յայտնէ պաշտօնէն հեռանալէն անմիջապէս առաջ, որ, իմ կարծիքով, աւելի դիւրին է»,- նշած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան եւ հանրութեան հետ կապերու պատասխանատուն։

Ան չէ բացառած նաեւ այն հանգամանքը, որ Միլսի յայտարարութիւնը կրնայ յետագային խնդրահարոյց ըլլալ: «Կրնայ խնդիր առաջացնել, որ ինք կը կարծէր` հայերը, մանաւանդ` Արցախի ժողովուրդը պիտի ընդունին «Հող` խաղաղութեան դիմաց» կարգավիճակը: Մենք որեւէ ժամանակ հող յանձնելու հարց չենք դրած, մենք միշտ ալ ընդունած ենք խաղաղութիւնը եւ պիտի ընդունինք խաղաղութիւնը, սակայն այդ խաղաղութիւնը մենք չենք կրնար ստանալ` հողերու վերադարձի մասին խօսելով: Ատիկա ինքնին խաղաղութեան մտքին դէմ է, եւ այսօր բանակցութեան սեղանին նման նիւթ դնելը կրնայ վտանգել խաղաղութիւնը»,- նշած է Շիրինեան:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ արդեօ՞ք դեսպան Միլսի յայտարարութեան մէջ պէտք է փնտռել Արցախի հարցի յանգուցալուծման որեւէ ակնարկ, թէ՞ անիկա պէտք է համարել պաշտօնէն հեռանալու պահուն եղած որեւէ անհեթեթ յայտարարութիւն, Շիրինեան պատասխանած է. «Պարոն Միլսի յայտարարութիւնը խիստ դատապարտելի է: Կրնամ աւելին ըսել` քաղաքական կոպիտ սխալ կը համարեմ անոր կողմէն: Կոպիտ սխալ ոչ միայն ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներուն հանդէպ, ոչ միայն Արցախի ժողովուրդին ձեռք բերած յաղթանակին հանդէպ կամ անոնց` ազատ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքին հանդէպ, այլեւ կոպիտ սխալ նոյնիսկ սեփական կառավարութեան հանդէպ: Ինչ ալ ըլլայ անոր անձնական կարծիքը, խօսելով ան կը ներկայացնէ ԱՄՆ կառավարութեան կեցուածքը, որովհետեւ ան այդ երկրի դեսպանն է Հայաստանի մէջ: Իր այս յայտարարութեամբ ան կը խախտէ այդ համախոհութիւնը, որ այսօր կայ ԵԱՀԿ Մինսկի երեք համանախագահ երկիրներուն մէջ»:

Շիրինեան նաեւ նշած է, որ ԱՄՆ-ը պէտք է պաշտօնական յայտարարութեամբ հանդէս գայ, որ դեսպան Միլսի յայտարարութիւնը անոր անձնական կարծիքն է, այլ ոչ թէ պաշտօնական ԱՄՆ-ի դիրքորոշումը այս նիւթին շուրջ:

«Ի վերջոյ, այսօր ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ բոլոր երկիրներուն ջանքերը այն ուղղութեամբ են, որ հարցը խաղաղ հանգուցալուծում ստանայ Հելսինկեան ակտէն բխած երեք կէտերէն, որոնք են`ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը եւ ուժի չկիրառումը, որոնք պէտք է յարգուին` ի շահ հիմնախնդիրի խաղաղ յանգուցալուծման»,- նշած է ան:

Շիրինեան ընդգծած է նաեւ` այսօր հայկական կողմը բանակցելու բան չունի հող կամ տարածք զիջելու մասին: «Այսօր մեր առաջնահերթութիւնը յստակ է` ինչպէ՞ս ներգրաւել Արցախի ժողովուրդը, Արցախի պետութիւնը, Արցախի իշխանութիւնները բանակցութիւններուն մէջ: Ի վերջոյ, այդ տարածքին մէջ ապրող ժողովուրդն է, որ պիտի որոշէ իր ապագան, եւ անոր ձայնն ու կարծիքները պէտք է լսելի ու հասանելի ըլլան»,- եզրափակած է ան:

yerakouyn.com/2018/10/18/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail