Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Սեպտեմբեր Դ. – Գերտէրութիւններու Բախում` Միջին Արեւելքի Տագնապալի Իրավիճակին Լոյսին Տակ
18 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
Նախորդ շաբաթը յղի էր սուրիական տագնապը, Միջին Արեւելքի ճակատագիրն ու դաշնակից նոր ուժերու ռազմավարութիւնը ուրուագծող զարգացումներով:
Ասթանայի մէջ սուրիական տագնապի լուծման հովանաւոր երկիրները թէեւ անդրադարձան իրենց ռազմավարական գործակցութիւնը տապալելու կոչուած Իտլիպի ահաբեկչական զարգացումներու «ամերիկեան ծուղակին», սակայն գործնական միջոցներու դիմեցին միայն Սոչիի գագաթնաժողովէն ետք: Փաստօրէն Սոչիի եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը պարունակեց մէկէ աւելի ցուցանիշեր այն մասին, որ կողմերու համաձայնութիւնը չի սահմանափակուիր Իտլիպի հարցին լուծումով, այլեւ կ՛ընդգրկէ Եփրատի արեւելեան շրջանին մէջ ամերիկեան ծրագիրը տապալելու յստակ միտում ու ծրագիր:
Իրականութեան մէջ երկու հարցերը սերտօրէն աղերսուած են: Եթէ Իտլիպի եւ Եփրատի արեւելեան ափի հարցերը մէկ կողմէ ուղղուած էին սուրիական տագնապի երկարաձգման ու երկրի տարածքային ամբողջականութեան քայքայման, միւս կողմէ` կը միտէին Թուրքիոյ սահմանին վրայ, անոր անվտանգութիւնը քայքայող ռազմավարական ամենամեծ սպառնալիքը յառաջացնել` քրտական անկախ միաւորի մը ստեղծումով:
Թուրքիոյ նախագահը Սոչիի գագաթնաժողովի աւարտին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, հաւանաբար` քաղաքական նրբութիւններէ մեկնելով, ուղղակիօրէն չանդրադարձաւ քրտական գործօնին, այլ բաւարարուեցաւ` Եփրատի արեւելեան շրջանին մէջ առկայ ահաբեկչական վտանգին ակնարկելով ու Սուրիոյ ապահովութիւնը վերականգնելու համար նախ եւ առաջ այդ վտանգը վերացնելու մասին խօսելով: Թուրքիոյ նախագահը պահ մը մոռացութեան մատնեց այն ճշմարտութիւնը, որ ի՛նք եւս դէպի Սուրիա ահաբեկիչներու հոսքին ու պատերազմի հրահրումին նպաստած էր ուղղակիօրէն: Աւելի՛ն. ի՛նք էր, որ անձամբ հովանաւորած էր ահաբեկչական խմբաւորումներուն բռնարարքները եւ զէնքով ու նիւթական աղբիւրներու հայթայթումով նպաստած` անոնց:
Այնուամենայնիւ, Իտլիպի շուրջ Սոչիի համաձայնութիւնը, տեղական ըլլալէ անդին, միջազգային-ռազմավարական համաձայնութեան մը նախանշանները ցոյց կու տայ: Համաձայնութիւն մը, որ կը միտի միջազգային մակարդակով նոր դաշինքներ երեւան բերել, նոր բեւեռներ յառաջացնել:
Իտլիպի հարցին ոչ զինուորական լուծումը ապահովելով` Ռուսիա կը փորձէ ներկայանալ որպէս Միջին Արեւելքի տագնապներուն լուծում բերող գերտէրութիւն` փորձելով հեռացնել Միացեալ Նահանգները նման ծաւալուն գործողութիւններու ճակատէն:
Ուաշինկթըն այս բոլորին ի տես` ձեռնածալ չի մնար, բնականաբար: Փաստօրէն պատահական չէին համարուեր վերջին օրերուն իսրայէլեան օդուժին կողմէ ռուսական օդանաւին անել կացութեան մատնուիլն ու սուրիական օդային պաշտպանական համակարգին կողմէ վար առնուիլը` ռուսական զինուորական կայանին մօտակայքը, այնպէս, ինչպէս պատահական չէր, նոյն շրջանին, Իրանի մէջ իրագործուող ահաբեկչական գործողութիւնը, որ թիրախ կ՛ընտրէր ոչ թէ սովորական քաղաքացիներ միայն, այլ Իրանի սպայակոյտի անդամներ, այն ալ` ռազմական շքերթի մը ընթացքին: Ուաշինկթըն եւ իր դաշնակիցները ամէն ջանք կը թափեն տարածաշրջանին մէջ Իրանը մեկուսացնելու եւ հեռու պահելու Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտիէն:
Չորեքշաբթի, 26 սեպտեմբերին Միացեալ Նահանգների նախագահին Իրան-վեցեակ համաձայնագիրէն հեռանալու եւ ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն ուղղուած իրանեան վարչակարգը մեկուսացնելու կոչը եւս այս շրջագիծին մէջ կարելի է տեղադրել:
Այս բոլորին դիմաց Ռուսիա եւս ձեռնածալ պիտի չմնար ու պիտի ջանար ամէն գնով վերջ տալ ամերիկեան սպառնալիքներուն, նախ` Սուրիան օժտելով հակաօդային պաշտպանական «Էս-300» համակարգով, ապա` Իսրայէլի վրայ դիւանագիտական եւ զինուորական ճնշումներ բանեցնելով: Աւելի՛ն. Միացեալ Նահանգների միջամտութիւնը սուրիական տագնապին աստիճանաբար նսեմացնելով, Իրանն ու Թուրքիան օժտելով հակաօդային պաշտպանական «Էս.-400» համակարգերով, ընդարձակելով իր ներկայութիւնը Միջերկրական եւ Կասպից ծովերուն տարածութեամբ, նոյնիսկ Եգիպտոսի հետ իր յարաբերութիւնները բարելաւելով:
Միացեալ Նահանգների ռազմավարութիւնը կը միտի վերստին խախտել միջազգային երկբեւեռ համակարգը. ռազմավարութիւն մը, որ այսօր կը վերադառնայ, Ռուսիոյ` որպէս գերտէրութեան, քաղաքական դաշտ վերադարձին հետ:
aztagdaily.com/archives/412721