Անդրադարձ. Առ Երեւոյթ Առնչակից Երկու Զարգացումներ – ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

19 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցան առ երեւոյթ իրարու առնչուած երկու զարգացումներ. առաջին` Կոստանդնուպոլսոյ Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքութիւնը 9-11 հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ իր գումարած կրօնական ժողովի ընթացքին որոշեց ջնջել Քիեւի թեմը Ռուսիոյ պատրիարքութեան կցող 1686-ին որդեգրուած որոշումը` զայն նկատելով անօրինական: Ուքրանիոյ եկեղեցւոյ անկախութիւնը ճանչնալու պատրաստութիւնները արդէն Ռուսիոյ եւ Պոլսոյ ուղղափառ պատրիարքութիւններուն միջեւ յառաջացուցած էին տագնապ մը: Պոլսոյ մէջ գումարուած կրօնական ժողովին որդեգրած որոշումէն ետք, Ռուս ուղղափառ եկեղեցին ամբողջութեամբ խզեց միջեկեղեցական հաղորդակցութիւնը Կոստանդնուպոլսոյ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ հետ: Երկրորդ` Թրքական ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանը այս հարցով դատ բացաւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքարանին դէմ` Լոզանի դաշինքը խախտելուն, իր լիազօրութիւններէն դուրս գործելուն եւ շրջանի երկիրներուն միջեւ թշնամանք ու տագնապ յառաջացնելուն համար:

Այդ երկու զարգացումները միայն առ երեւոյթ իրարու առնչուած են, որովհետեւ առաջինը կը պատկանի արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին, իսկ երկրորդը` ներքին: Ուքրանիոյ եկեղեցւոյ անկախութեան շուրջ Կոստանդնուպոլսոյ եւ Մոսկուայի պատրիարքութիւններուն միջեւ յառաջացած տագնապը ուղղակիօրէն առնչուած է Ուքրանիոյ տագնապին եւ Ռուսիոյ դէմ առնուած քայլ մըն է: Այդ քայլը թերեւս Ուաշինկթընի ներշնչումով է, ինչպէս Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը նշէ, սակայն յստակ է, թէ նաեւ Անգարայի հրամանով է: Արդարեւ, Կոստանդնուպոլսոյ յոյն ուղղափառ պատրիարքը ընդամէնը պատանդ մըն է, թրքական իշխանութիւններուն կամակատարը, անկարող` այդպիսի` մեծ որոշում մը ինքնուրոյն առնելու:

Միւս կողմէ, Թրքական ուղղափառ եկեղեցւոյ հակազդեցութիւնը առնչուած է Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան: Ատիկա հասկնալու համար պէտք է պահ մը աչք նետել այդ «պատրիարքութեան» պատմութեան: Նշեալ «պատրիարքութիւն»-ը հիմնուած է 15 սեպտեմբեր 1922-ին` իբրեւ մերժում Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ: Ունի թուրք ազգայնական թեքում, արարողութիւնները կը կատարէ թրքերէնով, օրին անոր գործունէութեամբ մեծապէս հետաքրքրուած է Ալփասլան Թիւրքեշը, իսկ անոր ներկայ պատրիարքին դուստրը` պատրիարքարանի բանբեր Սեւկի Էրեներոլ, որ ատենօք Գորշ գայլերու քաղաքական թեւին` Ազգային շարժում կուսակցութեան երեսփոխանական թեկնածուն եղած է, 5 օգոստոս 2013-ին Էրկենեքոնի հարցով բանտարկուած էր:

Կոստանդնուպոլսոյ եւ Մոսկուայի պատրիարքութիւններուն միջեւ ծագած տագնապը միայն առ երեւոյթ եկեղեցական է: Իրականութեան մէջ անիկա աշխարհաքաղաքական է եւ հետեւանքը Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ պաղ պատերազմի: Այսպէս կոչուած Թրքական ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքութեան կատարածը, սակայն, պարզապէս պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսալու ճղճիմ փորձ մըն է միայն: Խնդրոյ առարկայ իսկական հարցին կարեւորութեան լոյսին տակ` թրքական իշխանութիւնները երբեք պիտի չարտօնեն իրենց «զէնքին»` Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան խոցումը. ազգայնական մոլուցքէն կուրցածներուն այդ փորձը անիրատեսական է, անյոյս եւ դատապարտուած ձախողութեան:

aztagdaily.com/archives/412908

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail