Ամերիկայէն Քաշաթաղ – Թո՛ղ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտօնաթող դեսպան Ռիչըրտ Միլզ ուզածին չափ յայտարարէ

19 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Թո՛ղ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտօնաթող դեսպան Ռիչըրտ Միլզ ուզածին չափ յայտարարէ, որ Արցախեան հարցի վերջնական լուծումը կարելի կը դառնայ միայն «գրաւուած» տարածքներու Ատրպէյճանին յանձնումով. ան հայկական միահամուռ ու վճռական պատասխան կը ստանայ. բացառուած է, որ հայերը հայրենի նոյնիսկ թիզ մը հող զիջին օտար իշխանութեանց:

Հայկական պատասխանի քաղաքական բանաձեւումները կը տրուին համապատասխան մարմիններու կողմէ: Անհատական գետնի վրայ, իւրաքանչիւրս դեսպան Միլզին կու տանք մեր պատասխանը, մեզմէ ոմանք ազատագրուած տարածքները զարգացնելով, ուրիշներ՝ Հայաստան հիմնադրամին ճամբով մեծ ծրագիրներու մասնակցութիւն բերելով: Տակաւին ուրիշներ, հայրենադարձութիւն ծրագրելով:

Ահա՛ դեսպան Միլզին ուղղակի պատասխան մը՝ Ամերիկայէն. Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան քանի մը օր առաջ՝ Հոկտեմբեր 16ին, Քաշաթաղի շրջանի վարչակազմի ղեկավար նշանակեց Ամերիկայէն իր կնոջ՝ Նելլի Մարտիրոսեանի հետ Արցախ փոխադրուած Ստեփան Սարգսեանն: Ամերիկեան լաւագոյն համալսարաններ աւարտած այս զոյգը «Հայրենասէր» կազմակերպութիւնը հիմնելով՝ բարեսիրական աշխատանք իրականացուցած է Արցախի գիւղերուն մէջ, նաեւ գործնականօրէն աջակցած Արցախի պաշտպանական դիրքերը ամրապնդելու աշխատանքներուն: Ազատագրուած տարածքները ծաղկեցնելու նախանձախնդրութիւնը ունեցող այսպիսի անձնաւորութիւն մը աւելի լուրջ ծրագիրներ պիտի իրականացնէ, վստահաբար, արագացնելով ազատագրուած տարածքներու շէնացման գործը:

Ազատագրուած Շահումեանի շրջանի վարչական ղեկավար ՀՅԴի անդամ Գագիկ Մարտիրոսեան, իր կարգին, անշուշտ իր դաշնակցականի պատասխանը կու տայ դեսպան Միլզին:

Դեռ կայ Դաշնակցութեան նախաձեռնած ԱՌԻն, «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամը եւ ուրիշներ եւ ուրիշներ, որոնք իրենց գործով կու տան դեսպանին պատասխանը:

asbarez.com/arm/328249/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail