ՆՇՄԱՐ. Համաձայն Եմ Դեսպան Միլզի… Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

20 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

…տեսակէտին առաջին բաժինին։

Արցախի հարցին լուծման հեռանկարներուն մասին իր վերջին արտայայտութեամբ, պաշտօնաւարտ ամերիկացի դեսպան Ռիչըրտ Միլզ բաւական յուզում պատճառեց եւ արդար հակազդեցութիւններու, տեղի՛ն դատապարտումի արժանի դարձաւ։ Միտք բանին այն էր, որ լուծման համար, «գրաւուած հողեր պէտք է վերադարձուին». ի մտի ունէր հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերը։ Ամէնէն դիպուկ պատասխանը եկաւ Արցախէն. «Մենք հող չենք գրաւած որ վերադարձնելու մասին մտածենք…»։

1020mils

Ռիգըրտ Միլզ

Եթէ «հող վերադարձնելու» դեսպանին ակնարկութիւնը առնենք իրականութիւններու լոյսին տակ, չենք կրնար համաձայն… չըլլալ իրեն։ Փաստօրէն, հայկական կողմը տալիք հող չունի, սակայն առնելիք՝ շա՜տ։ Գրաւուած կը մնան Գետաշէնն ու Շահումեանը, Արծուաշէնը եւ Նախիջեւանը, իսկ եթէ կարկինը քիչ մըն ալ բանանք՝ Գանձակն ու անոր հարաւը տարածուող այլ շրջաններ…։

Դեսպան Միլզ պաշտօնակատար մըն է, որ ստիպուած է թութակել այն՝ ինչ որ իրեն կը թելադրեն Ուաշինկթընի իր «պոս»երը։ Ամերիկացի դեսպանները պարզապէս կամակատարներն են նախագահին, արտաքին գործոց նախարարին, ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդականներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը տնօրինեն ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւնը եւ իրողապէս պատանդի կը վերածեն այս կամ այն երկիրը, անկախ անկէ, թէ իրենց տնօրինումները արդա՞ր են, թէ՞… զուտ ամերիկեան շահերէ մեկնած, շահեր՝ որոնք ընդհանրապէս կ՛ոտնակոխեն այլոց իրաւունքները, պատմական ճշմարտութիւնները։ Մոռցա՞նք, որ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանի համբաւ վայելող Սըմենթա Փաուըր մը, ՄԱԿի դեսպան նշանակուելէն ետք, 180 աստիճանի շրջադարձութիւն կատարեց իր վարքագիծէն, պատճառաբանելով, որ… Ուաշինկթընի տեսակէտը կիրարկող մըն է։ Ճան Էվընզներու պարագան հազուադէպ է եւ յաճախ կը յանգի պաշտօնազրկումի…

Միլզ ու նմանները կը պատկանին փաղանգին այն պաշտօնակատարներուն, որոնք իրենց դատողութիւնն ու տարրական արդարամտութիւնը տունը կը ձգեն պաշտօնի կոչուելու պահուն, կը մոռնան, որ իրենց առաքելութիւնը երկու ուղղութեամբ պէտք է բանի, այսինքն՝ իր երկրին շահերը պաշտպանելու եւ ներկայացնելու կողքին՝ նկատի ունենայ նաեւ զինք հիւրընկալող երկրին շահերն ու պատմական իրաւունքները։ Նման առաքելութիւն ունին նաեւ հայ դեսպանները։ Առեւտուրի եւ այլ մարզերու մէջ գործակցութեան զարկ տալու քայլերը բնականաբար… բնական են, սակայն պէտք չէ սահմանափակուիլ միայն դրամի-շահու ոլորտով։ Իսկ եթէ դեսպան մը կը մերժէ քիչ մը պատմութիւն սորվիլ, դատապարտուած է մնալու անկամ ու համբակ կամակատար մը ըլլալու վիճակին մէջ։

1020bolten

Ճան Պոլթըն

…Միլզի արտայայտութիւնը կրնայ նախաճաշակ մը տալ, թէ ի՛նչ պէտք է սպասել Ճան Պոլթընի Հայաստան մօտալուտ այցելութենէն։ Եթէ յիշողութեան թելերը կարճ չեն, պիտի յիշենք, որ Պոլթըն մէկն էր այն «երգչախումբ»էն, որ աւելի քան 15 տարի առաջ ստապատիր յայտարարութիւններով ճամբայ հարթեց Իրաքի վրայ ամերիկեան-ա-րեւմտեան յարձակումին, որովհետեւ… Ուաշինկթընի շահերը այդպէս կը թելադրէին. ի՜նչ հոգ, որ միլիոնաւոր մարդիկ սպաննուեցան, միլիոնաւոր ուրիշներ գաղթական դարձան, «իսլամական պետութեան» մը ոճրագործ յելուզակները տնօրինող ուժ դարձան շրջանին մէջ, աչք փակուեցաւ «դաշնակից Թուրքիոյ» կողմէ անոնց տրամադրուած աջակցութեան վրայ։ Այո՛ պէտք է յարգանքով մօտենալ որեւէ երկրի շահերուն, սակայն ոչ՝ այլոց իրաւունքներուն բռնաբարման ու անմեղ զանգուածներու սպանդին։ Շահերու միակողմանի դիտարկումը լուծում չի բերեր, կը վնասէ արդարութեան։

Հիմա, երբ մեր թեւերը տարածելով՝ կը սպասենք Պոլթընի ժամանման եւ երազներ կը հիւսենք Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցութեան բարեշրջման մասին (նոյնինքն ամերիկեան խելամիտ մամուլը կը հաստատէ, որ ան կը կանգնի իմաստո՜ւն նախագահին հակաիրանեան շարժումներուն ետին), պէտք է նաեւ պատրաստ ըլլանք անոր բերելիք «դեղատոմս»ին, որ կրնայ բովանդակել կարգ մը դրացիներու հետ յարաբերութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու լեղի դեղահատ մը։ Ատենին, դեմոկրատ Հիլըրի Քլինթըն, փրոթոգոլներուն կնքամայրը, օր մըն ալ յոխորտանքով արձանագրեց, թէ փրոթոգոլները ստորագրել տալու համար, «ոմանց բազուկները ոլորած է»։ Պոլթընի դեմոկրատ չըլլալը տարբերութիւն կ՛ընէ՞։

asbarez.com/arm/328481/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail