ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ատրպէյճանի վերաբերող մեծաչափ կաշառակերութեան նոր գայթակղութիւնը կը հասուննայ Եւրոպայի մէջ: Երկիրին խարդախ պաշտօնեաները միլիառաւոր նաւթատոլարներ իւրացուցած են իրենց անձնական շահերուն համար, մինչդեռ ատրպէյճանցի ժողովուրդին մեծ մասը կ՛ապրի ծայրայեղ աղքատութեան մէջ։
Վերջին օրինակը բրիտանական բազմաթիւ թերթերու առաջին էջերուն վրայ է: Ատրպէյճանցի դրամատան տիրոջ 55 տարեկան կինը՝ Զամիրա Հաճիեւա, 2006էն մինչեւ 2016 21 միլիոն տոլար ծախսած է Լոնտոնի «Հարոտզ» (Harrods) շքեղ վաճառատան մէջ։
Մեծն Բրիտանիոյ Յանցանքի դէմ պայքարի ազգային գործակալութիւնը կը հաստատէ, թէ գողցուած գումարները օգտագործուած են Լոնտոնի առաջնակարգ՝ Նայցպրիճ շրջանին մէջ, 15 միլիոն տոլար արժողութեամբ հինգ ննջասենեակով ապարանք մը գնելու համար, որ կը գտնուի «Հարոտզ»էն 100 մեթր հեռաւորութեան վրայ: Ապարանքը այժմ կ՛արժէ 20 միլիոն տոլար:
Ըստ «Կարտիըն» թերթին՝ Հաճիեւա նաեւ կը մեղադրուի Էսքոթի մէջ մօտաւորապէս 14 միլիոն տոլար արժողութեամբ կոլֆի եւ ընտրանիներու ակումբ ձեռք բերելու յանցանքով։
Անհաւատալի այն է, որ Հաճիեւա ինքնաշարժի անձնական երկու կանգառներ ունի «Հարոտզ»ի մէջ՝ տարեկան 500 հազար տոլար արժողութեամբ: Ութ տարի առաջ, ան ապրելու թույլտուութիւն ստացած է Մեծն Բրիտանիայէն, հարուստ ներդրողներու յատուկ անցագրային ծրագիրով՝ առանց ստուգելու կնոջ նիւթական աղբիւրը։
«Հաճիեւա Ատրպէյճանի պետական միջազգային դրամատան նախկին նախագահին, 57 տարեկան Ճահանկիր Հաճիեւի կինն է: 2016ին անոր ամուսինը դատապարտուած է 15 տարուան բանտարկութեան՝ երեք միլիառ տոլար իւրացնելուն համար», կը յայտնէ «Կարտիըն»ի լրագրող Ռուփըրթ Նիթ։
Լոնտոնի մէջ Հաճիեւայի փաստաբանները միջնորդած էին, որ գաղտնի պահուին անոր եւ ամուսնոյն անունները, անոնց ազգութիւնը եւ ամուսինին դրամատունը, սակայն, լրատուական միջոցներու խնդրանքով, բրիտանական դատարանը վերցուցած է գաղտնիութեան քօղը զոյգին վրայէն։
Յանցանքի դէմ պայքարի ազգային գործակալութիւնը յայտարարած էր, որ Հաճիեւա իր գնումներուն համար օգտագործած է իր ամուսնոյն դրամատան կողմէ տրուած 35 «American Express», «Mastercard» եւ «Visa» վարկային քարտեր: «Հարոտզ» կատարած միայն մէկ այցելութեան ընթացքին ան ծախսած է 200 հազար տոլար՝ «Պուշրոն» (Boucheron) մակնիշի շքեղ ոսկեղէն, հանրաճանաչ անուշահոտեր եւ ժամացոյցներ գնելու համար: Այլ այցելութեան մը ընթացքին ան գնած է 132 հազար տոլարի «Cartier» ոսկեղէն: Ան նաեւ գնած է 42 միլիոն տոլար արժող «Gulfstream G550» օդանաւը։
Հաճիեւայի առաջին ամուսնութենէն ծնած դուստրը, որ ուսանած է Լոնտոնի մէջ, ունեցած է 20 միլիոն տոլարի բաժնետոմսեր, տարեկան 1.3 միլիոն տոլար շահաբաժինով: Ներկայ ամուսնութենէն Հաճիեւա ունի 17 եւ 20 տարեկան որդիներ, որոնք նոյնպէս ուսանած են Անգլիոյ յատուկ դպրոցներու մէջ։
Հաճիեւայի ամուսինը իր կնոջ տուած է 1.3 միլիոն տոլար՝ բրիտանական պետական պարտատոմսերու մէջ ներդրումներ կատարելու համար. Հաճիեւա իր ծախսերուն համար ամսական դրութեամբ ստացած է 26 հազար տոլար: Սակայն, ամուսնոյն ձերբակալութենէն ետք, ան փախած է Ատրպէյճանէն եւ սկսած է վաճառելու իր ընտանիքին արծաթեայ իրերը, «Christie՛s» աճուրդի տան մէջ։
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները շահագրգռուած են հարցաքննելու Հաճիեւան՝ իր ամուսնոյն դրամատնային գործունէութեան գծով, մեղադրելով զայն եւ ընտանիքի միւս անդամները՝ դրամը երկրէն դուրս հանելու նպատակով Հաճիեւի ծրագիրներուն համար իբրեւ օղակ ծառայելու յանցանքով։
Հաճիեւա առաջին անձն է, որ Մեծն Բրիտանիոյ հակակաշառակերութեան վերաբերեալ նոր՝ «Անբացատրելի հարստացման կարգ» օրէնքով կը հետապնդուի: Այս օրէնքը նախատեսուած է կասկածելի միջոցներով կաշառուած օտար պաշտօնեաներու թիրախաւորման համար. պաշտօնեաներ, որոնք ենթադրաբար զբաղած են գողցուած գումարներու լուացումով: Դատաւոր Սուփըրսթոն պահանջած էր, որ Հաճիեւա բացատրէ իր շռայլ գնումներուն դրամական աղբիւրը: Եթէ ան չկարենայ բացայայտել նիւթական աղբիւրը, ապա անոր ունեցուածքը կրնայ բռնագրաւուիլ: Դատաւորը համաձայնած էր, որ «այս վկայութիւնը կարեւոր է դատավճիռով Ճահանկիր Հաճիեւի դէմ ներկայացուած մեղադրանքներուն վերաբերեալ զեկոյցներու լոյսին տակ, ներառեալ՝ դրամատան մէջ անոր կողմէ պաշտօնական դիրքի չարաշահումը, ընտանիքի անդամներուն անուններով վարկային քարտեր հրապարակելով, որոնց միջոցով մեծ գումարի պարտքեր գոյացած են դրամատան դէմ»։
Իբրեւ 2001-2008 Ատրպէյճանի միջազգային պետական դրամատան նախագահ՝ Ճահանկիր Հաճիեւ պաշտօնապէս ստացած է տարեկան 71 հազար տոլար աշխատավարձ: Այսուամենայնիւ, «Ուերնըր Քեփիթըլ» (Werner Capital) գրասենեակը, որ գոյքային ներդրումներ կ՛իրականացնէ հարուստներու համար, 2011ին իր հրապարակած զեկոյցով բացայայտած էր, որ Հաճիեւի ունեցուածքը կը կազմէ 73 միլիոն տոլար: «Կարտիըն»ը կը հաղորդէ, որ դատախազ Ճանըթըն Հոլ, որ կը ներկայացնէ Յանցագործութեան դէմ պայքարի ազգային գործակալութիւնը, յայտարարած է. «Իբրեւ 1993էն 2015 թուականներու պետական պաշտօնեայ՝ շատ անհաւանական է, որ նման պաշտօն մը կրնար ապահովել բաւարար եկամուտ՝ գոյքի ձեռքբերման ֆինանսաւորման համար»։
Դատարանին մէջ Հաճիեւա յայտարարած էր, որ տեղեակ չէ իր գնումներու աղբիւրէն՝ պնդելով, որ իր ամուսինն էր վճարումներուն պատասխանատուն: Ան Հաճիեւը բնութագրած է իբրեւ՝ «մեծ կարողութիւններու տէր մարդ»: Հաճիեւա ապահոված է սուղ վարձատրուող բրիտանացի իրաւաբաններու խումբ մը՝ դատարանին մէջ կարենալ զայն պաշտպանելու համար։
Ներկայիս, Հաճիեւայի թանկարժէք առանձնատունը, կոլֆի եւ ընտրանիներու ակումբը կը մնան սառեցուած եւ չեն կրնար վաճառուիլ։
Ցարդ յայտնի չէ, թէ բրիտանական կառավարութիւնը կը բռնագրաւէ՞ Հաճիեւայի լոնտոնեան ունեցուածքը կամ ոչ: Յառաջիկայ ամիսներուն դատական այլ գործեր պիտի յայտնուին դատարաններու մէջ՝ բացայայտելու համար համատարած կաշառակերութիւնը ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու, որոնք իրենց երկրի նաւթային հարստութենէն միլիառաւոր տոլարներ գողցած են՝ ներդրելով զանոնք աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ՝ իրենց անձնական շահերուն համար…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ