Թուրքիոյ Սիրուած Դերասաններէն Այհան Ըշըքի Հայկական Ինքնութիւնը Եւ Նուպար Թէրզեան

20 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Թարսուս Աքտենիզ» լրատու կայանի թղթակից Նեւզատ Քումտերելի հրատարակեց յօդուած մը, որուն մէջ կը պատմէ Թուրքիոյ շարժապատկերի աշխարհին մէջ «Թագ չունեցող թագաւոր» տիտղոսով նշանաւոր դարձած դերասան Այհան Ըշըքի եւ նշանաւոր դերասան Նուպար Թէրզեանի մասին։ Ան կը գրէ, որ Ըշըք, որ այդքան նշանաւոր դարձած էր Թուրքիոյ մէջ, հայ էր (Ըշըեան), բայց կանուխէն որոշած էր ծածուկ պահել իր հայկական ինքնութիւնը։

Ըշըեան ծնած է Իզմիրի մէջ. փոքր տարիքէն ան իր հայրը կորսնցուց, ընտանիքը Պոլիս փոխադրուեցաւ, ուր ան մաս կազմեց «Եշիլչամի» արուեստագէտներու խումբին, շրջան մը դառնալով երկրին ամենանանշանաւոր եւ սիրուած երիտասարդ դերասանը։ Ամբողջ սերունդ մը ապրեցաւ՝ դիտելով անոր ֆիլմերը։

Իրեն նման կային ուրիշ հայեր, որոնք իրենց հայկական ինքնութիւնը կը թաքցնէին։ Օրինակ՝ Քենան Փարս ¤Գրիգոր Ճէզվէճեան), Դանիէլ Թոփաթան ¤Դանիէլ Պայրըեան), Վահի Էօզ ¤Վահէ Օզինեան), Սամի Հազինսես ¤Սամուէլ Յակոբ Ուլուճեան) եւ ուրիշներ։ Ըշըք մօտ էր Նուպար Թէրզեանին, որ միակն էր, որ իր հայկական ինքնութիւնը բնաւ չէր պահած։ Ըշըք «հօրեղբայր» կ՛ըսէր Նուպարին, իսկ Նուպարը «զաւակս» կ՛ըսէր Այհանին։

16 Յունիս 1979ին, Ըշըք յանկարծամահ եղաւ, ինչ որ ծանր հարուած մըն էր Նուպար Թէրզեանի համար։ Այս առթիւ, Թէրզեան յաջորդ օրը թերթերու մէջ հրատարակեց ծանուցում մը, որուն մէջ գրուած էր. «Զաւակս, աշխարհը անցողակի է, մահը բոլորին համար է, բայց դուն չմեռար, կը շարունակես մեզի նման միլիոնաւորներու սիրտերուն մէջ ապրիլ։ Երանի՜ քեզի, շատ կարճատեւ եղաւ կեանքդ, բայց Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, լոյսերու մէջ պառկիս։ Հօրեղբայրդ՝ Նուպար Թէրզեան»։

Այս մահագիրը անհանգստութիւն պատճառեց Ըշըքի ընտանիքին, որովհետեւ այս կերպով յայտնի կը դառնար, որ ան հայ էր։ Անոնք թերթերուն ծանուցում մը տուին եւ որպէս կարեւոր ճշդում, դիտել տուին, որ «հօրեղբայրդ՝ Նուպար Թէրզեան» ստորագրութեամբ հրատարակուած ծանուցումը Ըշըքի հետ որեւէ կապ չունէր. այս արարքը մեծ ցաւ պատաճառեց Նուպարին։

Յօդուածագիրը իր այս թղթակցութիւնը կը վերջացնէ հետեւեալ խորհրդածութեամբ. «Ամերիկայի մէջ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի ամէնէն անմոռանալի հերոսը եղած Մալքոլմ Իքս գրած էր հետեւեալը. «Ցեղապաշտութիւնը գաղափարախօսութիւն մը չէ, այլ հոգեկան հիւանդութիւն մըն է»։

asbarez.com/arm/328405

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail