22 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 20 հոկտեմբերին երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ հասաւ Լիբանան եւ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Աունի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահ Աունի հետ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին երկկողմանի համաձայնութիւն գոյացաւ երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ առկայ յարաբերութիւններու առաւել սերտացման ուղղութեամբ աշխատանք տանելու, աւելի եւս աշխուժացնելու աշխատանքը կառավարական միացեալ յանձնախումբերուն` տարբեր բնագաւառներու մէջ:
Նախագահ Աուն ողջունեց վարչապետի պաշտօնակատար Փաշինեանի Լիբանան այցելութիւնը եւ շնորհաւորեց զայն` նախորդ շաբաթ Երեւանի մէջ գումարուած Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովի յաջողութեան համար` շնորհակալութիւն յայտնելով այն ջերմ ընդունելութեան համար, որուն արժանացաւ Լիբանանի պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ կեցութեան օրերուն: Ան դրուատեց Լիբանանի եւ Հայաստանի սերտ յարաբերութիւնները, յատկապէս ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու շարքերուն մաս կազմող հայ խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը: Նախագահ Աուն նաեւ յատուկ կերպով անդրադարձաւ այն կարեւոր եւ ազդու դերակատարութեան, որ ունին լիբանանահայերը Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական բնագաւառներուն մէջ, մանաւանդ որ անոնք կը հանդիսանան Լիբանանն ու Հայաստանը իրար կապող կամուրջ մը:
Լիբանանի նախագահը շեշտը դրաւ նաեւ երկու ժողովուրդներուն ապրած արհաւիրքներուն նմանութեան վրայ, երբ հայութիւնը ենթարկուեցաւ ահաւոր Ցեղասպանութեան, իսկ լիբանանցի ժողովուրդը` սովի, երկրի շրջափակման իբրեւ հետեւանք` աւելցնելով, որ երկու ոճիրները գործողը նոյն ենթական էր: Նախագահ Աուն նաեւ անդրադարձաւ երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած համաձայնութիւններուն կարեւորութեան` աւելցնելով, որ պէտք է իրենց լրումին հասցուին անոնք, որոնք պատրաստուած են, սակայն ցարդ չեն ստորագրուած: Ապա ան խօսեցաւ Նիւ Եորքի մէջ վարչապետի պաշտօնակատարին ներկայացուած լիբանանեան նախաձեռնութեան մասին` հիմնելու «Մարդու հանդիպումի եւ երկխօսութեան» ակադեմիա` յոյս յայտնելով, որ Հայաստան կ՛ըլլայ առաջիններէն նման հիմնարկի մը հաստատման համաձայնութիւնը ստորագրող:
Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` զինք ընդունելու եւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովին մասնակցութեան համար, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ Լիբանան շատ կարեւոր դեր ունի այդ կազմակերպութեան մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններուն աւելի թափ պէտք է տալ, յատկապէս տնտեսական բնագաւառին մէջ, ինչպէս նաեւ համապատասխան նախարարութիւններուն միջեւ կապերը սերտացնել:
Փաշինեան հաստատեց, որ իր երկիրը կողմնակից է լիբանանեան նախաձեռնութեան` «Մարդու հանդիպումի եւ երկխօսութեան» ակադեմիա ստեղծելու, մանաւանդ որ անիկա մշակոյթներու եւ կրօններու միջեւ երկխօսութեան դուռ կրնայ բանալ: Ան նաեւ շեշտեց, որ Հայաստան պիտի շարունակէ մաս կազմել Լիբանանի հարաւը տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու շարքերուն` կայունութեան ու ապահովութեան հաստատման ի խնդիր` աւելցնելով, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը հարաւ պիտի այցելէ այս զօրակցութեան ամրապնդումը հաստատելու համար:
Նիկոլ Փաշինեան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ լիբանանցի եւ հայ ժողովուրդներուն դարաւոր յարաբերութիւնները, ուր կան հասարակաց բազմաթիւ կէտեր` յոյս յայտնելով, որ լիբանանեան-հայկական կառավարական միացեալ յանձնախումբերը մօտիկ ապագային կարենան ժողովներ գումարել, սերտել համագործակցութեան կարելիութիւնները եւ համապատասխան գործնական որոշումներ կու տան:
Ապա Փաշինեան եւ Աուն անդրադարձան շրջանային կացութեան եւ վերջին զարգացումներուն: Աւարտին Նիկոլ Փաշինեան ողջոյնի գիր մը արձանագրեց Պաապտայի պատուոյ հիւրերու յատուկ մատեանին մէջ:
Լիբանանի Առաջին տիկին Նատիա Աունը իր կարգին ընդունեց վարչապետ Փաշինեանի կողակիցը` Աննա Յակոբեանը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր Հայաստանի մէջ իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար: Անոնք նաեւ լուսարձակի տակ առին երկկողմանի արժէքաւոր յարաբերութիւնները, որոնք պատմական անցեալ ունին: Աննա Յակոբեան ուրախութիւն յայտնեց Լիբանան գտնուելուն համար եւ դրուատեց լիբանանցի ժողովուրդը, անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ հայութեան դերակատարութեան: Ապա անոնք զրուցեցին մարդկային եւ ընկերային տարբեր նիւթերու մասին:
Հանդիպում Պըրրիի Հետ
Նախագահ Աունի հետ հանդիպումէն ետք վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարը բարձր գնահատեց Պըրրիի ներդրումը հայ-լիբանանեան բարեկամութեան ամրապնդման ուղղուած նախաձեռնութիւններու իրականացման գործին մէջ:
Պըրրի ողջունեց Նիկոլ Փաշինեանի այցելութիւնը Լիբանան` նշելով, որ անիկա կարելիութիւն պիտի տայ նոր թափ հաղորդելու երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւններուն:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին լիբանանահայ համայնքի դերակատարութիւնը` իբրեւ երկու երկիրները կապող եւ յարաբերութիւնները ամրապնդող օղակ: Փաշինեան նշեց, որ բարեկամ Լիբանանը, ինչպէս պատմութեան ողբերգական պահերուն, նոյնպէս ալ այսօր Հայաստանի կողքին է` իր նպաստը բերելով ցեղասպանութեան յանցագործութեան դատապարտման: Պըրրի իր կարգին բարձր գնահատեց Լիբանանի հայերուն դերակատարութիւնը եւ ներդրումը երկրի զարգացման գործին մէջ: «Մեր եղբայր հայերը ներկայացուած են Լիբանանի խորհրդարանին ու կառավարութեան մէջ եւ իրենց կարեւոր նպաստը կը բերեն Լիբանանի յառաջընթացին», ըսաւ ան:
Շրջանային անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ շարունակական ջանքերու շրջագիծին մէջ Փաշինեան եւ Պըրրի կարեւոր նկատեցին Հայաստանի մասնակցութիւնը Հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու խաղաղապահ առաքելութեան:
Հանդիպում` Հարիրիի Հետ
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան կէսօրուան ժամը 1:30-ին հիւրը եղաւ վարչապետ Հարիրիի, որուն հետ քննարկեց տեղական, միջազգային մակարդակի վրայ արձանագրուած զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան:
Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սաատ Հարիրիին ջերմ ընդունելութեան համար եւ ըսաւ. «Ասիկա իմ առաջին այցելութիւնս է եղբայրական Լիբանան` հնագոյն քաղաքակրթութիւններու պատմութեամբ լի երկիր մը: Վստահ եմ, որ այս այցելութիւնը լաւագոյնս պիտի նպաստէ տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգային հարցերու շուրջ քննարկման: Անշուշտ, մեր երկիրներուն միջեւ կապերու խորացման եւ ամրապնդման գործին մէջ իր զգալի ներդրումը ունեցած է նաեւ ձեր հայրը` հանգուցեալ Ռաֆիք Հարիրին, որ Հայաստանի մեծ բարեկամն էր»:
Վարչապետ Սաատ Հարիրի նշեց, որ Լիբանանը բարձր կը գնահատէ բարեկամ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը եւ շահագրգռուած է ատոր հետագայ ամրապնդումով: Ան կարեւոր նկատեց լիբանանահայ համայնքի դերակատարութիւնը Լիբանանի զարգացման, ինչպէս նաեւ հայ-լիբանանեան կապերու խորացման գործին մէջ:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Սաատ Հարիրի գոհունակութեամբ արձանագրեցին, որ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ է քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակ, եւ պէտք է աշխուժօրէն աշխատիլ տնտեսական բաղադրիչը եւս այդ նշաձողին հասցնելու ուղղութեամբ: Այս առումով զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնախումբի գործունէութեան աշխուժացումը: Փաշինեան ներկայացուց Հայաստանի մէջ գործարար միջավայրի բարելաւման, ներդրումներու պաշտպանութեան պետական երաշխիքներու ապահովման նպատակով Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուող քայլերը եւ առաջարկեց կազմակերպել լիբանանցի գործարարներու այցելութիւնը Հայաստան` պայմաններուն տեղւոյն վրայ ծանօթանալու նպատակով:
Ապա Փաշինեանի ի պատիւ ճաշ տրուեցաւ վարչապետարանին մէջ:
aztagdaily.com/archives/413234