Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսի Եւ Վարչապետի Պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի Միջեւ

22 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ –:

Կիրակի, 21 հոկտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ առանձին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:

Շուրջ ժամ մը տեւած մտերմիկ հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութեան եւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առնչուած շարք մը հարցեր:

Նշեալ մարզերուն գծով վեհափառ հայրապետն ու վարչապետի պաշտօնակատարը իրենց տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները փոխանակեցին` կարեւորութեամբ շեշտելով մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը ամուր պահելու, Հայաստանը առաւել հզօրացման մղող աշխատանքներուն շուրջ համախմբուելու եւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը առաւել ծաւալելու հրամայականը:

Նշենք, որ Նիկոլ Փաշինեան` Արամ Ա. կաթողիկոսին ընկերակցութեամբ այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձան-մատուռ, ծաղկեպսակ զետեղեց եւ իր յարգանքի տուրքը մատուցեց մէկուկէս միլիոն Սուրբ նահատակներուն յիշատակին:

aztagdaily.com/archives/413210

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail