Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Լիբանանի Մասնակցութեան Կարեւորութիւնը

22 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐ:

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերած 84 երկիրներու շարքին Լիբանանի մասնակցութիւնը, գլխաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, դարձաւ շատ կարեւոր իրադարձութիւն մը Լիբանանի համար:

Այս վեհաժողովի ընթացքին է, որ որոշուեցաւ Լիբանանը դարձնել Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի կեդրոնը, նուաճում մը, որուն իրագործումին համար նախագահ Աուն ամիսներ շարունակ աշխատանք տարած է ու` հսկայական ջանքեր թափած:

Վեհաժողովը կարեւոր էր նաեւ անոր համար, որ հոն հաւաքուած ֆրանսախօս երկիրներու նախագահներն ու պատասխանատուները ունեցան հանդիպումներ` շեշտելու համար տարբեր քաղաքակրթութիւններու եւ կրօններու միջեւ երկխօսութեան ստեղծման կարեւորութիւնը, թեզ մը, որուն մասին նախագահ Աուն երկու տարիէ ի վեր կը բարձրաձայնէ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն, իր այցելած բոլոր երկիրներէն եւ յատկապէս այլ երկիրներու պետերուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին:

Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան Երեւանի վեհաժողովէն բխած եւ Լիբանանին վերաբերող կարեւորագոյն բանաձեւերը կը նկատուին հետեւեալները.

ա) Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի կեդրոնը պիտի ըլլայ Լիբանանի մէջ:

բ) Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութիւնը յանձնառու կը մնայ Լիբանանի անկախութեան, ապահովական կայունութեան, հողային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան` ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին լոյսին տակ:

գ) Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութիւնը ողջունելի պիտի գտնէ Լիբանանի մէջ նոր կառավարութեան կազմութիւնը, որուն աշխատանքը պիտի ըլլայ ամրապնդել երկրին ազգային համերաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ` քաղաքական, կրօնական եւ մշակութային բազմազանութիւնը:

դ) Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութիւնը կոչ ուղղեց Լիբանանի օժանդակութեան համար կայացած միջազգային բոլոր խորհրդաժողովներուն կատարուած խոստումները իրագործել, յատկապէս` Փարիզի մէջ գումարուած Սետրի խորհրդաժողովին պարագային:

ե) Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան անդամ երկիրները մտահոգութիւն յայտնեցին դէպի Լիբանան սուրիացի տեղահանուածներուն հոսքին առնչութեամբ` ընդգծելով տեղահանուածներուն ապահով եւ արժանապատիւ տունդարձի կարեւորութիւնը:

Անկախ վեհաժողովէն` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ նախագահ Աունի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը կարեւորութիւն ստացաւ այն իմաստով, որ լուսաբանեց եւրոպական կարծիքը` սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձին առումով:

Մաքրոն-Աուն հանդիպումը եղաւ առիթ մը` բացատրելու, որ Լիբանան իր երկրէն դուրս չի շպրտեր տեղահանուածները, այլ կ՛ընդառաջէ իրենց հայրենիքը վերադառնալու սուրիացիներուն փափաքին ու կամքին` երաշխաւորելով անոնց ապահով փոխադրութիւնը դէպի Սուրիոյ անվտանգ շրջանները:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ, որ Լիբանան այդ բոլորը կը կատարէ համագործակցութեամբ Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ:

Անշուշտ նախագահ Մաքրոնին նաեւ տրուեցան բացատրութիւններ` սուրիացի տեղահանուածներու տեսակին մասին, նկատի ունենալով, որ անոնք երեք տեսակ են.

ա) Անոնք, որոնք պատերազմի արհաւիրքէն սարսափահար հասած են Լիբանան, եւ անոնք է, զորս կարելի է եւ պէտք է վերադարձնել Սուրիա` ապահովական կայունութեան վերականգնումին լոյսին տակ: բ) Անոնք, որոնք քաղաքական տեղահանուածներ են, այսինքն` սուրիական վարչակարգին հետ հակադրուող տեղահանուածներ, որոնց ոչ ոք մօտեցած է` տունդարձ կատարելու առաջադրանքով:

գ) Անոնք, որոնք տնտեսական տեղահանուածներ են, այսինքն ամէն ամիս կ՛այցելեն Լիբանան եւ կը ստանան իրենց տրամադրուած միջազգային օժանդակութիւնները եւ կը վերադառնան Սուրիա, ուր կ՛աշխատին եւ կ՛ապրին: Լիբանանի Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը այս մասին լուրջ հետաքննութիւն կատարած է եւ յաճախ ու պարբերաբար Լիբանան այցելող սուրիացի այս տեղահանուածներուն պարագային, զանոնք յորդորած է մնալ իրենց երկիրը եւ հոն ստանալ հարկ եղած օժանդակութիւնները, նկատի ունենալով, որ անոնք քաղաքական կամ ապահովական ոչ մէկ խնդիր ունին իրենց երկրին ու պետութեան հետ:

Նախագահ Աուն մանրամասնօրէն անդրադարձաւ այս իրականութեան` Մաքրոնին բացատրելու համար սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովող եւ քաջալերող Լիբանանի տեսակէտը, հաստատելով, որ կարելի չէ սպասել Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման, որպէսզի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովուի:

Նախագահ Աուն Մաքրոնին հետ քննարկեց նաեւ Լիբանանի դէմ հնչող իսրայէլեան մնայուն սպառնալիքները, ինչպէս նաեւ` Միացեալ Նահանգներուն կողմէ ԻՒՆԵՐՈՒԱ-ի միջոցով պաղեստինցի գաղթականներուն տրամադրուած օժանդակութիւններուն կասեցումը:

Ան շեշտեց, որ իսրայէլեան սպառնալիքները մտահոգիչ են զինուորական նոր գործողութիւններ սկսելու իմաստով, իսկ ԻՒՆԵՐՈՒԱ-ի օժանդակութիւններու կասեցումը մտահոգիչ է պաղեստինցի գաղթականները Լիբանանի մէջ բնակեցնելու իմաստով:

Նախագահ Մաքրոն շեշտեց, որ Փարիզ ճիգ պիտի չխնայէ պահպանելու համար հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը` զայն նկատելով օրինակելի կայունութիւն մը` շրջանի մը մէջ, որ տագնապներով եւ ընդհարումներով բռնկած է:

Նախագահներ Աուն եւ Մաքրոն քննարկեցին նաեւ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ: Այս մասին Մաքրոն նշեց, որ Ֆրանսա կը փափաքի տեսնել նոր կառավարութիւնը` պետական հաստատութիւններու աշխատանքը վերականգնելու եւ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումները գործադրելու նպատակով, առանց սակայն միջամտելու լիբանանեան ներքին հարցերուն:

Մաքրոն շեշտեց, որ «Սետր»-ի որոշումներուն գործադրութիւնը կարեւոր է, որպէսզի Լիբանանի նկատմամբ միջազգային վստահութիւնը պահպանուի: Այս շրջագիծին մէջ Մաքրոն ընդգծեց, որ Ֆրանսա պիտի զօրակցի «Սետր»-ի որոշումներուն գործադրութեան, որովհետեւ Լիբանանի տնտեսութիւնը կարիքը ունի յառաջդիմութեան եւ զարթօնքի:

Ա. Կիտանեան. «Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Նախագահ Աունի Մասնակցութիւնը Շատ Դրական Էր»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կազմող զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան շեշտեց, որ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան վեհաժողովին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի մասնակցութիւնը շատ դրական էր, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Լիբանանը որդեգրուեցաւ իբրեւ այդ կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի կեդրոնը, ինչպէս նաեւ նախագահ Աուն ընտրուեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան փոխնախագահ:

Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ այդ վեհաժողովին մասնակցելով` Լիբանան վերահաստատեց իր երբեմնի փառքը, նկատի ունենալով, որ Միջին Արեւելքի մէջ Լիբանան եղած է մշակոյթի, արուեստի, նորարարութեան ու ստեղծագործական հիմնական կեդրոնը:

«Անշուշտ այս իրականութիւնը կը պարտինք հանրապետութեան նախագահի ջանքերուն եւ լիբանանցիներուն կողմէ անոր ցուցաբերուած զօրակցութեան` հակառակ լիբանանեան ներքին հարցերուն», շեշտեց ան:

Նախարար Կիտանեան նշեց նաեւ, որ նախագահներ Աունի եւ Մաքրոնի միջեւ հանդիպումը եղած է դրական:

Լիբանանեան Մամուլի Անդրադարձը Նախագահ Աունի Կողմէ Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Վեհաժողովին Մասնակցութեան

Լիբանանեան մամուլը իր կարգին անդրադարձաւ «Ապրինք միասին» կարգախօսին ներքեւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովին նախագահ Աունի մասնակցութեան:

«Նահար», «Տիար», «Ժումհուրիա», «Մուսթաքպալ», «Տէյլի Սթար» եւ «Լ՛Օրիան լը Ժուր» օրաթերթերը անդրադարձած են վեհաժողովին ընթացքին նախագահ Աունի արտասանած խօսքին, ինչպէս նաեւ` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան փոխնախագահ ընտրութեան:

«Նահար» օրաթերթը շեշտած է նախագահ Աունի այն յայտարարութիւնը, որ քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութիւնը խորացնելու կարիք կայ, եւ Լիբանան պատրաստ է իր այդ առաքելութիւնը կատարելու:

«Տիար» իր կարգին լուսարձակի տակ առած է նախագահ Աունի այն խօսքը, որ Լիբանան տագնապալի օրերէ ետք կրցած է շրջանցել ճահճացումը եւ ազգային համերաշխութիւնը վերածել իր կամքին:

«Ժումհուրիա» օրաթերթը մէջբերած է նախագահ Աունի այն խօսքը, որ Լիբանան քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու օրրան է, ինչպէս նաեւ` անոր պահանջը, որ ֆրանսախօս երկիրները զօրակցին Լիբանանը վերածելու երկխօսութեան եւ մերձեցումի միջազգային ակադեմիայի  կեդրոնին:

«Մուսթաքպալ» օրաթերթը կեդրոնացած է նախագահ Աունի արտայայտած այն մտքին, որ աշխարհը կարիքը ունի քաղաքակրթութիւններուն միջեւ երկխօսութիւն տարածելու միջազգային հաստատութիւններու հիմնումին, որուն լոյսին տակ ներկայացուցած է Լիբանանը  երկխօսութեան եւ մերձեցումի միջազգային ակադեմիայի կեդրոնի վերածելու նախաձեռնութիւնը:

Անկախ վերոնշեալ հիմնական երկու գաղափարներէն` լիբանանեան մամուլը կեդրոնացած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ նախագահ Աունի  ունեցած հանդիպումին` կեդրոնանալով Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւններուն վրայ:

«Նահար», «Տիար», «Ժումհուրիա», «Մուսթաքպալ», «Տէյլի Սթար» եւ «Լ՛Օրիան լը Ժուր» օրաթերթերը իրենց 11 եւ 12 հոկտեմբեր 2018-ի թիւերով անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի Առաջին տիկին Նատիա Շամի Աունի կատարած մշակութային շրջապտոյտին եւ հայկական աւանդներուն ծանօթութեան:

aztagdaily.com/archives/413174

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail