22 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայաստանի մէջ այս փուլին տեղի կ՛ունենան քաղաքական եւ տնտեսական համակարգի խոր փոխակերպում, կը ձեւաւորուի գործնական տնտեսական եւ քաղաքական օրակարգ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, Երեւանի մէջ մեկնարկած «Եւրասիական շաբաթ» միջազգային համաժողովի լիակատար նիստի ընթացքին ունեցած ելոյթի ժամանակ ըսած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը:
«Ակնյայտ է, որ ատոնք կը ձեւաւորուին նաեւ` հաշուի առնելով Եւրասիական տնտեսական միութեան ներուժը: Ես կը կարծեմ, որ այս համաժողովը լաւ հարթակ է համարկումի գործընթացի ընթացիկ արդիւնքները ամփոփելու համար` յատկապէս Միութեան խորհուրդի նախագահութիւնը Հայաստանին փոխանցելու նախաշեմին: Մենք արդէն սկսած ենք հարցերու քննարկումները, որոնք մտադիր ենք առաջարկել որպէս առաջնահերթութիւններ ԵԱՏՄ-ի մէջ Հայաստանի նախագահութեան ընթացքին»,- «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` շեշտած է Փաշինեան:
Ան աւելցուցած է, որ համաժողովի ընթացքին հնարաւորութիւն պիտի ըլլայ քննարկելու ԵԱՏՄ շուկայի մէջ առկայ խոչընդոտները, մշակելու գործոն քայլեր ատոնք վերացնելու ուղղութեամբ: «Վստահ եմ, որ «Եւրասիական շաբաթ»-ը կը դառնայ այն հարթակը, ուր կը կնքուին պայմանագիրներ, կը քննարկուին հնարաւոր համատեղ նախագիծեր եւ կը հաստատուին նոր գործարար կապեր: Ուրախալի է, որ համաժողովին այսօր կը մասնակցի աւելի քան 300 գործարար, որոնք պատրաստ են երկարաժամկէտ համագործակցութեան եւրասիական գործընկերներու հետ, ներդրումներու ներգրաւման, գործընկերութեան ու փոխգործակցութեան հաստատման: Այսքան գործարարներու ներկայութիւնը կ՛ապացուցէ համաժողովի նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւնը եւ յստակ որոշումներու ձեւաւորման կարեւորութիւնը»,- մանրամասնած է Փաշինեան:
ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատարը յատուկ ընդգծած է, որ Հայաստանը ցոյց կու տայ առեւտուրի աճի կայուն քայլեր եւ համագործակցութիւն Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու հետ: «Թիւերը կը խօսին այդ մասին: Հայաստանէն Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներ արտահանման ծաւալները 2018-ի Յունուար-Յուլիսին նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ աճած է 31.3 տոկոսով` կազմելով 351.9 միլիոն տոլար», ըսած է ան աւելցնելով, որ Հայաստան ԵԱՏՄ անդամ միակ երկիրն է, որ Իրանի հետ ցամաքային սահման ունի: Ընդհանուր սահմանի առկայութիւնը եւ Իրանի հետ ազատ առեւտուրի գօտու ձեւաւորումը լրացուցիչ խթան կը հանդիսանայ առեւտրական եւ տնտեսական կապերու զարգացման համար: «Մենք պատրաստ ենք դառնալու գործուն հարթակ ԵԱՏՕ-ի եւ Իրանի միջեւ յուսալի տնտեսական եւ առեւտրային յարաբերութիւններու հաստատման համար»,- ըսած է ան։
Yerakouyn.com/2018/10/22/