22 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԷՐԿԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ նշանակուած է ճարտարապետ, երգիչ, երգահան, Արթուր Մեսչեան:
Tert.am-ի հարցին, թէ անոր առաջարկուած է Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետի պաշտօնը, ան ըսած է. «Ինծի ոչ միայն առաջարկուած է, այլեւ ես վաղուընէ կ´անցնիմ աշխատանքի: Ինծի նշանակելու մասին հրամանը կը հրապարակուի վաղը»:
Արթուր Մեսչեան նախապէս այդ պաշտօնهնշանակուած էր 1996 թուականին. ան, բնակելով ԱՄՆ-ի մէջ, ՀՀ կառավարութենէն հրաւէր կը ստանայ զբաղեցնելու Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետի պաշտօնը: Վերադառնալով Հայաստան` կը սկսի իր գործունէութիւնը` որպէս գլխաւոր ճարտարապետ, սակայն 1997 թուականի փետրուարին կը հրաժարի իր պաշտօնէն եւ կը վերադառնայ Պոսթըն:
Արթուր Մեսչեան Մատենադարանի նոր մասնաշէնքի, Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնին մէջ բացուած Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի ճարտարապետն է:
2013-ի Օգոստոս 8-էն Երեւան քաղաքի գլխաւոր ճարտարապետն է Տիգրան Բարսեղեան:
yerakouyn.com/2018/10/22/