Մայրիներու երկիրը կարծէք նոյն երկիրը չէ երբ բաղդատենք այն երկրին որ մեզ հիւրընկալած էր․․․
Մայրիներու երկրի ժառանգները սերունդէ սերունդ փտած եւ քաղաքականացուած են եւ Հայ ազգի կատարած բազում նուաճումներուն, բազում յաղթանակներուն եւ բազում տնտեսական ու մարզական եւ մարդկային ունեցած ներդրումներուն եւ վերելքներուն ի շահ Երկրին այսօր կը պատասխանէն բացառապէս ապերախտութեամբ եւ անիրաւութեամբ․․․
Այսօր Հ․Մ․Ը․Մ․ կը քաշուի մրցաշարքէ վաղը ուրիշ միութիւն մը․․․
Մարզական գետնի վրայ չկայ ոչ մէկ մրցում որ կապուած չըլլայ յարանուանութեան հետ Քրիստոնեայ թէ Իսլամ անխտիր պիտի հայհոյէն Հայութեան, Ազգին եւ Հայրենիքին․․․
Քաղաքական գետնի վրայ որտեղ այսպէս կոչուած աւելի զարգացածներն են եւ ոչ փողոցային մակարդակի պատկերը կը մնայ նոյնը ամեն կառավարութիւն կազմելու ժամանակ պիտի պայքարինք մեր իրաւունքներու համար որովհետեւ մեզ կանտեսէն․․․
Հետեւաբար անտեսումը բոլոր մակարդակներու վրայ է թէ փողոցի թէ խորհրդարանի եւ թէ Կրօնական գետնի վրայ, մշակութային մարզական կրթական եւ բոլոր ոլորտները թիրախ են յարձակման․․․
Պէտք՞ է քաշուիլ մրցաշարքէն, այո՝ ի հարկէ ճիշտ քայլ էր այդ․
Պէտք է ընդհանրապէս քաշուիլ բոլոր ոլորտներէն եւ «պոյքոդել» անխտիր ամէն ինչ, բոլոր Հայկական կուսակցութիւնները եւ յարանուանութիւնները անխտիր պիտի քաշուին բոլոր մրցումներէ, պիտի քաշուին խորհրդարանէն, պիտի «պոյքոդեն» կառավարական նիստերը եւ ամեն ինչ անդամալուծեն ու երթան շատ աւելի հեռու, կազմակերպուած արտագաղթէն միայն եւ միայն մէկ հասցէով
Հասցէն։ Հայաստանի Հանրապետութիւն
Բարեւս տուի անցայ գնացի
Զարեհ Եահնիեան