Գերխնդիր է Հայաստանը Դիտարկել Ներդրողներու Համար Գրաւիչ Երկիր Դարձնելը․ Արմէն Սարգսեան

23 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018:

Աշխատանքային այցով Ժնեւ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ տիկին Նունէ Սարգսեան այցելած են «Ֆրանք Միւլլեր» ընկերութեան գլխամասային ձեռնարկութիւն եւ հանդիպած ընկերութեան նախագահ, զուիցերահայ յայտնի գործարար եւ բարերար Վարդան Սրմաքեշի հետ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի մամուլի վարչութիւնը, անոր ուղեկցութեամբ Հանրապետութեան նախագահը շրջած է «Ֆրանք Միւլլեր»-ի տարբեր մասնաբաժիններ, եղած ցուցահանդէսներու եւ ձեռնարկներու կեդրոն, ծանօթացած ընկերութեան զարգացման յաւակնոտ ծրագիրներուն:

Նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատած է Վարդան Սրմաքեշի ներդրումը Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման գործին, մասնաւորապէս` անոր կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրականացուող ծրագիրները:

Զուիցերահայ գործարարը իր հերթին ըսած է, որ ինք ու իր որդիները պատրաստ են տարբեր ծրագիրներու միջոցով ընդլայնելու իրենց մասնակցութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման:

Նշելով, որ արտասահմանեան այցերու ընթացքին իր պարտքը կը համարէ մշտապէս խօսիլ ու պատմել Հայաստանի մասին, նախագահ Սարգսեան գերխնդիր համարած է Հայաստանը ներդրողներու համար գրաւիչ երկիր դարձնելը: «Մենք պէտք է կարենանք կառուցել կայուն եւ կանխատեսելի երկիր, ուր հնարաւոր է երկարաժամկէտ ծրագիրներ ծրագրել ու յաջողութեամբ իրագործել»,-ընդգծած է Հանրապետութեան նախագահը: Ան նաեւ կարեւոր համարած է սփիւռքի երիտասարդ սերունդի աշխոյժ կապը հայրենիքի հետ, անոր ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի զարգացման ծրագիրներուն:

yerakouyn.com/2018/10/23/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail