25 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Զուիցերիոյ հանրային պատկերասփիւռի ընկերութիւնը («Ռ.Թէ.Էս.») հատուածներ հրապարակած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ հարցազրոյցէն: Այս մասին կը յայտնէ «Արմէնփրես»-ը:
11 նոյեմբերի արարողութիւններուն ընդառաջ, երբ բազմաթիւ երկիրներու մէջ պիտի նշուի Առաջին Համաշխարհային պատերազմի աւարտին 100-ամեակը, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ այդ իրադարձութիւնը առիթ պիտի հանդիսանայ «ճանչնալու» կամ «յիշելու 1915-1916 թուականներուն հայերուն ենթարկուած Ցեղասպանութիւնը»: «Ես չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՛ս կարելի է խօսիլ Համաշխարհային Ա. պատերազմին մասին` առանց անդրադառնալու այն ողբերգութեան, որ տեղի ունեցած է շուրջ 105 տարի առաջ եւ առանց խօսելու Ցեղասպանութեան մասին: Երկիրներու ղեկավարներու կողմէ ճանաչումը կամ կոչը բարձր պիտի գնահատուի իմ կողմէս, Հայաստանի եւ ամբողջ հայ ժողովուրդին կողմէ», «Ռ.Թէ.Էս.»-ին ըսած է Արմէն Սարգսեան:
«Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պարզապէս ողբերգութեան մը ճանաչում չէ, որ կը վերաբերի մէկ ժողովուրդի: Նախ եւ առաջ անիկա 20-րդ դարու առաջին, ամէնէն մեծ ցեղասպանութիւնն է: Քանի որ ան չկանխուեցաւ, ճանաչում ու դատապարտում չունեցաւ, հետագային եւս 20-րդ դարուն ցեղասպանութիւնները կրկնուեցան», շարունակած է նախագահը:
Ուղերձ` Էրտողանին. «Ներումը Կու Գայ Ճանաչումէն Ետք»
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանին իր ուղերձին վերաբերեալ հարցումին ի պատասխան` Արմէն Սարգսեան ըսած է, թէ պատրաստ է երկխօսութեան եւ յղում ըրած է իր քրիստոնէական համոզումներուն: Ան չէ բացառած, որ օր մը ներում պիտի ըլլայ, սակայն «ներումը կու գայ ճանաչումէն ետք»: Անոր համոզումով` այդ ճանաչումը պատմական աւելի լայն ընդգրկում պիտի ունենայ, քանի որ Հայոց ցեղասպանութիւնը «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր»:
«Ես նախ եւ առաջ կ՛ըսէի Էրտողանին. «Բարի լոյս, պարո՛ն նախագահ: Կը կարծեմ` մենք միասին քննարկելու հարց ունինք: Դուն Թուրքիոյ նախագահն ես, իսկ ես` Հայաստանի: Իմ ընտանիքս, իմ նախնիներս Էրզրումէն, Վանէն ու Պիթլիսէն են: Իմ հին ընտանիքս պատմութիւն ունի: Ինչո՞ւ չխօսինք Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններուն մասին, ինչո՞ւ չխօսինք մեր անձնական պատմութիւններուն մասին: Մենք պէտք է խօսինք ո՛չ միայն պատմութեան, այլ նաեւ ապագայի մասին` քու եւ իմ երեխաներուն, թոռներուն ապագային, մեր երկու ժողովուրդներուն մասին»: Ես քրիստոնեայ եմ: Քրիստոնէութիւնը կը սորվեցնէ, որ միշտ կայ ներելու առիթ, սակայն ներողամտութիւնը կրնայ յաջորդել միայն ճանաչումին», ըսած է նախագահ Սարգսեան:
«Մէկ Տարի Ետք Փարիզի Մէջ Մեծ Համերգ` Նուիրուած Ազնաւուրին»
Հայաստանի նախագահը յայտնած է, որ պայմանաւորուած է Էմմանուէլ Մաքրոնին հետ կազմակերպել բարեսիրական մեծ համերգ` Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին` հոկտեմբեր 2019-ին: «Բազմաթիւ երգիչներ եւ դերասաններ պիտի մասնակցին», կ՛ըսէ ան` յիշելով, որ Էմմանուէլ եւ Պրիճիթ Մաքրոններու հետ Երեւանի մէջ Ազնաւուր երգած են: «Ես եւ Էմմանուէլ Մաքրոնը մեր տիկիններուն հետ այցելեցինք Շարլ Ազնաւուրի թանգարան եւ կեցավայր: Ես առաջարկեցի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնին մէկ տարուան ընթացքին կազմակերպել բարեսիրական մեծ համերգ Փարիզի մէջ` ի յիշատակ Շարլ Ազնաւուրին: Յոյսով եմ, որ այդ համերգը պիտի ըլլայ հոկտեմբեր 2019-ին: Անիկա պէտք է ըլլայ բարեսիրական, որուն պիտի հրաւիրուին աշխարհահռչակ դերասաններ, երգիչներ: Ես խօսած եմ խումբ մը ընկերներուս հետ, որոնք ըսած են, որ իրենց համար մեծ պատիւ պիտի ըլլայ իրենց արուեստը ներկայացնել այդ համերգին»:
Հայաստանի նախագահը «Ռ.Թէ.Էս.»-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին խօսած է նաեւ Հայաստանի ճկունութեան մասին: «Մեր երկիրը երիտասարդ է, ան կը գտնուի Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ», ըսած է ան:
aztagdaily.com/archives/413695