25 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
Արցախի հարցով բանակցութիւնները կը նմանին տնավարի խօսակցութիւններու: Լրատուամիջոցներուն նիւթ կը մատակարարեն: Նոյն բառերը, նոյն խօսքերը: Հարցի էականութիւնը չմիջազգայնացուեցաւ: Պատմութեան գնացքին մէջ ճամբու կէսին մտած են Մինսքի խումբի նախագահները եւ կը կարծեն, որ իրենցմով կը սկսի պատմութիւնը: Այդպէս է նաեւ Ազրպէյճանի տրամաբանութիւնը:
Քաղաքականութիւն եւ բանակցութիւն` կը նմանին դատարկ ջաղացքի չախչախին, ո՛չ ցորեն կրնան աղալ, ո՛չ ալ ալիւր արտադրել, եթէ տեւաբար չվերադառնան պատմութեան, ճշմարտութեան եւ իրաւունքին: Արցախի հակամարտութիւնը արհեստական է, որ կը հետամտի բռնութեամբ խոստովանուած-չխոստովանուած շահակցութիւններ բաւարարելու, կրկին ժողովուրդ մը իրաւազրկելու` ժխտելով պատմութիւնը:
Պատմութիւնը առասպել չէ: Քաղաքականութեան իրաւութեան ենթահողն է:
Այսօր ազերի կոչուած մարդոց նախնիները ե՞րբ հասած են աշխարհի այս շրջանը, որ հայերով բնակուած էր, տէր ունեցող աշխարհ, ուր անոնք ստեղծած էին մշակոյթ, շինած էին եկեղեցիներ, վանքեր, կամուրջներ, դպրոցներ:
Եկուորները ներխուժողներ էին, օտար էին:
Պատմութեան եւ քաղաքականութեան զարտուղութիւնները ուզած էին եւ կ’ուզեն իրաւունք դարձնել: Արցախի, այսպէս կոչուած, հակամարտութիւնը լուծել փորձելէ առաջ պատմութիւն հասկնալու ճիգ պէտք է ընեն:
Առաջարկուեցա՞ւ, փորձ եղա՞ւ քննչական-հետախուզական մասնագիտական արշաւ մը կազմակերպել պատմութեան եւ Արցախ աշխարհի մէջ. ո՞ր ժողովուրդը բնակած է հոն, ի՞նչ կ’ըսեն պատմութեան արձանագրութիւնները, ի՞նչ կ’ըսեն քարեղէն վկայութիւնները: Ճշդուա՞ծ է, թէ ո՛վ եղած է այդ աշխարհի բնիկը, եւ ո՛վ եղած է ներխուժողը, եկուորը, որ իրաւազրկած է բնիկը եւ այսօր կ’ուզէ այդ իրաւազրկումին հագցնել օրինականութեան շապիկ:
Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի շէնքին մէջ հանդիպիլ Մինսքի խումբի համանախագահներուն` ապահովաբար մէկ քայլ առաջ չի կրնար տանիլ բանակցութիւնները, անոր համար, որ բանակցութիւններու առարկան որոշ չէ, աւելի ճիշդ` կեղծիք է: Պատմութիւնը չի կրկնուիր, բայց իրադարձութեանց միջեւ կ’ըլլան հանգունակութիւններ: Ազրպէյճանը իր պաշտպանին` Թուրքիոյ օրինակին կը հետեւի, անոր որ գրաւած է ուրիշ քաղաքակրթութեան մը եւ ուրիշ ժողովուրդներու հայրենիքները: Այսօր, պատմութեան դիմաց կանգնելով, քաղաքակիրթ աշխարհը ի՞նչ կրնայ ըսել թրքացուած Սուրբ Սոֆիա քրիստոնէական տաճարի մասին, զոր գրաւող սուլթանը վերածեց մզկիթի, ապա ան դաձաւ թանգարան, հիմա կրկին Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ առաջարկներ կը լսուին այդ քրիստոնէական տաճարը մզկիթի վերածելու: Եւ քաղաքակիրթ կոչուած աշխարհը հանդիսատես է:
Կատարուած իրողութիւնը ո՛չ ճշմարտութիւն է եւ ո՛չ ալ իրաւունք:
Քանի որ «երէց եղբայր» Թուրքիան յաջողած է բռնագրաւել եւ իւրացնել, ինչո՞ւ նոյնը պիտի չընէ Ազրպէյճանը: Մի՞թէ օրին թափանցիկ չէր Թուրքիոյ ցանկութիւնը` մաս կազմելու հաշտարար Մինսքի խումբի համանախագահներուն, յափշտակողի եւ իւրացնողի քաղաքականութիւնը կրկնելու համար:
Թուրք-ազերիները գիտեն, թէ ի՛նչ կ’ուզեն: Պատմական փորձով գիտեն, որ միջազգային համայնքը չանհանգստանալու համար կը նահանջէ, նահանջ, որուն անունը պատմութեան մէջ «Միւնիխ երթալ» է, երբ Բ. Աշխարհամարտի նախօրեակին դաշնակիցները տեղի տուին եւ հանդուրժեցին հիթլերական բռնագրաւումները` առանց կարենալ փրկելու խաղաղութիւնը: Ի՞նչ է հաշուեկշիռը Մինսքի խումբի համանախագահներու երեք տասնամեակներու «մագոգ»-ի քաղաքականութեան, երթեւեկին: Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի քաղաքական-դիւանագիտական «տուրիզմ»-ը:
Հարկ է նաեւ խօսիլ մեր «մսկոտութեան» մասին:
Ինչո՞ւ չյաջողեցանք եւ չենք ուզեր միջազգայնացնել Սումկայիթի նախճիրը, որ բնիկ ժողովուրդի մը դէմ գործուած ցեղասպանութիւն էր: Ո՞վ կրնայ արգիլել, որ այդ նախճիրը ներկայացուի միջազգային արդարադատութեան ատեանի մը: Ինչո՞ւ Ազրպէյճանի ղեկավարները եւ Մինսքի խումբի համանախահները կը խօսին թուրք-ազերի գաղթականներու մասին, եւ լուռ կը մնան Պաքուի երեք հարիւր հազար հայ գաղթականներու մասին, մարդիկ, որոնց ինչքը կողոպտուած եւ բռնագրաւուած է իշխանութիւններու մեղսակցութեամբ:
Համանախագահներ եւ հակամարտութեան մասին խօսող երկիրներ վստահաբար գիտեն, որ բանակցութիւնները ամլութեան կը դատապարտեն, դատապարտած են` մոռնալով պատմութիւն, ճշմարտութիւն եւ իրաւունք: Հայաստան, Արցախ եւ հեռուէն մօտէն հարցը արծարծող սփիւռքը քաղաքական կոչուած «թարանթելլա»-ին պէտք է վերջ տան եւ հրապարակ գան միջազգային իրաւունքի եւ ամէնուրեք ջատագովուող բարոյականութեան խօսքով:
«Իրաւարար»-ները անկեղծիք կերպով ըսի՞ն, որ Արցախը հայու հող եւ հայրենիք չէ:
Մեր քաղաքագէտները եւ «բարեկամ»-ները հարցը ինչո՞ւ այս յստակութեամբ եւ պարզութեամբ չեն ներկայացներ:
Ինչ որ կը կոչեն «Արցախի հակամարտութիւն», եթէ այլազան հաշիւներով ձգձգուող բաց վէրք չէ, բժիշկները կը խօսին abces de fixationի մասին, լուծման համար այլընտրանք չունի. պատմական ճշմարտութիւնը եւ մշակութային անժխտելի ներկայութիւնը պիտի ըլլան դատաւոր, ո՛չ կազի եւ նաւթի խողովակները:
Բայց այս նախ մենք պէտք է ըսենք` առանց ներգրաւուելու այլապէս շահախնդրուածներու խաղին մէջ, որոնք դեռ երեսուն տարի ալ պիտի շարունակեն իրենց մէկ մեխին մէկ պայտին խփելու խաղը եւ քաղաքական «տուրիզմ»-ը:
Եւ Ազրպէյճանի «մեծ եղբայր Թուրքիան» պիտի շարունակէ իր ժողովուրդներ իրաւազրկող ծաւալապաշտի խաղը` մրցակցութիւններու անձնատուր միջազգային կամաւոր կուրութեան դիմաց:
Մեր «բարեկամ»-ներէն պիտի կարենա՞նք պահանջել, որ վերջ տան իրենց ճապկումներու խաղին: Նաեւ նախ մենք դադրինք այդ խաղին մէջ մնալէ:
Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները կրկին իրարու պիտի հանդիպին: Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ի՛նչ պիտի ըսեն իրարու, որ մինչեւ այսօր իրարու ըսած չըլլան:
27 սեպտեմբեր 2018, Երեւան
aztagdaily.com/archives/413641