
23 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
Կիրակի, 21 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Երեւանի հիմնադրութեան 2800ամեակի նշումը՝ այլազան ձեւի նախաձեռնութիւններով: Այս առիթով Երեւանի քաղաքապետը եւ երկրին քաղաքական ղեկավարութիւնը յղեցին իրենց շնորհաւորական ուղերձները:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորեց Երեւանի 2800ամեակը:
Նախագահը իր շնորհաւորանքին մէջ նշեց. «Շնորհաւոր 2800ամեայ յոբելեանդ, սիրելի՛ Երեւան:
Շնորհաւոր բոլորիս տօնը, սիրելի՛ երեւանցիներ, սիրելի՛ հայրենակիցներ՝ Հայաստանի, Արցախի եւ արտերկրի մէջ:
Երեւանը կը սիրենք անկախ մեր ծննդեան վայրէն, անկախ մեր ապրելու վայրէն:
Երեւանը մեր մէջ է, ինչ որ մեզ կը յուզէ ու կը ջերմացնէ:
Երեւանը մեր ներկան է՝ երէկուան յիշողութեամբ ու վաղուան վստահութեամբ:
Երեւանը յաւերժական պատմութիւն է ու յաւերժական երիտասարդութիւն:
Սրտցաւ ըլլանք մեր անցեալի ժառանգութեան եւ հոգատար՝ մեր ապագային հանդէպ:
Հաւատարիմ մնանք Երեւանին:
Ծնունդդ շնորհաւոր, Երեւա՛ն, իմ սէ՛ր»:
Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան, իր կարգին, շնորհաւորական ուղերձ յղեց Էրեբունի-Երեւանի հիմնադրման 2800ամեակին առիթով: Ուղերձին մէջ կը նշուի հետեւեալը.
«Սիրելի՛ երեւանցիներ, կը շնորհաւորեմ ձեզ Երեւանի հիմնադրման 2800ամեակին առիթով: Այս ո՛չ միայն Երեւանի բնակիչներուն, այլ նաեւ տօնն է բոլոր այն մարդոց, որոնք կը սիրեն Երեւանը եւ զայն կը նկատեն իրենց հարազատ վայրը: Չէ որ Երեւանը ամբողջ հայութեան մայրաքաղաքն է: Կը փափաքիմ, որ մեր Երեւանը, հակառակ իր պատկառելի տարիքին, ըլլայ միշտ երիտասարդ եւ ուժերով լի քաղաք: Այս օրերուն շնորհաւորանքներ կը ստանամ աշխարհի բազմաթիւ անկիւններէ. կը շնորհաւորեմ ձեզ, սիրելի՛ երեւանցիներ: Կ՛ուզեմ յատկանշել, որ այսօր կանուխ առաւօտեան կը սկսին մեր տօնական միջոցառումները, Երեւանի տարբեր հատուածներու մէջ, պիտի իրագործուին զանազան հանդիսութիւններ, նորաձեւութեան ցուցադրութիւն, թեմատիկ բեմեր, հեծանուավազք, որուն մեկնարկին պիտի մասնակցիմ նաեւ ես: Ամբողջ օրը պիտի շրջիմ մայրաքաղաքին մէջ, պիտի հանդիպիմ ձեզի, պիտի շնորհաւորենք միմեանց ու միասին պիտի տօնենք մեր քաղաքի յոբելեանը: Համոզուած եմ, որ շատ յիշարժան ու յագեցած օր պիտի անցընենք: Երեկոյեան ժամը 7։30ին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ գլխաւոր ձեռնարկը՝ տօնական կալա համերգը, որ, յոյսով եմ, դրական լիցքեր ու հաճելի ակնթարթներ կը պարգեւէ ձեզի: Տօնական երեկոն յագեցած պիտի ըլլայ օրուան խորհուրդով ընտրուած երեւանեան երաժշտութեամբ, նաեւ պատմական անդրադարձով, Երեւանի կենսագրութիւնը եւ մեր օրերու մայրաքաղաքը ներկայացնող բեմականացումներով, իսկ աւարտին՝ հրավառութիւն:
Անգամ մը եւս սրտանց կը շնորհաւորեմ, սիրելի՛ երեւանցիներ, կը սիրեմ ձեզ, բոլորիս՝ բարձր տրամադրութիւն»։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան եւս շնորհաւորեց Երեւանի տօնը: «Շնորհաւոր տօնդ, Երեւա՛ն: Կը սիրեմ քեզ», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Փաշինեան եւ տեղադրած տեսահոլովակ մը, որուն մէջ խորհրդարանի ներկայիս գործող կազմի ընտրութիւններուն մասնակցած «Ելք» դաշինքի անդամները կը կատարեն «Երեւան-Էրեբուն»ի երգը:
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան նոյնպէս շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց Երեւանի հիմնադրման 2800րդ տարեդարձին առիթով:
horizonweekly.ca





