
25 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ԿԻԶԱԿԷՏ:
Այն իրողութիւնը, որ հայրենի ժողովուրդը, իր ստուար շարքերով, ի՛նք հեղինակեց թաւշեայ յեղափոխութիւնը, դեռ անմարսելի կը մնայ անոնց համար, որոնք հատուածական տրամադրութիւններով յղփացած՝ կը մերժեն ընդունիլ անգա՛մ ամէնէն բացայայտ իրողութիւնները, եթէ անոնք պատահաբար հակադրուած ըլլան տուեալ հատուածին նեղ շահերուն:
Վերոյիշեալները ժողովրդային շարժման առաջին օրերէն իսկ ուզեցին ծուռ հայելիներով արտացոլացնել հանրային ընդվզման ահագնացող ալիքը: Սկիզբը ահազանգներ հնչեցուցին ատրպէյճանական հաւանական ներթափանցման մասին, ապա երբ յօդս ցնդեցաւ այդ տեսութիւնը, արեւմտեան մութ ուժերու դաւադիր ներգործութիւնը սկսան թմբկահարելու: Իսկ երբ այդ մէկն ալ պարարտ հող չգտաւ, ցուցամատերը ուղղուեցան դէպի հիւսիսի վաղեմի հոգաբարձութեան, բայց «քաղաքական վերլուծումներու» այս խուճապահար հոլովոյթը արդէն կոտրած կողմնացոյցի մը տպաւորութիւնը սկսաւ թողելու:
Այսպէս, երբ ժամանակի ընթացքին, արտաքին հովանաւորութիւններու հետ կապուած վերագրումներու անհեթեթութիւնը պարզուեցաւ, կարկինը սկսաւ աստիճանաբար նեղնալու եւ կեդրոնանալու ներհայկական ոլորտին վրայ, ուր այս անգամ բարձրացան ձայներ՝ ըսելու համար, թէ յեղափոխութիւնը հայ ժողովուրդի միայն սահմանափակ խաւի մը կամարտայայտութիւնն է…: Հուսկ եկաւ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւնները եւ ջրեցին նաեւ այդ վարկածը:
Հիմա արդէն հայ քաղաքական կեանքը թեւակոխած է այն որոշիչ հանգրուանը, ուր ո՛չ կարելի է պահուըտիլ արտաքին գործօններու ետին, ոչ ալ հերքել ժողովրդային մեծամասնութեան յստակ կողմնորոշումը: Միաժամանակ հանգրուան մը, ուր ժողովուրդի կոչին տակաւ խուլ մնացողները պիտի արժանանան անոր համապատասխան պոռթկումին: Ցաւօք, անոնցմէ ոմանք այդ պոռթկումը պիտի ծառայեցնեն իրենց միջավայրին մէջ զոհի հոգեբանութեան աճեցման, եւ աւելիով պիտի լարեն իրենք զիրենք հանրութեան ու անոր քաղաքական ընտրանքին դէմ: Ահաւասիկ այն կործանարար մարտավարութիւնը, որ ինքնաչէզոքացման պիտի մատնէ զայն որդեգրողներու շրջանակը:
Արդ, յեղափոխութեան «իւֆորիք» օրերէն առաւել քան հինգ ամիսներ ետք, երբ հասարակութեան կամքը փաստօրէն կը մնայ միանշանակ, տակաւին չանսալ անոր ձայնին, ծառանալ անոր դէմ՝ պիտի նշանակէ առաւե՛լ խզուիլ անկէ, առաւե՛լ թշնամանալ անոր հետ: Մինչ կը գտնուինք Հայաստանի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու սեմին, ուր պիտի ձեւաւորուի նոր Հայաստանի քաղաքական պատուանդանը, պահու լրջութիւնը կը թելադրէ տեղի չտալ նման աղէտաբեր սխալներու առաջ եւ ի գին բոլոր տեսակի զոհողութիւններու՝ ամրօրէն դիրքորոշուիլ պատմութեան ճիշդ կողմը:
asbarez.com/arm/328659/





