Պոլթըն. «Պատրաստ Ենք Աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման»

26 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Երէկ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին նախագահ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն զեկուցած է, որ հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին հետ, նաեւ` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատարին, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարին ու ազգային անվտանգութեան քարտուղարին հետ:

«Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած ենք շուրջ մէկ ժամ քսան վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպում, որուն ընթացքին նշեցի, որ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու համար առաջնահերթ կարեւորութեան խնդիր է, անոնք մեզի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունին: Մենք պատրաստ ենք մեր աջակցութիւնը բերելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, ինչպէս նաեւ կարելի այլ եղանակներով, որովհետեւ այդ լուծումը կը բխի ո՛չ միայն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի շահերէն, այլ նաեւ Միացեալ Նահանգներու», ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը:

«Խնդրին լուծումը բարդ է: Եթէ անիկա դիւրին ըլլար, արդէն վաղուց լուծուած կ՛ըլլար: Ես իմ այցելութեամբ չեմ եկած ազդարարելու ամերիկեան քաղաքականութեան փոփոխութիւն, կամ նոր լուծումներ առաջարկելու այս հարցով: Կողմերը պէտք է աշխատին իրարու հետ եւ ի վերջոյ անոնք պէտք է կարենան գտնել լուծումը», «Արմէնփրես»-ին համաձայն, ըսած է Պոլթըն:

Պոլթըն կը կարծէ, թէ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն գործող վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի յաղթանակը լաւ առիթ պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելու համար:

«Եթէ նման պատրաստակամութիւն ըլլայ, մենք պէտք է աշխատինք, որ Ազրպէյճանի կողմէ եւս նոյն ձեւով ըլլայ արձագանգը», նշած է ան:

aztagdaily.com/archives/413919

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail